ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է որոշման նախագիծ մը, որուն հաստատումով առանձնակի յաջողութիւններու հասած երիտասարդներ զինուորական ծառայութենէ ժամանակաւորապէս պիտի ազատուին:
Ազգային ժողովին մէջ, Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին, այս նախագաիծին մասին խօսեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան՝ պատասխանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանի հարցումին:
«Առաջիկայ նիստերից մէկում նախագիծը կառավարութեան որոշման տեսքով ընդունուելու է: Նախագծում եղած չափորոշիչները կարելի է հիմք ընդունել», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:
Նախարարի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ գործնական քայլեր կը ձեռնարկուին զինուած ուժերու կառոյցին մէջ գիտական վաշտ ձեւաւորելու ուղղութեամբ՝ այն նորակոչիկներուն համար, որոնք իրենց գիտելիքները կրնան ծառայեցնել զինուած ուժերու հարցերու լուծման: