Հովանաւորութեամբ Հալէպի Համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, Հալէպի Համալսարանի Ուսանողական Ընկերակցութիւնը, գործակցութեամբ Հայ Երիտասարդաց Մշակութային Միութեան, կը կազմակերպէ Հայկական Մշակութային Շաբաթ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Տեղի կ՚ունենայ Հալէպի Համալսարանին մէջ 14, 15, 16 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-4:00ին։
Երեքշաբթի, 14 Մայիս
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝
«ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ»,
14-15-16 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11:00-4:00, Բժշկական համալսարանի «Ռազի» ցուցասրահին մէջ։ Բացումը՝ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11:00- ին։
Չորեքշաբթի, 15 Մայիս
ԵԼՈՅԹ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲՆ ՈՒ «ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ,
Տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահին մէջ։
Հինգշաբթի, 16 Մայիս
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ «ՍՊԻՏԱԿ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ, ՄԵՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍԻՐՈՒԱԾ ԵՐԳՈՂՆԵՐ ՀԱՄԲԻԿԻ ԵՒ ՎԱՀԷԻ։
Տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահին մէջ։