ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Life100» խորագիրով՝ հայկական գեղարուեստին նուիրուած ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ (1601 West Mountain Street, Glendale, CA 91201), ուր պիտի ցուցադրուին աւելի քան 50 հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ ակնյայտ է Հայկական Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը։
Մարտ 14էն Մայիս 1ի միջեւ երկարող ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Life100» յանձնախումբին կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Կլենտէյլի գրադարանի Արուստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին ու Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինին։ Պիտի հրատարակուի նաեւ ցուցահանդէսի գրքոյկը։
Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կ.ե. ժամը 2ին։ Ցուցահանդէսին զուգահեռ, ծրագրուած են շարք մը այլ ձեռնարկներ։ Այսպէս՝
– Մարտ 22ին, կ.ե. ժամը 2էն 7, կազմակերպութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին տեղի պիտի ունենայ հայ եւ թուրք բեմադրիչներու պատրաստած եւ Ցեղասպանութենէն ետք հայ-թուրք բարդ յարաբերութեանց նուիրուած շարք մը կարճ վաւերագրական ֆիլմերու ցուցադրութիւն։
– Մարտ 28ին, կ.ե. ժամը 2էն 4, Ֆրեզնոյի նահանգային Նոր երաժշտութեան համոյթը Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած համերգ մը պիտի տայ՝ հովանաւորութեամբ «Brand Associates»ի եւ ՀԲԸՄի։
– Ապրիլ 4ին, կ.ե. ժամը 3է 5, տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէսի քննարկում եւ ցուցահանդէսի գրքոյկի ներկայացում։
– Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 7-8, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ՝ կազմակերպութեամբ Տիգրանա Զաքարեանին։
– Ապրիլ 19ին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, Միքայէլ Աւետիսեան պիտի ներկայացնէ Կոմիտասէն գործեր։
– Ապրիլ 30ին, երեկոյեան ժամը 7էն 10 տեղի պիտի ունենայ Փարաջանովի «Նռան Գոյնը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը (1968), որմէ անմիջապէս ետք պիտի կայանայ փակման հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.life100.org կայքը։