ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արհեստական բանականութեամբ բանող հայկական «Ռոպին»ը մարդամեքենան ամերիկեան TIME ամսագիրը համարած է 2021ի լաւագոյն նորարարութեաններէն մէկը:
TIME-ի նորագոյն թիւը նուիրուած է 2021ի 100 լաւագոյն նորարարութիւններուն, որոնց մէջ իր ուրոյն տեղը գտած է հայկական մարդամեքենան: TIME-ը մարդամեքենամ կոչած է «հոգատար ընկեր»:
Ամսագիրը պատմած է հայկական բուժարանի մը մասին, երբ թոքաբորբով հիւանդ 8 տարեկան մանուկը երկու օր մերժած է ուտել, որմէ ետք անձնակազմը «Ռոպին»ը հրաւիրած է աղջկան հիւանդանոցի սենեակը: Շուրջ 20 վայրկեան սիրելի կենդանիներու մասին զրոյցներէ եւ «Ես լրտես եմ» խաղալէ ետք, «Ռոպին»ը հրաժեշտ տուած է եւ խոստացած է վեադառնալ, երբ ինք սկսի ուտել: Անշուշտ, ան սկսած է ուտել:
Մեծ աչքերով եւ կենսուրախ բնաւորութեամբ «Ռոպին»ը արհեստական բանականութեամբ գործող ուղեկից մըն է, որ կոչուած է թեթեւցնելու հիւանդանոցներու եւ բուժարաններու մէջ մանուկներու անհանգստութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ առանձնութիւնը:
TIME-ը մէջբերած է մարդամեքենայի հեղինակ Կարէն Խաչիկեանի այն խօսքը, որ իրենց խումբի նպատակը ոչ թէ սարք մը, այլ մանուկներու յուսալի ընկեր մը հնարելը եղած է: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ «Ռոպին»ը կ՛օգտագործուի աշխարհի 12 բժշկական հաստատութիւններու մէջ եւ յառաջիկայ 12 ամիսներուն պիտի տեղադրուի ամերիկեան 100 հիւանդանոցներու մէջ:
«Սա աննախադէպ յաջողութիւն է ոչ միայն մեր խումբին, այլեւ ամբողջ Հայաստանի համար: TIME ամսագրի լաւագոյն 100 նորարարութիւնների շարքում յայտնուելն իսկապէս մեծ յաղթանակ է մեր երկրի եւ ամբողջ գիտական ներուժի համար: Պարտաւորեցնող է եւ միաժամանակ չափազանց հաճելի», յայտնեց Կարէն Խաչիկեան, որ մարդամեքենան հնարած Expper Technologies հայկական ընկերութեան համահիմնադիրն է: