Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ Է

September 25, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՀԱՅԵՑԻ  ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ  ԱԶԳԱՅԻՆ  ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ  Է

ԵՐԱՆ  ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Կրթական տարեմուտի այս օրերուն, մեր միտքերու լուսարձակը կ’ուղղուի դարձեալ կրթութեան գործին եւ մասնաւորաբար հայեցի կրթութեան մարտահրաւէրներուն…

Երբ «կրթութիւն» կ’ըսենք, դարերէն եկող հին բայց չհինցող պատգամը կը հնչէ դարձեալ եւ նորովի կը մեկնաբանուի տարիէ տարի…: Հին-հին դարերէն, մարդկային կեանքի գուցէ ամէնէն հիմնական սկզբունքն է եղեր Սոկրատեսեան ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ-ը՝ անհատական եւ ազգային-հաւաքական մակարդակներու վրայ ալ…, որուն արձագանգն է նաեւ այն պատգամը՝  որ դարձաւ հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝  Թարգմանչաց  Հայրերուն կողմէ՝  «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:  Ճանաչելը կամ ճանաչողութիւնը բազմիմաստ եւ բազմախորհուրդ հասկացողութիւն է որոշապէս:  Բայց պիտի չմոռնանք որ ամէն ճանաչողութիւն նախ եւ առաջ կը սկսի սեփականը ճանչնալու պարտադիր  հրմայականէն, կամ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ, այսինքն՝  սեփական ինքնութիւնը, սեփական պատմութիւնն ու մշակոյթը, սեփական լեզուն ու գրականութիւնը լիարժէքօրէն ճանչնալու հրամայականէն: Այս ինքնաճանաչումը կը սկսի ընտանեկան յարկին տակ եւ կը շարունակուի հայ դպրոցին մէջ, անոր ջամբած հայեցի կրթութեամբ…

Մեծ բանաստեղծ Գէորգ Էմինի տողերը մտածել տուող խօսքեր են, արձանագրուած՝  Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան յուշամատեանին մէջ. «Հայագիտական առարկաները սոսկ դպրոցական առարկաներ չեն, այլ անոնք հայեցի լինելութեան գրաւականն ու երաշխիքն են, մեր վաղուան օրն ու ապագան»:

Հետեւաբար, հայ դպրոցին առաքելութիւնը, առաջին հերթին եւ գերազանցօրէն, հայեցի կրթութիւն ջամբելն է հայ աշակերտին:  Հայեցի կրթութիւնն է հիմնաքարը ամէն ինքնաճանաչողութեան, եւ ատիկա պէտք է մատուցել աշակերտին, հասկնալիօրէն, լաւագոյն դասագիրքերու եւ հայագիտական առարկաներ դասաւանդող առկայ լաւագոյն մանկավարժներու ընտրութեամբ, լաւագոյն ուսուցման եղանակներով, որոնք առանձին յօդուածի կամ յօդուածներու նիւթ կրնան ծառայել:

Դարեր շարունակ, Հայ դպրոցը ազգային բարձր արժանապատւութեամբ կատարեց՝   ազգային ինքնաճանաչման, ազգային բարձր ինգնագիտակցութեան կերտումի իր առաքելութիւնը յաջորդական սերունդներու մէջ, նոյնիսկ ամէնէն անբարենպաստ պայմաններու տակ՝  Եղեռնազարկ մեր ժողովուրդին փոխանցելով հայ ըլլալու, հայ մնալու Լոյսը սերունդէ-սերունդ…

Բայց այսօր համաշխարհայնացման լափլիզող յորձանքին մէջ յայտնուած հայ ազգը կարծես կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը եւ աշնան տերեւին նման կը քշուի հողմահար՝  Սփիւռքի ափերուն վրայ, թէ Մայր հայրենիքի:

16 դար ետք, Մեսրոպեան գաղափարախօսութիւնը տակաւ կը տժգունի, հայերէնը կ’աղճատուի, կը դառնայ նոյնիսկ «ոչ էական»՝  հայ ըլլալու եւ հայ մնալու համար, կը դառնայ «փոր չկշտացնող», «յաջողութեան հասնելու համար ոչ-պիտանի» տարր…եւ քաղքենիացումը կը գլէ, կ’անցնի ամէն սահման ու սահմանագիծ, սպառողական հասարակութեան դաւանած նիւթապաշտ, օգտապաշտ եւ շուկայիկ «արժէք»ներու խառնաշփոթին մէջ, եւ կը նահանջէ հայերէնը, կը նահանջէ հայերէնը, կը նահանջէ հայերէնը:

Իսկ հայերէնը՝  Հրանդ Մատթէոսեանի դիպուկ բառերով, «Մեր լինելութեան, գոյութեան անժխտելի պայմանն է:…Լեզուն ապրելու ձեւ է, լեզուն աշխարհ է, սնունդ ու պայքարի միջոց, ինքնարտայայտման եւ ինքնադրսեւորման եղանակ…Լեզուն հայրենիք է»:

Ներկայիս հրապարակը ողողած լոզունգները ամբողջովին այլ բան կը յուշեն:  Կը խօսուի միջազգաին, համամարդկային, համաշխարհայնացման արժէքներու մասին, անոնց գերակայութեան մասին…:  Բայց մեր խորին համոզումն է որ ամէն միջազգային կամ համամարդկային արժէք կը սկսի ազգայինէն ու սեփական ժողովուրդէն:  Եւ արդեօ՞ք կրնաս ճախրել միջազգային հորիզոններուն վրայ, եթէ չես շրջած ազգային երկնակամարին վրայ, ինչպէս դիպուկ կերպով կ’արձանագրէ Փրոֆ. Երուանդ Հ.  Քասունի՝  իր «Մտորումներ Սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանի սեմին» հատորին մէջ, աւելցընելով՝  «Ու չենք հաւատար անկեղծութեանը համամարդկայինի ի խնդիր տրոփող սրտին, երբ այդ սիրտը չի գիտեր արիւնիլ իր սեփական ժողովուրդին համար», որուն համար դարձեալ եւ դարձեալ անհրաժեշտ է ազգային ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ:

Համաշխարհայնացման յորձանուտը այսօր կը սպառնայ ոչ միայն սփիւռքահայութեան, այլեւ մեր հայրենիքին, ուր դեռ վերջերս հանրային լայն քննարկման եւ համաժողովրդային դատափետումի առարկայ դարձան՝ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան հովանիին տակ ընթացող՝ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման հետ կապ ունեցող նոր դասագիրքերու պատրաստութեան եւ անոնց ուսուցման նոր մօտեցումներու յարուցած խնդիրները:  Տակաւ սկսաւ յայտնի վարկած  դառնալ նման ծրագիրներու ետին կանգնած մութ ոյժերու կանխամտածուած  հովանաւորութիւնը, կամ ոմանց մեծամտութիւնն ու գաւառամտութիւնը….կամ  ո՞վ գիտէ՝  որոշ աղբիւրներէ տրամադրուած եւ նպատակաուղղուած պարգեւաշնորհները…: Բարեբախտաբար, քննարկումները եղան թափանցիկ եւ՝ նախքան  որ անոնք գործադրութեան դրուէին  հայրենական դպրոցներէն եւ համալսարաններէն ներս:

Հայեցի կրթութիւնը ճիշդ մշակելը, դասաւանդուող առարկաներու ճիշդ ծրագրաւորումը, դասագիրք կազմելը եւ դասաւանդուած առարկաներու ճիշդ մատուցումը ազգային անվտանգութեան, ազգային լինելութեան գերխնդիր են գերազանցօրէն, քանզի անոնցմով կը պայմանաւորուի հայ սերունդներու ապագան:  Ազգի եւ հայրենիքի ապագան: Վաղուան հայ քաղաքացիի, հայ մարդու կերպարը:

Ողջունելի է այլապէս, նոյնիսկ անհրաժեշտ՝  հայեցի կրթութիւնը բարեկարգելու, զայն այժմէականացնելու ճիգերն ու աշխատանքը, պայմանաւ որ անոնք կատարուին լրջագոյն պատասխանատւութեամբ եւ միշտ հիմք ունենալով՝  մեր ազգային արժեհամակարգն ու ազգային գաղափարախօսութիւնը:  Մենք պիտի չմոռնանք երբեք որ հայ դպրոցին կամ հայեցի կրթութեան բուն նպատակը ՀԱՅ ՄԱՐԴ պատրաստելն է եւ ոչ՝  անդէմ, անդիմագիծ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱՑԻ, առանց ազգային նկարագրի ու ազգային յանձնառութեան: Խորապէս համոզուած եմ, որ ազգային կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս որեւէ պարտութիւն նախաքայլը կ’ըլլայ ռազմական, քաղաքական եւ այլ պարտութեանց:

Եւ որքան բաղձալի պիտի ըլլար, որ նման գործընթացներուն մէջ ներգրաւուէին ոչ միայն հայրենի ակադեմականներ, գիտնականներ, դասախօսներ եւ վաստակաւոր մանկավարժներ, այլեւ՝  սփիւռքահայ յայտնի հեղինակութիւններ ու մասնագէտներ, որպէսզի ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ դառնար վերջապէս ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ոգի, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ մտածողութիւն դարբնող եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ տեսլական ներշնչող ազդակ, ազգի ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ կազմաւորող եւ հաստատագրող գերագոյն գործօն:  Գործօն մը՝  որ հայ գրականութեան պարագային յատկապէս, պարտի տեղ տալ հաւասարապէս եւ անխտիր մեր բոլոր գրական իրաւ արժէքներուն՝  արեւելահայ թէ արեւմտահայ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծագործուած կարկառուն երկերուն,  հին օրերէն մինչեւ ներկան, որպէս ամբողջական եւ հարազատ ցոլանքը ՀԱՅ ՀՈԳԻԻՆ, անկախ անկէ թէ այդ հոգին կ’ապրի հայրենի երկնակամարին տակ, թէ՝  կը հեւայ կարօտովն անոր, օտար երկինքներու տակ…:

Քանզի, մեր խորին համոզումով, ՀԱՅԵՑԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է  ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ եւ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ ազգային գերագոյն գաղափարախօսութեան դարբնոցը:  Անոր գերագոյն ԵՐԱՇԽԻՔՆ ու ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ:

 

Previous Post

Want to live longer? Eating healthy may be more important than weight loss

Next Post

10 benefits of almond milk

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.