Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գործունէութիւններուն ծիրին մէջ, Հ.Ե.Ը Անդրանիկ Սեւանի եւ Անթիլիասի ընկերային զոյգ վարչութիւններուն նախաձեռնութեամբ, ի ներկայութիւն Հ.Ե.Ը.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներու,մտաւորական ընտրանիի մը, պատկառելի թիւով երիտասարդութեան եւ բարեկամներու, Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2015-ի, երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական պատմական բացիկներու ցուցադրութեան յիշատակելի երեկոյ մը:
Յանուն Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի եւ Անթիլիասի վարչութիւններուն, Սարհատ Սարհատեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս՝ Պերճ Սվաճեանը:
Յարգելի բանախօսը, Լիբանանէն Գանատա գաղթելէ ետք, ձեռնարկած է երախտաշատ աշխատանքի մը, հայ եւ օտար շրջանակներու մօտէն հաւաքագրելով հայկական բացիկներ: Չորս տարիներու հետեւողական եւ տքնաջան այս պրպտումներուն արգասիք՝ պատրաստած է հարիւր եւ աւելի տարիներու վրայ երկարող, շուրջ երկու հազար հայկական նամակներու եւ բացիկներու իւրօրինակ հաւաքածոյ մը, որ կ’ընդգրկէ Արեւմտեան Հայաստանէն քաղաքներ, թաղամասեր, տեսարժան վայրեր, կրթական եւ հոգեւոր կեդրոններ,Ատանայի կոտորածը, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը, հայկական կարգ մը ոստաններու կազմաւորումը, տարբեր քաղաքներու մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախաձեռնութեամբ՝ որբահաւաքի եւ կրթական գործունէութեան առօրեայէն լուսանկարներ : Պերճ Սվաճեան յաջողած է մոռացութեան փոշիներուն տակէն «լոյս աշխարհ» բերել պատմամշակութային եզակի նմոյշներ:
Պերճ Սվաճեան իր արխիւային պրիսմակէն ցուցադրեց շուրջ երկուհարիւր տաս բացիկ: Ներկաները անոնց ընդմէջէն վերապրեցան հայ ժողովուրդի պատմութեան, հոգեմշակութային կոթողներու, ազգային դէմքերու,ինչպէս նաեւ պատմական իրադարձութիւններու յիշատակները: Որոշ բացիկներու պարագային, ան տուաւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ:
Պերճ Սվաճեան շեշտեց, թէ Հարիւրամեակը պարզապէս անկիւնադարձային թուական մըն է նոր թափով շարունակելու մեր ժողովուրդին պահանջատիրական երթը: Հուսկ՝ Պերճ Սվաճեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Ձեռնարկի աւարտին, Հ.Ե.Ը.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Թելվիզեան յուշանուէր մը փոխանցեց Պերճ Սվաճեանին, իսկ Մայտա Քիւրեճեան, Հ.Ե.Ը.-ի վեթերան սկաուտներուն անունով՝ սկաուտական փողկապ մը:
Գնահատելի այս երեկոյի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը: