Հալէպի փողոցներուն մէջ կը վխտան «Ժողովրդային կոմիտէները», ասոնք այն քաղաքացիներն են, որոնք կամովին զէնք վերցուցած, բանակի կողքին վճարովի կը պաշտպանեն երկրի իշխանութիւնը, անոնց վստահուած է մասնաւորապէս քաղաքամիջի անցարգելներուն մեծ մասը: Քաղաքին մէջ իր զգօնութեամբ, ազնուութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ յայտնի է հայկական «Վիլլաներ» թաղամասի վերջաւորութեան, ընդիմադիրներու սահմանագիծէն ոչ շատ հեռու հաստատուած «Հայոց անցարգելը»:
Ընդդիմադիրները այս զինեալները կ’անուանեն «Շէպպիհ», որ կը նշանակէ ուրուական: Աւելի ուշ այդ անուանումը կ’որդեգրեն նաեւ իշխանութեան կողմնակիցները, երբ կը նկատեն անոնց կարգ մը անազնիւ արարքները՝ գոռոզութիւն, արբեցողութիւն, կաշառակերութիւն, կողոպուտ, բանտարկուելու գնով ռազմադաշտ երթալէ հրաժարում… եւ ժողովուրդին մօտ քիչ-քիչ բոյն կը դնէ այն համոզումը, թէ ուրուականները միայն ու միայն դրամի համար զէնք բռնած են.. Պէտք է ըսեմ որ հաւատացած էի տասնեօթ տարեկան «շէպպիհ»-ի մը անկեղծութեան երբ պնդած էր որ ինք դրամի համար զէնք չէ վերցուցած…
Մատի վրայ կը համրուին նաեւ հայ ուրուական-շէպպիհներ… Խօսքը մեր թաղերը պաշտպանող թիւով քիչ բայց անձնուէր հայ տղոց մասին չէ:
Մենք սակայն՝ ամբողջ սուրիահայութիւնը ընդդիմադիր զինեալներուն համար կը սեպուինք «Շէպպիհէթ Նիզամ», այսինքն իշխանութեան ուրուականներ…
– Այդ ի՞նչ ձաբռտուք է,- պիտի բարկանան մերոնք եւ պիտի աւելցնեն.- Բոլորը գիտեն որ մենք դրական չէզոքութիւն կը պահպանենք…
Բոլորը գիտե՞ն… Այդ բոլորը միայն մենք ենք, խեղճուկրակ հայերս, որ դեռ կը յաւակնինք կարծել թէ պիտի գայ ժամանակ երբ կռուող կողմերը մեզի պիտի դիմեն, որպէսզի մենք հաշտարարի դեր ստանձնենք:
Կրնայ ըլլալ, ԵԹԷ հոս հայ մնացած ըլլայ հաշտութեան ժամանակ…
Ինչո՞ւ բոլոր քրիստոնեաներէն, որպէս հաւաքականութիւն, հայերը միայն կը բնութագրուին իշխանութեան ուրուականներ…
Որովհետեւ միւս բոլորին մէջ ընդդիմադիր կազմակերպութիւններ կան, իսկ մեր մէջ գտնուելիք քանի մը անհատ ընդդիմադիրները նախ եւ առաջ մե՛նք կը վանենք… :
Իսկ ի՞նչ կ’ըլլար ԵԹԷ փոքր ընդդիմադիր կազմակերպութիւն մը ունենայինք, արտօնէինք որ իշխանութենէն դժգոհ մարդիկ քով-քովի գային եւ, թէկուզ սակաւաթիւ, հայ ընդդիմադիրներու կազմակերպութիւն մը ունենայինք… ի՞նչ կ’ըլլար, հաւանաբար «Իթթիլաֆ» կառճ անունով յայտնի ընդդիմադիր դաշինքին մէջ ներկայացուցիչ ալ ունենայինք, կամ անոր մաս կազմող անհատ անձնաւորութիւն մը, ինչպէս օրինակ ասորիները, եւ այս երեւոյթը իշխանութեան մօտ ալ չէր կրնար դաւաճանութիւն պիտակուիլ, որովհետեւ մեր պաշտօնական ղեկավարութիւնը կը մնար իր հետ…
ԵԹԷ այդպէս ըրած ըլլայինք հիմա ազգովին պիտի չսարսափէինք ընդդիմադիրներէն, գոնէ ո՛չ բոլոր ընդդիմադիրներէն…
Մենք, հայերս մէկ դար, նաեւ դարեր ի վեր, այս երկրին ծառայած ենք, տուած ենք ամէն ինչ, արհեստներ սորվեցուցած ենք, մեր մշակոյթն ու գիտութիւնը դրած ենք ի սպաս այս երկրին, անոր ժողովուրդին, սակայն այդ մասին քիչ խօսած ենք, փսփսուքով, փոխարէնը բարձրագոչած ենք մեր յաւիտենական երախտագիտութեան մասին միայն…բայց ապրած ենք կուկուսիի պէս եւ միշտ վախի մէջ եղած ենք..
Ի՛նչ կ’ըլլար ԵԹԷ միշտ վախի մէջ չըլլայինք, ինչպէս որ վախցանք երբ ֆրանսացիները հեռացան երկրէն, եւ մեզմէ շատեր իրենց հետ գացին, ինչպէս որ վախցանք երբ մեզ ալ՝ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ, զինուորական պարտադիր ծառայութեան կանչեցին եւ… հայ բազմաթիւ ընտանիքներ դարձեալ հեռացան երկրէն…
Ի’նչ կ’ըլլար փոխանակ երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքէն հեռու կուկուսիի պէս ապրելու, ԵԹԷ մերուէինք սուրիական ընդհանուր կեանքին… հիմա մեր մէջ կ’ունենայինք ե՛ւ ընդդիմադիր կազմակերպութիւններ ե՛ւ իշխանութեան կողմնակից կազմակերպութիւններ: Որպէս փաստ հարկ կա՞յ նշելու որ քանի մը անհատ ընդդիմադիր հայերը սուրիական կեանքին մերուած հայեր տղաք են, որոնք նաեւ ամբողջ էութեամբ հայեր են…
Լա՛ւ. ի՞նչ կ’ըլլար ԵԹԷ քանի մը բեռնատար սնունդ, հագուստ եւ այլ անհրաժեշտ իրեր ղրկէինք ընդդիմադիրներու կողմէ գրաւեալ շրջաններ.. դաւաճան կը սեպուէինք թէ՞ մարդասէր.. պիտի ըսէք թէ ըրած ենք, Հայաստանէն եկած օգնութենէն բաժին հանած ենք նաեւ տեղացի արաբներուն.. Բայց չէ՞ որ այդ քայլը յաւելեալ փաստ մը նկատուած է «Շէպպիհէթ Նիզամ» ըլլալու, որովհետեւ «մեր» շրջանին յատկացուած է միայն: Ի՜նչ լաւ կ’ըլլար ԵԹԷ քիչ մը աւելի մարդասիրութիւն ցուցաբերէինք…
Գիտեմ հայ դեղագործ մը որ առեւանգուած էր Տարէթ Էլ Ը՛ըզզէ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր իր դեղարանը ունէր: Բաւական կոկիկ գումար մը պահանջած էին իրմէ զինք ազատ արձակելու համար, սակայն երբ զինեալներուն էմիրը-իշխանը գիտցած էր որ ան ծանօթ է այսինչ վարդապետին, որ առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողը եղած էր վտարանդի հալէպցիներուն, զինք ազատ արձակած էր եւ ապահով ղրկած մինչեւ Հալէպ…
Չըսէ՛ք որ յայտնի օրինակներ կան. ընդդիմադիրները գլխատած են իրենց շրջանին մէջ բնակիչները օգնող վարդապետներ…
Այդ ուրիշ պատմութիւն է… Իմ խօսքս սուրիացի ընդդիմադիրներուն մասին է
Հաւատացէք ԵԹԷ այդպէս վարուած ըլլայինք կը խնայէինք առեւանգուած հայերուն ազատ արձակման դիմաց վճարուած միլիոններուն մէկ մասը… եւ շատերուն կեանքը:
Քիւրտ զինեալներուն մէկ երրորդը աղջիկներ են… Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ ԵԹԷ աւելի մեծ թիւով զինեալ տղաք ունենանք… Մենք քի՞չ ենք, զինուիլը վտանգաւո՞ր է, թիրա՞խ կը դառնանք… Արդէն թիրախ չե՞նք.. Իսկ ԵԹԷ կշռադատենք եւ եթէ ճիշդ գտնենք իրապէս մեր բոլոր հնարաւորութիւնները դնել պետութեան տրամադրութեան տակ, դնենք, չէ՞ որ արդէն «Շէպպիհէթ նիզամ» ենք, իսկ ընդդիմադիրներու մեծ մասը ոչ-սուրիացի ծայրայեղականներ…
Թէ՞ սպասենք եւ նայինք թէ ժամանակները ի՞նչ պիտի բերեն, օր մը յուսանք, օր մը յուսախաբ ըլլանք, եւ քիչ-քիչ հեռանանք այս երկրէն, ուր արդէն ըստ նոր սահմանադրութեան եւս, կը շեշտուի մեր երկրորդական քաղաքացիի կարգավիճակ ունենալը, որովհետեւ քրիստոնեաները, անոնց կարգին բնականաբար նաեւ հայերը իրաւունք չունին երկրին նախագահը դառնալու… Հակառակ անոր որ մենք ալ զինուոր կը դառնանք, կը պաշտպանենք այս երկիրը, կ’ապրինք եւ կը մեռնինք անոր համար.. Չեմ ըսեր թէ քրիստոնեայ մը կը ճանչնամ որ ամէնէն արժանին է նախագահութեան, բայց թէկուզ եթէ օր մը այդպիսի մէկը գտնուի, ամէնէն արժանին ալ ըլլայ, միակ արժանին ալ ըլլայ, հակասահմանադրական պիտի ըլլայ իր թեկնածութիւնը նոյնիսկ…
Մանուէլ Քէշիշեան, Հալէպ