Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Քաղաքական Բոլոր Կողմերուն` Ցուցաբերելու Պատասխանատուութեան Առաւելագոյն Գիտակցութիւն Եւ Ընթացք Չտալու Քաղաքական Սուր Բանավէճերու

April 30, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Քաղաքական Բոլոր Կողմերուն` Ցուցաբերելու Պատասխանատուութեան Առաւելագոյն Գիտակցութիւն Եւ Ընթացք Չտալու Քաղաքական Սուր Բանավէճերու

Հայկական երեսփոխանական պլոքը 29 ապրիլին գումարեց ժողով մը` գլխաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մասնակցութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Ժողովականները առաջին հերթին քննարկեցին «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով ստեղծուած կացութիւնը, անոր ազդեցութիւնը լիբանանցիներուն վրայ եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին այս գծով պետութեան առած քայլերուն, անոնք նաեւ անդրադարձան այս ուղղութեամբ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին կատարած աշխատանքներուն:

Պլոքի անդամները արծարծեցին նաեւ երկրի ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի ծանր պայմաններուն, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման, սղաճին եւ անգործութեան վերաբերող հարցեր, որոնք իրենց ծանր անդրադարձը կ՛ունենան լիբանանցիին վրայ: Այս առիթով պլոքը կոչ ուղղեց պետութեան` փտածութեան դէմ պայքարի եւ պետութենէն կողոպտուած գումարներու վերադարձի անհրաժեշտ օրինագիծեր մշակելու եւ գործնական քայլերու դիմելու: Պլոքը նաեւ շեշտեց կառավարութեան տնտեսական, բարեկարգչական ծրագիրի անյապաղ որդեգրման կարեւորութիւնը` ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան առաջքը առնելու համար:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր հասկացողութիւնը յայտնեց ժողովրդային բողոքի շարժումին նկատմամբ, որ կը պահանջէ քաղաքացիներու արժանապատիւ կեանքի ապահովման, տարրական իրաւունքներու յարգում: Պլոքը միաժամանակ զգուշացուց` ժողովրդային շարժումի ճամբով երկրին ապահովական կացութիւնը խախտելու փորձերէն եւ կոչ ուղղեց` յարգելու «Քորոնա»-էն պաշտպանուելու համար ընկերային հեռաւորութեան եւ նախազգուշական այլ միջոցառումներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը:

Երեսփոխանական պլոքը դրուատեց «Քորոնա»-ի համաճարակի դիմագրաւման համար միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ի գործ դրած ճիգերը, որոնք արտակարգ դրութեան այս օրերուն կը ջանան օժանդակել ընկերային անապահով ընտանիքներու:

Վերջապէս, Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն` ցուցաբերելու պատասխանատուութեան առաւելագոյն գիտակցութիւն եւ ընթացք չտալու քաղաքական սուր բանավէճերու եւ հակադրութիւններու, նաեւ ժողովուրդին առօրեայ ապրուստին կապուած հարցերը չշահագործելու իրենց անձնական ճղճիմ շահերուն համար:

Previous Post

Քիչ մըն ալ…գիտութիւն

Next Post

Թրամփ Քաջութիւն Չունի Զայն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Կոչելու

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.