ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա
Կեդրոնականցիին հետ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍի գացինք: Տաղաւար մըն ալ կար հայերէն գիրքերու: Հանրային պարտէզի մը մէջ ման գալու պէս եկած էին երէցներ եւ երիտասարդներ:
Արմենակ ուշադրութիւնս հրաւիրեց նախարարի պէս պճնուած երկու անձնաւորութիւններու վրայ եւ անոնց ընկերակցող, Արմենակի բառերով, երեւելիութիւն փնտռողներու: Ինք բոլորն ալ կը ճանչնար, անունով եւ մականունով:
Մօտեցանք: Դիտեցինք: Ականջ տուինք:
– Տե՛ս,- ըսաւ Արմենակ,- գիրքերը բացող չկայ, կը նային կողքին, ետեւ առջեւ կ՛ընեն, իրարու բաներ մը կ՛ըսեն, հաւնած ըլլալու գլխու շարժումներ կ՛ընեն: Անոնցմէ շատերը կը ճանչնամ, ո՛չ հայերէն գիրք կը կարդան, ո՛չ հայերէն թերթ: Թերթին էջերը կը դարձնեն տեսնելու համար, որ իրենց պատկերը եւ անունը տեղ մը կա՞ն:
– Ինչո՞ւ յոռետես ես: Գէթ ասոնք եկած են քաջալերելու համար: Ուրիշներ այդ անգամ չեն ըներ,- ըսի ես:
– Դուն կա՛մ բարեմիտ ես, կա՛մ իրականութիւնը չես տեսներ: Կը տեսնե՞ս այդ մէկը: Բեմի եւ պատկերի խենթ է: Հայերէն կարդալ-գրել չի գիտեր, բայց կը սիրէ բեմ ելլել եւ լատինական տառերով գրուած հայերէն ճառ կարդալ: Բայց հայերէն խօսողները եւ գրողները կը համարէ ժամանակավրէպ:
Մօտեցած էինք սեղանին: Քանի մը հոգի հայութեան մասին գրուած գիրքերու էջերը կը դարձնէին:
Անձնաւորութիւններէն մէկը գիրքերէն մէկուն կողքին նայեցաւ եւ շուրջիններուն ըսաւ.
– Այս գիրքերէն քանի մը հատ առնենք եւ մեր շրջանի երեսփոխանին եւ քաղաքապետին նուիրենք: Մենք արդէն գիտենք` ի՛նչ կայ մէջը: Իրենք ալ թող գիտնան:
Կեդրոնականցին ինծի դարձաւ եւ ըսաւ.
– Ի՜նչ անհամեստութիւն: Բան մըն ալ չի գիտեր: Գիրքը պիտի տայ, որպէսզի քաղաքապետը եւ միւսները գիտնան, թէ ինք հայութիւնը կրնայ ներկայացնել, եւ եթէ քաղաքապետական ընտրութիւն ըլլայ, իրեն ալ տեղ տան:
Եւ հայերէն գիրքերը մնացին սեղանին վրայ` որբ:
– Հայերէն գիրքերը եւ հայութեան մասին գիրքերը ծաղիկ ըլլային` քանի մը օր ծաղկամանի մէջ կը դնէինք,- ըսաւ Կեդրոնականցին:
Ես ալ եզրակացնելու համար ըսի.
– Փոխանակ ըսելու` մշակոյթ ունինք, պէտք է ըսենք` ունէինք: Այդ յիշատակն է այսօրուան մեր հպարտութիւնը, գիրքերու կողքին պէս: Մենք ալ` կողքի պէս:
6 դեկտեմբեր 2017