Խօսիլ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հայ ժողովուրդի մասնակցութեան մասին,առանց յիշատակելու Արարայի յաղթական ճակատամարտը եւ Հայկական Լեգեոնը, մեղանչում մը պիտի ըլլայ ճշմարտութեան դէմ: Արարա (Այժմ՝ Նապլուս) ընդունուած է իբրեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի վճռորոշ ճակատամարտներէն մէկը:
Արարայի ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 1918-ին, Պաղեստինի Արարա բարձունքին վրայ՝ ֆրանսական բանակի մէջ գործող Հայկական Լեգեոնին եւ թրքական բանակին միջեւ: 1914-ին, Հայոց Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար, Եգիպտոսի նախկին վարչապետ Պօղոս Նուպար Փաշայի ջանքերով, Լոնտոնի մէջ, Մարք Սայքսի եւ Ժորժ Փիքոյի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ, ֆրանսական բանակին կից պիտի ստեղծուէր Հայկական Լեգեոնը, որ յետագային պիտի դառնար Կիլիկիոյ Հայկական Հանրապետութեան բանակին կորիզը…: Ֆրանսա կը խոստանար ինքնավարութիւն շնորհել Կիլիկիոյ հայերուն: Նորակազմ Լեգեոնը պիտի մասնակցէր Պաղեստինեան ճակատի գործողութիւններուն: Արարա բարձունքին վրայ, հայկական զօրքը յաջողեցաւ ճեղքել թշնամիին ճակատը: Ռազմական այս յաջողութիւնը ապահովեց անկլօ-ֆրանսական զօրքերու ընդհանուր յարձակումը եւ թրքական բանակին լիակատար պարտութիւնը:
Շնորհիւ Արարային, Միջին Արեւելքի մէջ ջախջախուեցաւ թուրք-գերմանական զօրքերու վերջին ամրոցը եւ արագացուց Գերմանիոյ դէմ Դաշնակիցներու յաղթանակը:Արարայի ճակատամարտին հերոսական յաղթանակը արժանացաւ Դաշնակիցներու եւ պատմաբաններու միահամուռ հիացմունքին: Դժբախտաբար, հայրենի նորանկախ պետականութիւնը եւ հայ քաղաքական միտքը արժանին չի մատուցեր այս ճակատամարտին բացառիկ նշանակութեան: Յանուն պատմութեան, բրիտանական բանակը երեք առիթներով փորձած էր գրաւել Արարա անառիկ լեռը: Երեք անգամ անոնք մատնուած էին ձախողութեան: Ցաւալի է, որ հայ պատմաբաններ տակաւին ըստ արժանւոյն չեն ուսումնասիրած Արարայի ճակատամարտը, Հայկական Լեգեոնին սխրանքները:
Պաղեստինեան անկլօ-ֆրանսական բանակի հրամանատար զօրավար Ալենպի, Արարայի յաղթանակին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ .« Հպարտ եմ իմ հրամանատարութեան տակ հայ զօրամաս մը ունենալու:Անոնք կռուեցան փայլուն կերպով եւ մեծ բաժին ունեցան յաղթանակին մէջ: Եթէ անգլիական երկու հարիւր հազարնոց բանակի փոխարէն՝ իմ հրամանատարութեան տակ ըլլար քսան հազար հայ զինուոր, ամբողջ Միջին Արեւելքը կը նուաճէի»:
Դժբախտաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն անձնուրաց սխրանքները լոկ խաղաթուղթ ծառայեցին անկախութիւն եւ ինքնավարութիւն խոստացող Դաշնակիցներուն: Թուրքիան սիրաշահելու իրենց մրցավազքին մէջ անոնք մոռցան հայ ժողովուրդին շռայլած իրենց խոստումները: Դաշնակից պետութիւններու շահը կը պահանջէր սիրաշահիլ իրենց երէկի թշնամիին:
Արարայի յաղթանակով ոգեւորուած Հայկական Լեգեոնի կամաւորական ջոկատները յաղթական մուտք գործեցին Կիլիկիա: Կիլիկիոյ մէջ պետականութիւն յայտարարելու երազը պիտի դառնար իրականութիւն: Զօրավար Ալենպիի կողմէ գործուղուած գնդապետ Պրեմօն կը ներկայանար իբրեւ .« Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ կառավարիչ»: Ան կը յայտարարէր,թէ ինք առժամեայ պիտի կառավարէր Կիլիկիան,ապա իշխանութիւնը պիտի փոխանցէր հայերուն: Հայկական Լեգեոնը հետզհետէ պիտի տարածուէր Կիլիկիոյ քաղաքները: Ո՞վ կրնար գուշակել, թէ Թուրքիան սիրաշահելու ինչպիսի անհաշտ պայքար կը մղուէր քուլիսներու ետին, ռազմադաշտին մէջ բարբարոս թուրքերը պարտութեան մատնող բրիտանացիներուն եւ ֆրանսացիներուն միջեւ…: Նոյնինքն հայ կամաւորներու ինքնամատոյց յարձակումներուն ականատես ֆրանսացի սպաները, իրենց կամայականութիւններուն գերին սկսած դարձնել լեգեոնականները: Եւրոպայի մէջ նոր դաւեր կը պատրաստուէին Արեւելքի ժողովուրդներուն դէմ:
Ֆրանսական կառավարութիւնը, քեմալական Թուրքիոյ հետ 1920-ի Օգոստոսին ստորագրեց համաձայնութիւն: Կիլիկիան կը յանձնուէր թուրքերուն…: Հայկական Լեգեոնը կը յայտարարուէր լուծարուած: Անոնց մէկ մասը պիտի հեռանար Կիլիկիայէն: Մնացեալները պիտի դառնային ժամանակի գերին եւ պայքարէին յոյսի մինչեւ վերջին կաթիլը: Ցեղասպանութենէն վերապրող Կիլիկիոյ հայութիւնը դարձեալ յանձնուեցաւ սրբապիղծ քեմալական բանակին:
Այսպիսի դաժան ճակատագիր վիճակուած էր Հայ Լեգեոնականներուն եւ հայ ժողովուրդին: Ինքնապաշտպանութեան մահու կենաց կռիւներ մղուեցան Հաճընի, Ատանայի, Ուրֆայի, Այնթապի, Զէյթունի, Չորք Մարզպանի եւ այլ բնակավայրերու մէջ՝ մասնակցութեամբ հայ լեգեոնական կամաւորներուն: Ֆրանսացի զինուորները չմասնակցեցան այդ մարտերուն, յաճախ նոյնիսկ խանգարեցին դիմադրութեան փորձերը:
Արարայի ճակատամարտը մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրենասիրութեան ամենավսեմ մէկ արտայայտութիւնն էր: Իրարմէ քանի մը ամիս հեռաւորութեան վրայ, մեր ժողովուրդի զաւակները, հայոց պետականութիւնը վերականգնելու տեսլականով, Սարդարապատի եւ Արարայի մէջ պարտութեան կը մատնէին թրքական բանակները, յանուն Հայաստանի ապագային,յանուն արդարութեան եւ ազատութեան:
Այսօր, Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն հարիւր տարի ետք, թէպէտ ուշացած, արդեօք նպատակայարմար պիտի չըլլա՞ր քաղաքամայր Երեւանի մէջ յուշարձանով մը յաւերժացնել Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ինկած հայ հերոսներու յիշատակը, որպէսզի մարդկութեան, յատկապէս՝ բարոյական չափանիշներու խորհրդանիշ ներկայացող Եւրոպային յիշեցնենք, թէ որքա՜ն դաժան եւ ճակատագրական եղաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը հայ ժողովուրդին համար: Այսուհանդերձ, մենք հայերս, պետականութիւն չունենալով հանդերձ, գործօն մասնակցութիւն ունեցանք Կովկասեան,Արեւմտեան եւ Արեւելեան ճակատներու վրայ կերտուած բազմաթիւ յաղթանակներու մէջ:
Յուշարձան մը, յիշատակարան մը յիշողութեան եւ անձնուիրութեան անկորնչելի ընծայարաններ են: Ին՜չ աւելի հոյակապ դամբարան, ին՜չ աւելի կուռ եւ ալեխորշ տապանագիր՝ օտար հողի վրայ ինկած հայրենախնդիր հայորդիներու համար: Անոնք՝ Արարայի հերոսները, հաւատացէ’ք պիտի ժպտէին աւազներուն տակէն…
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ