Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի եւ կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանի արուեստի կեդրոնի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ կին արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ հայ թէ ոչ հայ հասարակական դէմքերու եւ արուեստասէր հանրութեան:
Մարտ 8-ի` Կիներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած եւ «Կիներ, ներշնչումներ եւ արտայայտութիւններ» («Ուիմըն, ինսփիրէյշընզ էնտ էքսփրեշընզ») խորագիրով այս ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի արտաքին յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Միրա Եարտըմեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները նշեց Մարտ 8-ի օրուան խորհուրդը` թուելով այս գծով իրագործուած նուաճումները յատկապէս շրջանի կիներուն մօտ, 1977-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին հռչակաւոր որոշումէն ետք: Եարտըմեան թուեց հաւաքական ցուցահանդէսին մասնակից կին արուեստագէտներուն անունները` Հայպաթ Պաուապ, Օրուպա Տիպ, Ժոաննա-Ժանէթ Յակոբեան, Տորին Խանամիրեան Զէյն եւ Այտա Հալլում:
«Այս օրը առիթ մըն է, որ կը յիշեցնէ կիներու յանձնառութիւնը իրագործուած նուաճումներուն գծով եւ անոնց վճռակամութիւնը` յաղթահարելու նորանոր մարտահրաւէրներ», ընդգծեց Եարտըմեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն եւ յատկապէս Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, «Պանք Մետ»-ին, կազմակերպիչ մարմինին եւ ուսանողութեան:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան առաջին խորհրդական, «Յարաճուն զարգացման ոսումնասիրութեանց» բաժանմունքի պետ Մարչելլօ Մորիի: Դեսպան Մորի շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանը նման ձեռնարկ մը կազմակերպելուն առիթով: Անդրադառնալով կիներու օրուան առիթին` ան ողջունեց եւ շնորհաւորեց կին արուեստագէտները` յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթելով անոնց: