Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ – թիւ 14
Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 172
Հայկական վեց նահանգներուն մէջ բարեկարգումներու հարցը կրկին կ’արծարծուի 1913-էն մինչեւ 1914-ի փետրուար, Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակը, հայոց կողմէ պաշտօնական բանակցող Պողոս Նուպար փաշայի ջանքերուն շնորհիւ: Անոր դիմումները ուղղուած էին մասնաւորաբար Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ պատասխանատուներուն:
Եգիպտական արաբական թերթերը օրը օրին կ’արձագանգեն այս զարգացումներու հոլովոյթին: Այս թերթերուն նիւթերը հաւաքուած են Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի հրատարակած «Բարենորոգումներու Ծրագիրը, 1910-1914» խորագիրը կրող արաբերէն Ե. հատորի Բ. մասին մէջ (հրատարակութիւն Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Սաթենիկ Չաքըր» հիմնադրամի, Գահիրէ, 2019, 550 էջ), որ մաս կը կազմէ 14 հատորնոց «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագիրով մատենաշարին: Հ. Բ. Ը. Մ.ի Գահիրէի վարչութիւնը այս ծանր, կարեւոր եւ ողջունելի գործը վստահած է Եգիպտոսի Տամանհուր Համալսարանի նորագոյն եւ ժամանակակից պատմութեան դասախօս, Հայկական Հարցի մասին բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ ալ-Իմամի գլխաւորած գիտական հետազօտական խմբակի մը: Անոնց աւելի քան տասը տարուան պրպտումներու եւ ուսումնասիրութեանց շնորհիւ, տուեալ ժամանակաշրջանի արաբական մամուլի մէջէն երեւան եկած են հայոց եւ Հայաստանի մասին 36 հազար էջ կտրօններ, որոնք այս մատենաշարով կը մատուցուին հանրութեան:
1914-ի սկիզբը, եգիպտական «ալ-Ռաի ալ-աամ» օրաթերթի 6 Յունուար թուագրեալ թիւ 244-ին մէջ կը կարդանք, թէ ըստ թրքական «Իգտամ» թերթի հաղորդած մէկ լուրին, Հայաստանի բարեկարգումներու շուրջ մեծ պետութիւններու դեսպաններուն եւ Օսմանեան Պետութեան միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան: Բանակցող անձնաւորութիւններէն են Կ. Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան «Տոքիրիս»ը (ճիշդը՝ Միխայիլ Նիքոլայեւիչ տը Կիրս – Յ. Ի.) եւ Գերմանիոյ դեսպան՝ Հանս Ֆրայհեր ֆոն Վանկենհայմը: Սոյն թերթը մեծ կարեւորութեամբ կը նկարագրէ բանակցութիւններու ընթացքը եւ կը հրատարակէ մինչեւ այդ օրը համաձայնուած կէտերը.
– Օսմանեան կառավարութիւնը (Բարձր Դուռը) հայկական վեց նահանգներու վրայ պիտի նշանակէ օսմանցի թուրք վալի մը (կառավարիչ), որու երկու օգնականները եւրոպական երկիրներէ պիտի ըլլան:
– Կառավարիչին եւ անոր երկու խորհրդականներուն կամ օգնականներուն միջեւ որոշումի մը կամ առնուելիք քայլի մը շուրջ տարակարծութեան պարագային, հարցը պիտի քննուի սուլթանին եւ եւրոպական երկիրներու դեսպաններու միացեալ ժողովին կողմէ:
Իբրեւ եզրակացութիւն, յօդուածագիրը կ’ըսէ, թէ Բարձր Դուռը աւելի քան վճռակամ է հայկական վեց նահանգներուն մէջ բարենորոգումներ իրագործելու, ինչպէս որ ատենին սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն հաւաստիացուցած էր՝ ընդունելով անոնց առաջարկները (էջ 245):
Հոս կ’արժէ շեշտել, որ նոյն սուլթանը իր իշխանութեան տարիներուն (1876-1909) բարենորոգումներու գծով ոչ միայն լարախաղացութիւն ըրաւ եւրոպական երկիրներու աչքերուն առջեւ, այլ նաեւ համատարած կոտորածներ սարքեց հայոց դէմ: Ան հրահրեց քիւրտերն ու չերքէզները, որոնք անխնայ հարստահարեցին հայերը եւ ապա կոտորեցին զանոնք:
Եգիպտական թերթերու խմբագիրներն ու յօդուածագիրները իրենց սարսափի տուրքն է, որ կը մատուցէին թրքական իշխանութիւններուն: Կարգ մը պարագաներու, սուլթանին եւ օսմանեան վարչակարգին գովասանքներ շռայլող այդ գրչակները Եգիպտոսի մէջ ապրող թուրքեր էին: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ քանիցս յետաձգեց բարենորոգումներու բանակցութիւնները՝ ուշացնելու համար անոնց վաւերացումն ու գործադրութիւնը, յոյս ունենալով որ արմատական փոփոխութեան մը պարագային, այլեւս պէտք չի մնար անոնց: Ապտուլ Համիտի վարչակարգին ու անոր յաջորդած իթթիհատական իշխանութիւններուն երազած այդ յարմար առիթը ներկայացաւ 1914-ի ամառը՝ Ա. համաշխարհային պատերազմի ծագումով:
Այս միջոցին՝ 1914-ի սկիզբը, հայոց եւ օսմանեան կառավարութեան միջեւ լարուածութիւն կը ստեղծուի երեսփոխանական ընտրութիւններու շուրջ տարակարծութեանց պատճառով: Հայերը կը պահանջէին 20 երեսփոխան ունենալ, մինչդեռ իթթիհատական կառավարութիւնը համաձայն էր միայն 17-ը տալու: Բանակցութիւնները շատ դժուարին վիճակի մէջ յայտնուած էին: Այս լուրը քաղուած է եգիպտական «ալ-Շաապ» թերթի 22 Փետրուար 1914-ի թիւ 622-էն: Այս տարակարծութեան պարագան թուրքերու եւ հայոց միջեւ ուշացուց բարեկարգումներու շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը, սակայն կարճ ժամանակ ետք անոնք կրկին թափ առին:
Եգիպտական «ալ-Աատլ» օրաթերթը իր 23 Փետրուար 1914-ի թիւ 425-ին մէջ կը հաստատէ, թէ հայկական բարեկարգումներու շուրջ բանակցութիւնները գրեթէ աւարտած են ու յանգած համաձայնութեան: Թերթը կը հրատարակէ անոր կէտերը.
– Հայաստան վարչականօրէն կը բաժնուի վեց նահանգներու: Իւրաքանչիւր նահանգի համար պիտի նշանակուի տեղւոյն ժողովուրդէն կառավարիչ մը, որուն իրաւասութիւնները յստակօրէն պիտի սահմանուին. անոնք գրեթէ նոյնը պիտի ըլլան ինչպէս որոշուած էր նախորդ համաձայնութեան մէջ:
– Հողերու եւ ստացուածքներու վերաբերեալ տարակարծութիւններն ու վէճերը պիտի քննարկուին ու վճռուին դատարաններուն կողմէ:
– Տեղւոյն պաշտօնական լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, իսկ դատարանի լեզուն՝ թրքերէնը: Բոլոր օրէնքներն ու կանոնները պիտի հրատարակուին միայն թրքերէնով:
Կը նշուին նաեւ բանակին մէջ պարտադիր ծառայութեան կանոնները:
«Ալ-Ֆաթա ալ-Արապի» եգիպտական օրաթերթը իր 2 Մարտ 1914 թուակիր, թիւ 69-ին մէջ հայկական բարեկարգումներու հարցին մասին լոյս տեսած յօդուածով մը կը ներկայացնէ միջազգային շփումներու եւ բանակցութեանց վերաբերեալ իրապաշտական պատկեր մը՝ բացատրելով մեծ պետութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Ռուսիոյ, Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան Պետութեան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ դեր կը խաղան այս պետութիւններու ծրագիրներն ու շահերը: Անոնց մէջ կարեւորագոյններն են Միջագետքի գետերու վրայ՝ մինչեւ Քուէյթ նաւարկութեան եւ Սեւ ծովուն մէջ նաւարկութեան իրաւունքներու հարցերը եւ Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծի ծրագիրը: Այն պետութիւնը որ բանակցութեանց ընթացքին այս տեսակի խճճուած հարցերու մէջ նեղի կը մատնուէր, անմիջապէս կ’արծարծէր Հայկական Հարցը, մասնաւորաբար վեց նահանգներու մէջ բարեկարգումներու խնդիրը, այդպիսով ճնշում բանեցնելով Օսմանեան Պետութեան եւ Գերմանիոյ վրայ:
Եգիպտական ազդեցիկ «ալ-Ահրամ» օրաթերթը իր 2 Մարտ 1914, թիւ 10948-ին մէջ թարգմանաբար տպած է Պօղոս Նուպար փաշայի՝ անգլիական «Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած նամակը հայկական վեց նահանգներու բարեկարգումներու գծով ընթացող բանակցութեանց եւ հայոց իրաւունքներուն մասին (էջ 342-346): Պօղոս Նուպար փաշա այս նամակէն տարի մը առաջ ուրիշ նամակ մը յղած էր «Թայմզ» օրաթերթին՝ կրկին բարեկարգումներու մասին: Իր այս նոր նամակին մէջ Պօղոս Նուպար մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայոց պահանջները, բոլոր կողմերը, մա՛նաւանդ թուրքերն ու գերմանացիները հաւաստիացնելով, որ հայերը բնաւ չեն ձգտիր անջատողականութեան. անոնք պարզապէս կը պահանջեն, որ Հայաստանի մասին Պերլինի վեհաժողովին մէջ կայացուած որոշումները գործադրուին: Ան կը շեշտէ, որ այս պահանջը բնաւ չի նշանակեր, թէ հայերը դէմ են Օսմանեան Պետութեան տարածքային ամբողջականութեան: Հայոց ուզածը իրենց հողին վրայ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի ապահովումն է: Պօղոս Նուպար կ’ընդգծէ, թէ թուրքն ու քիւրտը յարատեւ ճնշած են հայը, թուրք հարկահաւաքները շատ անարդար ու անխիղճ գտնուած են հայոց նկատմամբ:
Տեղին է հոս յիշեցնել, թէ թուրքերու կողքին, Գերմանիան, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան ու եւրոպական այլ պետութիւններ չէին ուզեր Հայաստանը անկախ տեսնել: Միայն ռուսերը կը ձգտէին ատոր՝ այդ ալ Հայաստանի արեւմտեան հատուածը եւս իրենց պետութեան կցելու նպատակով, ինչը ձեռնտու պիտի ըլլար նաեւ հայոց՝ թէկուզ ժամանակաւորապէս, ապահովելով հայոց գոնէ ֆիզիքական գոյութիւնը:
Վերջապէս, իր նամակին մէջ Պօղոս Նուպար փաշա կ’ըսէ, թէ այժմ Բարձր Դրան ու եւրոպական երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է հայկական վեց նահանգներու բարենորոգումներու ծրագրի գործադրութեան գծով: Ան կ’աւելցնէ. «Այսօր ահաւասիկ, Բարձր Դրան ու եւրոպական երկիրներու միջեւ հայկական նահանգներու բարեկարգումներու առնչութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է, բան մը, ինչին հայերը երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգտէին: Թոյլ տուէք որ հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնեմ այս հարցին լուծման նպաստող պետութիւններուն, որովհետեւ այժմ պիտի սկսինք նոր ժամանակաշրջան մը ապրիլ»: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեծն Բրիտանիոյ, որ ռուսական առաջարկը չէր մերժած եւ յարաբերաբար արագ նպաստած էր հարցի լուծման:
Այս լաւատեսական մթնոլորտը շատ կարճ տեւեց, որովհետեւ Ա. համաշխարհային պատերազմին բռնկումով ամէն ինչ խանգարուեցաւ եւ պատահեցաւ հայոց պատմութեան ամենէն ահաւոր աղէտը՝ Մեծ Եղեռնը: