Ֆրանսական France 3 հեռուստաընկերութիւնը 55 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէն պատրաստած է հայերու եւ հայոց պատմութեան մասին` զայն վերնագրելով «Հայերու գարունը»:
Ըստ Nouvelles d’Armenie-ի` վաւերագրական ժապաւէնի մուտքի հատուածին մէջ կը նշուի, որ մէկ միլիոնէն աւելի հայերու կեանք խլած եւ հարիւր հազարներ բռնագաղթի ենթարկած Հայոց Ցեղասպանութենէն արդէն անցած է հարիւր տարի: «Տարիներու ընթացքին իրենց հայրենիքէն հայերը արմատախիլ ընելը յանգեցուց տարատեսակ հայկական «սփիւռք»-ի ձեւաւորման: Թուրքիան պաշտօնապէս կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` այն աստիճան հասնելով, որ նոյնիսկ կը փորձէ արհեստականօրէն «մաքրել» հայերու ներկայութեան հետքերը այդ տարածաշրջանին մէջ»,- կը պատմուի ժապաւէնին մէջ:
Այնուհետեւ կը ներկայացուի ֆրանսահայ Վարուժան Արթին, որ ժամանակին երդուած էր երբեք Թուրքիա ոտք չդնել, սակայն յետագային որոշեց իրեն համար բացայայտել իր նախնիներուն հողը: «Անոր համար ցնցող յայտնագործութիւն էին այն մեծաթիւ ծպտեալ հայերը, որոնք կրցած են վերապրիլ այս դարու առաջին մեծ ցեղասպանութիւնը եւ երբեք չեն լքած Թուրքիան»,- կը նշուի ժապաւէնին մէջ:
«Հայերու գարունը» ժապաւէնը պիտի հեռարձակուի Օգոստոս 31-ին Փարիզի ժամանակով 23:25-ին: