Forbes Club-ի քննարկման ընթացքին ձեռնարկատէր Ռուբէն Վարդանեան անդրադարձած է շարք մը հարցերու` սկսած հայկական մշակոյթէն եւ ընտանեկան փողերը ժառանգելէն, մինչեւ Ռուսիոյ ֆոնտային շուկայի մէջ իրավիճակի կանխատեսումէն:
Ռուբէն Վարդանեան պատմած է, թէ ինչպէս անգամ մը կնոջ եւ այն ժամանակ 13-ամեայ որդիին հետ քննարկած է, թէ ինչպէս աւելի լաւ տնօրինել իրենց փողերը:
«Մենք կ՛ուզէինք գումարներ տրամադրել բաւական լուրջ նախագիծերու, որոնց շարքին` աշխարհը աւելի լաւ դարձնել, որ մեր երեխաները լաւ ապրին: Ան երկար-երկար լսեց եւ ըսաւ. «Հայրի՛կ, ես խնդրանք մը ունիմ. պարտքեր մի ձգեր, կը խնդրեմ»,- պատմած է Վարդանեան:
«Հայերը հաւանաբար առաջիններէն են՝ սորված են ապրիլ անորոշութեան պայմաններու մէջ եւ յարմարիլ, վերայարմարիլ այն փոփոխութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան իրենց շուրջ: Սա շատ կարեւոր որակ է ձեռնարկատիրութեան համար, որովհետեւ մէկ կողմէն դուն պէտք է կարենաս հասկնալ շուրջդ տեղի ունեցողը, միւս կողմէն` պէտք է օժտուած ըլլաս մեծ աշխատասիրութեամբ` յաջողութեան հասնելու համար»,- ըսած է ան:
Վարդանեան հայկական ընտանիքներու կենցաղին մէջ կարեւոր համարած է նաեւ կրթութիւնը: