Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հայերը Եւ Թուրքերը» Գիրքը Արժանացած Է Մրցանակի Եւ Դրամական Պարգեւի

October 28, 2014
in Մշակութային
0
«Հայերը Եւ Թուրքերը» Գիրքը Արժանացած Է Մրցանակի Եւ Դրամական Պարգեւի

Հայրենի լրագրող, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը» գիրքը արժանացած է գրական մրցանակի եւ դրամական պարգեւի: 27 հոկտեմբերին Երեւանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ բազմաթիւ ներկաներու առջեւ ելոյթ ունենալով «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան ըսած է, որ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակի երեք մրցանակակիրներէն մէկը Թաթուլ Յակոբեանը եւ անոր «Հայերը եւ թուրքերը» հատորն է: Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1966-էն ի վեր երկու տարին անգամ մը:

Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի կողմէ մրցանակը եւ Հայկաշէն Ուզունեանի դստեր` Թալին Ուզունեան-Աւագեանի ձեռամբ 2000 տոլար դրամական պարգեւը ստանալէ ետք Թաթուլ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է եւ ըսած, որ ուրախ է ստանալու մրցանակ մը, որուն ժամանակին արժանացած են արեւմտահայ եւ արեւելահայ նշանաւոր գրողներ Մուշեղ Իշխանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Կարպիս Սուրէնեանը, Ռոպեր Հատտեճեանը, Լեւոն Հախվերդեանը եւ ուրիշներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ «Հայկաշէն Ուզունեան» 2014 թուականի երեք մրցանակներուն համար ներկայացուած է աւելի քան 60 աշխատութիւն, որոնցմէ երեք ամէնէն արժանիները ստացած են մրցանակներ: Նախարարը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցի նախաշեմին կարեւոր նկատած է «Հայերը եւ թուրքերը» հատորին  արժեւորումը: «Հայերը եւ թուրքերը» գիրքէն բացի մրցանակներու արժանացան թարգմանիչ Արամ Թոփչեանի «Համլեդ»-ը եւ պատմաբան Սուրէն Սարգսեանի «Արմենիա» պարբերականը ազատագրական ակունքերում» հատորները:

 

Previous Post

Հարցազրոյց Պոլսոյ «Ակօս» Թերթի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի Հետ

Next Post

ՀԲԸՄ-ի Նիկոսիոյ Մասնաճիւղի 100-ամեակ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.