Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2018-ին Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմուքէն 5 ուսանողներ, Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաքի ‘’National Union’’ կեդրոնին մէջ մասնակցեցան կրօնական ծայրայեղութեան եւ ատելութեան դէմ պայքարի աւարտական մրցումի մը (մրցումը կը կոչուէր “Peer to Peer: Facebook Global Digital Challenge”), ուր ներկայացուցին ‘’Rise Lebanon’’ խորագրեալ իրենց պատկերացում-ծրագիրը: Ծրագիրին կը մասնակցէին 82 համաշխարհային համալսարաններ ներկայացնող խումբեր, որուն աւարտին Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող խումբը տիրացաւ 3-րդ դիրքին եւ արժանացաւ 5.000 (հինգ հազար) ամերիկեան տոլարի նիւթական պարգեւի մը:
“Peer to Peer” ծրագիրը սկսած է 2015-ին՝ Facebook-ի եւ EdVenture-ի համագործակցութեամբ: Ծրագիրին նպատակն է համալսարանական ուսանողներու միջեւ նման մրցակցութիւններու, ծրագիրներու մշակման եւ ներկայացման ճամբով, (որոնք նաեւ հասանելի եւ իրատեսական ըլլան) նուազեցնել համացանցային բեմերու վրայ մեծ տարածում գտած ատելութիւնն ու այլամերժութիւնը:
Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող խմբակի անդամներն էին՝ Մոհամատ Պաշիր, Մայա Սքայնի, Սալլի Մանսուր, Ալի Թըրմոս եւ Յարութ Չիլինկիրեան, որոնց կ’ընկերակցէր նաեւ անոնց խորհրդատու դասախօսը՝ դոկտ. Փրիեան Խախարը: Մրցումին 5 հոգինոց խմբակով մասնակցելու սահմանափակումին պատճառով միեւնոյն դասարանէն կը բացակայէին Խաժակ Պարսումեանն ու Սիհամ Հնէյնինը:
Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող խմբակը իր ծրագիր-պատկերացումը ներկայացուց մասնագէտներէ կազմուած դատական խորհուրդի մը դիմաց: Ներկայացումին կը հետեւէին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպանատան պաշտօնեաներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Լիբանանը ներկայացնող Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու խմբակի աշխատանքին:
Մրցումին նուաճած պատուաբեր առիթով Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսսա դեսպանատան մէջ հիւրընկալեց Հայկազեանի ուսանողները, որոնց հետ քննարկեց ներկայացուած ծրագիրը եւ բարձր գնահատեց համալսարանի տարած աշխատանքը՝ Լիբանանի ուսումնական մակարդակը բարձր պահելու եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու իմաստով: Խմբակին ընկերակցող դոկտ. Փրիեան Խախարը վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին եւ պարգեւեց Հայկազեան համալսարանը խորհրդանշող յուշանուէրով:
Ուսանողներու խմբակը նաեւ առիթը ունեցաւ հրաւիրուելու եւ ներկայ գտնուելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակներէն մէկուն կազմակերպած կլոր սեղանին, որուն ընթացքին ներկայացուցին իրենց ծրագիրը եւ արժանացան յատուկ ուշադրութեան: