ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան դարձաւ «Եու թիուպ»-էն սփռուող «Շուլ քատիէ» յայտագիրին հիւրը: Հաղորդավար Ռապիհ Եասինի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի «Հայկական երեսփոխանական պլոքը մաս կը կազմէ՞ Հզօր Լիբանան համախմբումին» հարցումին պատասխանելով հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը 2005-էն ի վեր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցն է: «Օրին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մաս կը կազմէինք, իսկ այսօր` Հզօր Լիբանան համախմբումին: Երեք երեսփոխաններէ բաղկացած Հայկական երեսփոխանական պլոքը դաշնակից է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն, եւ անոնք միասնաբար կը կազմեն Հզօր Լիբանան համախմբումը», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումներուն առանձնայատուկ ըլլալուն կամ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որոշումներուն միշտ համաձայն գտնուելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ առաջին իսկ օրէն, երբ զօր. Միշել Աուն տակաւին հանրապետութեան նախագահ չէր ընտրուած, իրենց յարաբերութիւնները հիմնուած եղած են փոխադարձ յարգանքի եւ ինքնորոշումի իրաւունքը պահպանելու սկզբունքին վրայ: «Դաշնակցիլ քաղաքական ուժի մը եւ անոր հետ նոյն համախմբումին մէջ ըլլալ չի նշանակեր բոլոր որոշումներուն համաձայն ըլլալ եւ ստորագրել, որովհետեւ քննարկում կամ խորհրդակցութիւն կայ: Մենք անկախ գոյութիւն ենք իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, ինչպէս որ իրենք ազատ են ու անկախ իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք: Քննարկումները մնայուն են, եթէ անոնք տարակարծութեամբ աւարտին, ապա իւրաքանչիւրը իր կեցուածքը կ՛որդեգրէ: 2005-էն ի վեր շատ են օրինակները, որոնց պարագային ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումները եղած են տարբեր եւ առանձնայատուկ: Այս ոճն ու եղանակը ժողովրդավարական են եւ առողջ:
Մէկը միւսէն չի նեղուիր, պարզապէս իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր անունով հաղորդագրութիւն կը հրապարակէ», ըսաւ ան:
ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող նախագահական ընտրութեան թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նման հարցումի մը պատասխանելու համար պէտք է իմանալ, թէ որո՛նք են թեկնածուները: «Նախագահական ընտրութեան թեկնածուներու պարագային կան երկու տեսակի դասակարգումներ. բնական թեկնածուներ եւ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած թեկնածուներ: Տակաւին յստակ համոզում մը չունինք, թէ ո՛վ է նախագահական ընտրութեան հիմնական թեկնածուն: Այո՛, կան հանրապետութեան նախագահին վերագրուող յատկանիշներ, սակայն անոնք անպայմանօրէն չեն յարգուիր: Հայկական երեսփոխանական պլոքը ցարդ որոշում չէ տուած նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուին մասին, սակայն լայն իմաստով մենք համաձայն ենք թեկնածուի մը, որ ստանայ խորհրդարանին մեծամասնութեան քուէները: Պլոքը կը մերժէ 65 քուէներով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ կը խօսինք հանրապետութեան նախագահին մասին, որ այս վիճակին մէջ գտնուող երկիրը պիտի կառավարէ յառաջիկայ վեց տարիներուն համար: Համաձայն չենք հանրապետութեան նախագահի մը, որուն դէմ է խորհրդարանին կէսը, որ ժողովրդավարական իմաստով կը նշանակէ ժողովուրդին կէսը: Կարելի չէ այդպէս ընել եւ ապա նախագահին դէմ պայքարիլ, անոր աշխատանքը խոչընդոտել եւ առիթ չտալ, որպէսզի ան իր սահմանադրական լիազօրութիւններուն ընդմէջէն կարենայ կառավարել երկիրը: Այսինքն` ստեղծել ժխտական կացութիւն մը` արդէն տագնապալի երկրի մը մէջ, եւ անելի մատնուիլ: Հետեւաբար պէտք է մեր ժամանակը առնենք, վերջ տանք բարձր առաստաղով յայտարարութիւններուն, փայտեայ բառամթերքին եւ գրգռիչ կեցուածքներուն: Լիբանանի վիճակը ցաւալի է եւ աղէտալի, եւ եթէ այսօր բոլորս միասին չմտածենք երկրին տագնապներուն լուծումներուն մասին, ապա կարելի չէ նորահաս սերունդներուն հետ խօսիլ», հաստատեց ան:
Նախագահական ընտրութեան հաւանական թեկնածուի մը անունին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սովորութիւն չունի անուններով արտայայտուելու, որպէսզի աւելի ազատ եւ ճկուն ըլլայ իր որոշումներուն մէջ: «Իւրաքանչիւր քաղաքական անձնաւորութիւն ունի իր բարոյական ուժը: Պէտք է յարգել թեկնածուները: Այսօր մենք տակաւին չենք հասած այն փուլին, որ կը փափաքինք անուններ տալ, հակառակ անոր որ թեկնածուներու անուններ կան: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր դաշնակիցներուն եւ ոչ դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ, որովհետեւ ի վերջոյ պիտի ընտրուի բոլոր լիբանանցիները ներկայացնող հանրապետութեան նախագահ մը: Իսկ բոլոր լիբանանցիները պէտք է յարգեն հանրապետութեան նախագահը եւ ոչ թէ երկամեակէ մը ետք սկսին «Նախագահը զիս չի ներկայացներ, թո՛ղ հեռանայ»-ի յանկերգին, որ փորձանք մըն է, որ Լիբանանը կը տառապեցնէ 1949-էն ի վեր: Եթէ մենք պիտի ընտրենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ տագնապի ստեղծման պիտի ծառայէ, ապա ոչինչ կատարած կ՛ըլլանք», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան զօրակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Միշել Մուաուատ բարեկամ է, աւելցնելով, որ անոր հօր` հանրապետութեան նահատակ նախագահ Ռընէ Մուաուատի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ եղած են բարեկամական կապեր:
«Հակառակ այս իրականութեան, տակաւին Միշել Մուաուատի հետ հանդիպում տեղի չէ ունեցած: Ճիշդ է, որ ան լուրջ թեկնածու է, հանրապետութեան նախագահի յատկանիշները ունի, սակայն այլ թեկնածուներ նաեւ ունին յատկանիշներ: Եթէ նոր դէմքերու մասին կը խօսինք, կայ Մուաուատը եւ կան ուրիշներ` նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, նաեւ քաղաքական իրենց դիրքորոշումները փոխած կարգ մը երեսփոխաններ, որոնք իրենց թեկնածութեան մասին կը խօսին», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2022-ի նիստին կարելի պիտի չըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել: Ան կասկածի տակ առաւ նաեւ նիստին օրինաթիւ գոյացնելու հաւանականութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ 13 հոկտեմբերին եւ նախապէս 14 սեպտեմբերին նախագահական ընտրութեան հրաւիրելու թուականներու ընտրութիւնը դիտմամբ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք այդպէս չի կարծեր:
«Եթէ կը փափաքինք տակաւին հարցեր ստեղծել երկրին մէջ, կարելի է այդպէս մտածել, սակայն ինչո՞ւ յաւելեալ հարցեր ստեղծել, արդէն իսկ շատ շատ են հարցերը», նշեց Յ. Բագրատունի:
«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ եթէ առաջադրուի թեկնածու մը, որուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը համաձայն չէ, ապա կարելի՞ է մետասաներորդ պահուն այո՛ ըսել այդ թեկնածուին». հետեւեալ հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ հաստատ ոչ:
«Այսինքն, այնպէս չէ, որ մենք անակնկալի պիտի բերենք զիրենք, սակայն եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը թեկնածու ունենայ, ապա մենք սկիզբէն քննարկած կ՛ըլլանք այդ թեկնածուին կարելիութիւնը, ապա կը ներկայանանք խորհրդարան», ըսաւ ան:
Բանակայիններու իշխանութեան հասնելու գաղափարին դէմ ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք զօր. Էմիլ Լահուտի օրերէն, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու էր, դէմ եղած է այն սովորութեան, որ բանակի հրամանատարը պէտք է ընտրուի հանրապետութեան նախագահ, որովհետեւ անիկա ապառողջ սովորութիւն մըն է:
«Այսպիսով, նախ լիբանանեան բանակ կը հասնի քաղաքականութիւնը, յատկապէս մարոնի սպաներուն մօտ, իսկ երկրորդ` կ՛ըլլայ այն համոզումը, որ բանակի հրամանատարը, որ յաջող զինուորական մըն է, կրնայ նաեւ հանրապետութեան յաջող նախագահ մը դառնալ: Այն պահուն, երբ բանակի հրամանատարը կը հեռանայ բանակէն, բանակը նոր հրամանատար կ՛ունենայ, իսկ եթէ պատմութեան վերադառնանք, ամէն անգամ որ բանակի հրամանատարը դառնայ հանրապետութեան նախագահ եւ բանակը ունենայ նոր հրամանատար, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները միայն առաջին տարին է, որ լաւ կը մնան, յաջորդ 3-4 տարիներուն այդ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կ՛արձանագրուի, իսկ վերջին տարիներուն յարաբերութիւն չի մնար, որովհետեւ բանակի հրամանատարը ինքզինք նախագահի թեկնածու կը սկսի նկատել», ըսաւ ան:
Հարցազրոյցին ընթացքին նշուեցաւ, որ այդ չէ պարագան ներկայիս, յատկապէս բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ, որ խնդրած է իր անունը նկատի չունենալ նախագահական ընտրութեան իբրեւ թեկնածու:
«Բայց եւ այնպէս եւ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով, կարելի է շեշտել, թէ քուլիսներու ետին անոր մասին կը խօսուի իբրեւ համախոհական թեկնածու: Արդեօք Հայկական երեսփոխանական պլոքը կ՛ընտրէ՞ զօր. Ժոզեֆ Աունը» հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ սկսելու համար պէտք է սահմանադրական փոփոխութիւն կատարուի եւ ընդմիշտ փոփոխութիւն` այս կէտին, եւ աւելցուց, որ եթէ անոր անձին շուրջ համալիբանանեան համախոհութիւն կայ, ապա Հայկական երեսփոխանական պլոքը ոչ մէկ հարց ունի բանակի հրամանատարը ընտրելու:
«Նախագահական ընտրութեան պարագային պէտք է մարտահրաւէրներէ հեռու մնալ, որովհետեւ պէտք է մտածել երկրին ապագային մասին, յատկապէս այս փուլին ընթացքին», յայտնեց ան:
Հըզպալլայի զէնքին մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ զէնքը գոյացած է Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումէն ետք: «Մենք կը զօրակցինք Դիմադրութեան` թշնամի Իսրայէլի դէմ, եւ չենք զօրակցիր Դիմադրութեան, եթէ անոր զէնքը ներքին լիբանանեան իմաստով պիտի գործածուի: Իսկ եթէ Լիբանանի մէջ կայ մէկը, որ կը մտածէ, թէ Հըզպալլայի զէնքը զուտ լիբանանեան թղթածրար է, որ հանրապետութեան նախագահին կամ կառավարութեան որոշումով կը լուծուի, ապա ան ոչինչ կը հասկնայ քաղաքականութենէն եւ աշխարհագրութենէն: Հըզպալլայի զէնքին թղթածրարը Լիբանանէն աւելի մեծ է, եւ եթէ քարին չափը մեծցնենք` ոչ մէկ լուծման պիտի յանգինք», ըսաւ ան:
Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքականութեան եւ պատմութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին աշխարհագրական իրականութիւնները: «Ո՛չ կրնանք Լիբանանը այս շրջանէն վերացնել, ո՛չ ալ Սուրիան: Մենք այն քաղաքական ուժերէն ենք, որ Սուրիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունեցած ենք եւ կը շարունակենք ունենալ: Պատերազմի օրերուն մենք Դամասկոսի, Լաթաքիոյ կամ Քըրտեհայի մէջ աշխատանքներ, յարկաբաժիններ եւ առանձնատուներ չենք ունեցած, ո՛չ ալ վաճառականական կապեր ստեղծած ենք անոնց հետ: Սուրիոյ հետ քաղաքական մեր յարաբերութիւնները պահպանած ենք, եւ մեր յարաբերութիւնը այսօր Սուրիոյ դեսպանին միջոցով է, կամ ալ Սուրիոյ հայկական գաղութին ու կարգ մը պատասխանատուներու միջոցով, որովհետեւ մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, սուրիահայ գաղութին հետ կը գործակցինք», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ Լիբանան իր դռներն ու պատուհանները բաց ձգէ, ապա բոլորին շահերուն կը ծառայէ միջամուխ դառնալ լիբանանեան ներքին հարցերուն: «Եթէ մենք որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ խնդրեցինք, որ միջամտեն, ապա պէտք է գիտնանք, որ ի վերջոյ պատասխանատուութիւն կայ ստանձնուելիք: Համոզուած եմ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութիւնները պէտք է վերահաստատել, յատկապէս` տնտեսական առումով: Իսկ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով, մենք համաձայն ենք անոնց տունդարձին` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին», հաստատեց ան:
Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ սահմանադրութիւնը բացթողումներ ունի, սկսելով հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններէն, հասնելով մինչեւ վարչապետի իրաւասութիւններ, համայնքային դրութիւնը ջնջելու մօտեցում, ինչպէս նաեւ այլ հիմնական բացթողումներ: «Պէտք է յստակ ըլլայ մէկ բան, որ սահմանադրութիւնը Աստուածաշունչ չէ, այլ` օրէնք է ու կանոն, որ ժողովուրդի մը ու երկրի մը կարիքներուն համար ստեղծուած է: Հետեւաբար, երբ հայրենիքի մը կարիքները կը փոխուին, ապա սահմանադրութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկել` այդ կարիքներուն հետ պատշաճեցում կատարելու համար: Սակայն այսօր` այս պայմաններով, անկարելի է սահմանադրական փոփոխութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ ոմանք այդ քայլը պիտի նկատեն սադրանք: Իսկ ես անձամբ նման քայլ մը կրնամ կոչել նոր տագնապներու առաջնորդող դռներու բացում, տագնապներ, որոնց բեռը չենք կրնար հանդուրժել այս փուլին», ըսաւ ան:
Խօսելով Թաէֆի համաձայնագիրին մասին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ անոր նպատակն էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը դադրեցնել: «Թաէֆի համաձայնագիրը կը վայելէր ամերիկեան, սուրիական, սէուտական եւ համաշխարհային օրհնութիւն, անիկա որդեգրուեցաւ Լիբանանի համար: Այսօր կը նշմարենք, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան առումով դժուարութիւն կայ, բայց զայն վերատեսութեան ենթարկելը կրնայ աւելի եւս բարդացնել հարցերը: Սակայն Թաէֆի գործադրութեան իմաստով մօտեցումը վերատեսութեան ենթարկելը անհրաժեշտ կը գտնենք, եւ այդ մէկը կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ուղղակի երկխօսութեամբ: Երկխօսութիւնը միակ միջոցն է ու զէնքը, որ պէտք է որդեգրուի Լիբանանի հարցերը լուծելու», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ սիւննի երեսփոխանները հրաւիրելու եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելու նախաձեռնութեան վերաբերեալ իր դրական կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ինքզինքս պիտի հակասեմ այս իմաստով, որովհետեւ լիբանանահայութեան պարագային հոգեւոր պետերը քաղաքականութեան միջամուխ չեն դառնար, բացի եթէ հարցը ընդհանրական է` մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովուրդին շահերուն վերաբերող: Մեր կաթողիկոսն ու առաջնորդը ամէն կիրակի քաղաքական պատգամներ չեն ուղղեր իրենց քարոզներուն ընդմէջէն: Ճիշդ է, որ ժողովուրդին մէջ կայ խաւ մը, որ հոգեւոր պետերուն աւելի կը վստահի, քան` քաղաքական անձնաւորութիւններուն, սակայն միւս կողմէ, պայման չէ, որ հոգեւոր պետերուն տեսակէտները քաղաքական իմաստով անպայմանօրէն ճշգրիտ ըլլան: Միւֆթի Տըրիանի առած քայլը դրական էր, այո՛, եւ այդ առումով ալ ես կոչ ուղղեցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն` հանրապետութեան միւֆթիին օրինակին հետեւելու եւ նախաձեռնելու քրիստոնեայ կուսակցութիւններու ղեկավարները համախմբելու քայլին: Դժբախտաբար, երբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը յայտարարէ, թէ ինք քրիստոնեայ ղեկավարները հրաւիրած է հանդիպումի, ան միայն մարոնի չորս ղեկավարները հրաւիրած կ՛ըլլայ: Այսինքն` ճիշդ չէ, որ միշտ իրենք տան որոշումները, իսկ միւսները ստիպուին հետեւիլ այդ որոշումներուն: Այս հանդիպումին մէջ ո՞ւր են յոյն ուղղափառները, ո՞ւր են յոյն կաթողիկէները, ո՞ւր է հայ համայնքը, ո՞ւր են քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները: Հանրապետութեան նախագահութիւնը քրիստոնեաներուն է, որոնք ներկայացուած են մարոնի համայնքով: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կը հաստատեմ, որ քրիստոնեաները իրենց տեսակէտը ունենալու իրաւունք ունին»:
Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի վերահաստատեց իր կարծիքը, թէ ինք սկսած է նմանիլ Թովմաս առաքեալին, եւ կառավարութեան կազմութեան մասին դրական մթնոլորտի լուրերուն չի հաւատար, մինչեւ կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրի յայտարարութիւնը:
Իսկ թէ ինչո՞ւ կը պնդեն նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կայ նախագահական ընտրութիւն կատարելու դժուարութիւն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնելու սահմանադրական մեկնաբանութիւն, որ լուրջ հարցերու դռներ կրնայ բանալ, եւ այդ պատճառով է, որ կը պնդեն կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:
«Այս կառավարութիւնը կազմուած է նոր խորհրդարանի ընտրութենէն առաջ, եւ մասնագէտներու կառավարութիւն ըլլալով հանդերձ, նոյնիսկ անկարող է լուծելու հացի տագնապը, Քոքոտիի կամուրջին տակ գտնուող ելեկտրական թելերու գողութեան խնդիրը, հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ անոր վստահիլ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները, որոնք առաւելագոյն չափով քաղաքական են: Եթէ մենք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անկարելիութեան դիմաց կը գտնուինք, ապա պէտք է կազմուի նոր կառավարութիւնը: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօրուընէ ուղղուի նախագահական պալատ եւ նախագահ Աունի հետ կազմէ նոր կառավարութիւնը` առանց սպասելու վերջին շաբթուան: Թող վարչապետը վերջ տայ իր ճամբորդութիւններուն եւ կազմէ կառավարութիւնը», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահական եւ կառավարական դատարկութեան ստեղծման պարագան փորձանք է Լիբանանի համար, որովհետեւ այս կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէն չունի:
31 հոկտեմբերին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական պալատէն հեռանալու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք երեք անգամ հանդիպած է նախագահին հետ եւ ամէն անգամ ալ նկատած է, որ նախագահ Աունի մօտ Պաապտայէն հեռանալու կառչածութիւնը աւելի շեշտուած է եւ խորացած է այդ իմաստով:
Իսկ թէ երկիրը ո՞ւր կրնայ հասնիլ` նախագահական եւ կառավարական դատարկութեան դիմաց, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ո՛չ ոք գիտէ այդ մասին: Աստուած փրկէ Լիբանանը»:
Ծովային սահմանագծումին առումով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած խախտումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանի կողմէ ներկայացուած վերջին դիտողութիւններու մանրամասնութիւններուն ծանօթ չէ, որովհետեւ այդ թղթածրարը ունի իր պատասխանատուները, որոնց նկատմամբ վստահութիւն կայ:
«Հաւանաբար սահմանագծումի հարցով լիբանանցիները չափազանց լաւատեսական էին` նախքան ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումը: Այս փուլին ընթացքին դժուար, թէ Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին մասին համաձայնութիւն յայտնէ, ինչպէս նաեւ անհաւանական է, որ գետնի վրայ զինուորական գործողութիւններ արձանագրուին, այլ` մագլցումները պիտի ըլլան քաղաքական յայտարարութիւններու մակարդակին վրայ` ներքին իսրայէլեան ուղղուածութեամբ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կողմին վրայ ճնշում պիտի բանեցնեն` յետս կոչելու դիտողութիւնները: Սակայն մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան անշեղ պիտի մնայ իր կատարած դիտողութիւններէն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան ուշացած է իր ջուրերուն մէջ նաւթի ու կազի հորերը հորատելու եւ սահմանագծումի բանակցութիւններուն սկսելու: «Սակայն այսօր հասած ենք փուլի մը, դժբախտաբար բոլորս պատասխանատու ենք երկիրը հասցնելու ծնրադիր դարձնելու քաղաքականութեան: Սկսած ենք ամէն բանի հաւանութիւն տալ, օրինակ` քիչ քանակով նաւթի, քիչ քանակով մազութի, քիչ մը ալիւրի եւ քանի մը հատիկ ցորենի: Միջազգային դրամական ֆոնտը յառաջիկային կրնայ նախապայմաններ պարտադրել Լիբանանին, ինչպէս` սուրիացի տեղահանուածներուն համարկումն ու պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը: Ճի՛շդ է, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը կրնայ փրկել Լիբանանը` ներդրումներ ապահովելու միջոցով, սակայն Լիբանան տակաւին 5 տարուան կարիք ունի` նաւթ արտահանելու, մինչդեռ Իսրայէլը պատրաստ է եւ արդէն իսկ կ՛արտահանէ ու կը վաճառէ: Դարձեալ կը կրկնեմ, որ երկիրը աղէտի մէջ կը գտնուի, եւ եթէ մենք քինախնդրութենէ հեռու, անձնական, տեղայնական եւ կուսակցական շահերէ հեռու, միացեալ որոշումով չառաջնորդուինք, պիտի չկարենանք դուրս գալ աղէտալի այս վիճակէն», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Հարցազրոյցի աւարտին երեսփոխան Բագրատունիի տրուեցաւ առիթ մը` ընտրելու անձնաւորութիւն մը եւ անոր ուղղելու խօսք մը: Ան ընտրեց հանրապետութեան նախագահ Աունը, որուն ուղղեց հետեւեալ խօսքը. «Վարձքդ կատա՛ր պարոն նախագահ: Հազա՛ր ապրիս, շատ յոգնեցար: Քու երազներդ մեծ էին եւ անոնք կը շարունակեն մնալ բարձր մակարդակի վրայ: Երկրին հանդէպ անոր նայուածքը հայեացք մըն է, որով հպարտ կրնայ ըլլալ լիբանանցի նորահաս սերունդի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ, սակայն դժբախտաբար ան չկրցաւ իրականացնել իր երազները: Չկրցաւ հասնիլ անոնց: Հաւանաբար նաեւ չէր գիտեր, որ քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ փտածութեան ցանցը այդքան խոր է ու ճիւղաւորուած: Անոր ձգտումները բարձր մակարդակի վրայ էին, սակայն դժբախտաբար անոր նախագահութեան նստաշրջանը աւարտած է եւ կարելի չէ եղած հասնիլ անոր երազներուն կէսին իրականացման»: