ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ 3 Ապրիլի երեկոյեան, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ռմբակոծեցին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը՝ Թովուզի շրջանի Աղդամի ուղղութեամբ:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը իռ կարգին հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այս ապատեղեկատուութիւնը՝ շեշտելով, որ այդ պնդումը չի համապատասխաներ իրականութեան:
«Հայկական կողմը Ադրբեջանի Զու ուղղութեամբ կրակ չի բացել, իրադրութիւնը հայ-ադրբեջանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ գտնւում է Հայաստանի զինուած ուժերի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: