Հայկական PR մրցանակաբաշխութեան հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, «Սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներ» անուանակարգին մէջ «Ազդակ» օրաթերթը 2018- 2019 թուականներուն ընդգրկուած եղած է լաւագոյն եռեակին մէջ:
13 փետրուար 2020-ին Armenian PR Association-ի նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին յանձնեց հաւաստագիրները: