Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին մէջ՝ «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի մասին դասախօսութիւն

April 8, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Hazar Caracalla on the “CEDRE” Conference: A Vision for Stabilization, Growth and Employment

 

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի կայացման մէկ տարուան առիթով, Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց տնտեսական հարցերով Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Հաազար Քարաքալան, դասխօսութեամբ մը ներկայացնելու «Սետր»-ի հիմնական որոշումներուն եւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ անոր ձգելիք ազդեցութիւններուն մասին:

Դասախօսը ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմէքճիի կողմէ:

Հաազար Քարաքալայի ներկայացումը կեդրոնացաւ «Սետր»-ի հիմնական 4 կէտերու, որոնց ընդմէջէն նպատակադրուած է շրջանցել երկրի տնտեսական տագնապը, կայունութիւն հաստատելը, երկարաժամկէտ բարգաւաճումն ու գործի առիթներ ստեղծելը:

Ներկայացնելով առաջին կէտը՝ երկրի տնտեսական տագնապը շրջանցելու կարեւորութիւնը, Քարաքալա անդրադարձաւ մօտիկ ապագային ներդրումային ծրագիրները աւելցնելու, յատկապէս ենթակառուցուածքային մարզին մէջ ներդրումները անմիջապէս կատարելով, առիթ տալ մասնաւոր ընկերթիւններու, որ ինքաբերաբար գործի առիթներ պիտի ստեղծէ:

Երկրորդ կէտը ներկայացնելով, Քարաքալա շեշտեց տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան վրայ, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ եւ իբրեւ օժանդակ գործօն պիտի նպաստէ տնտեսական աճին:

Պետական համակարգին մասին խօսելով, դասախօսը ընդգծեց պետական կառոյցներու գործելաձեւին մէջ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ըսելով, որ յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ նեդրողները քաջալերելու եւ տնտեսական կայունութիւն ապահովելու իմաստով:

Ներկայացման չորրորդ բաժինով, Քարաքալա հաստատեց, որ անհրաժեշտ է տնտեսական ռազմավարութեան մը մշակումը, որուն հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ արտադրողական զանազան մարզերու մէջ բարեկարգումներ կատարելը, իսկ արդիւնքը՝ տեղական արտադրութիւններու արտահանումը:

 

Previous Post

Saudi Arabia seeking bids for nuclear power project

Next Post

Fourth Annual Programming Cup for High School Students: Scholarships and Smartphones for the First Five Winners

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.