Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի եւ Amman Baptist Schoolի միջեւ կրթական մարզի համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւն

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
Հայկազեան Համալսարանի եւ Amman Baptist Schoolի միջեւ կրթական մարզի համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւն

  Չորեքշաբթի, 17 Յունուարին, Յորդանանի Կրթութեան Նախարարի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան մը ընթացքին կատարուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի եւ Amman Baptist Schoolի միջեւ կրթական մարզի համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը, ներկայութեամբ Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Հայկազեանի չորս դասախօսներու, կրթական ու եկեղեցական գործիչներու, ուսուցիչներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու: 

Նոյն ծիրին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը, Յունուար 13-21, 2018 երկարող շաբթուան ընթացքին, Յորդանանի մայրաքաղաք՝  Ամմանի Baptist School–էն ներս՝ իրականացուց կրթական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ մանկավարժական կազմաւորման վերաբերող դասաւանդումի ծրագիր մը, 78 ժամուան տեւողութեամբ:

          Սոյն ծրագրի առանցքային նիւթերը կազմեցին՝ կրթական համակարգի եւ դասերու ծրագրաւորումը, աշակերտներու արժեւորումի գործընթացը, աշակերտական տարիքային առանձնայատկութիւնները, աշակերտակեդրոն ուսուցման տարբեր միջոցները, դասարանային ղեկավարումը, քննական մտածողութիւնը եւ ներառական կրթութիւնը:   

Վերոնշեալ նիւթերը փոխանցուեցան ակադեմական ուսումնասիրութիւններու, տեսական եւ գործնական-կիրառական աշխատանքներու ընդմէջէն: Դասաւանդումները կատարեցին համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօսներէն՝ Դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, Դոկտ. Հանին Հութ, Դոկտ. Ֆարահ Էլ Զէյն եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան:

Ծրագրին մասնակիցներու ընդհանուր թիւն էր 170, որ կ՝ընդգրկէր ուսուցիչներ, բաժնի պատասխանատուներ, նիւթերու համադրողներ եւ տնօրէններ: Մասնակիցները օժտուեցան ժամանակակից մանկավարժութեան գիտելիքներով, ինչ որ պիտի նպաստէ անոնց ասպարէզի յաւելեալ արդիւնաւէտութեան:

 

 

Previous Post

Թուրքիայի արտգործնախարարն արձագանքել է Մակրոնի` Հայոց ցեղասպանության վերաբերյալ հայտարարությանը

Next Post

Լևոն Արոնյանը 5-րդն է ՖԻԴԵ-ի վարկանիշային աղյուսակում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.