Զօր. Անդրանիկի Ծննդեան 156 Ամեակին Առիթով
Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ- ՊԱՅՔԱՐ 216
«Հայերէն բնագիրով Անդրանիկ Չելեպեանի հեղինակած «Զօրավար Անդրանիկ Եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը» խորագրեալ գիրքը բազմիցս հրատարակուած է Ա.Մ.Ն.-ի եւ Պէյրութի մէջ (Այս յօդուածին համար օգտուած ենք Պէյրութ լոյս տեսած Բ. Տպագրութենէն, Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատուն, 1986, 744 էջ,-Յ.Ի.): Սոյն գիրքին Երեւանի մէջ 1989-ին հրատարակուած 40.000 (որ տակաւին պատկառելի քանակ մըն է) օրինակներու փոխարէն ծրագրուած էր 75.000 օրինակներ հրատարակել, սակայն օրուան կացութեան՝ Խորհրդային Միութեան փլուզման, Հայաստանի մէջ թուղթի սակաւութեան եւ այլ պատճառներով չիրականացաւ: Խորհրդային վերջին տարիներու ըմբշամարտի ախոյեան, որուն անունը կը վրիպի յիշողութենէս (Նորայր Մուշեղեան- Յ. Ի.) [Նորիկ (Նորայր) Թագւորի Մուշեղեան (Նոյեմբերի 2, 1935, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ – Դեկտեմբերի 23, 2011, Երեւան, Հայաստան), հայ խորհրդային ըմբիշ, հայաստանցի աշխարհի առաջին ախոյեան (1958) եւ գաւաթակիր[2]: 1986 թուականին հիմնել է «Զօրավար Անդրանիկ» համազգային միութիւնը։ ԽՍՀՄ մարմնամարզի վաստակաւոր վարպետ (1963), ՀԽՍՀ վաստակաւոր մարզիչ (1967), ՀԽՍՀ մարմնամարզի եւ մարզանքի վաստակաւոր գործիչ (1980), ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան եւ գաւաթակիր (1958), ԽՍՀՄ ախոյեան (1958–1959), ԽՍՀՄ ժողովուրդների II սպարտակիադայի յաղթող (1959), համամիութենական կարգի մրցավար (1974) ԽՄԿԿ անդամ 1967 թվականից https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%86%D5%B8%D6%80%D5%A1%D5%B5%D6%80_%D5%84%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A5%D5%B2%D5%B5%D5%A1%D5%B6] ձեռնարկած է գիրքին վերահրատարակութեան եւ բարոյապէս նպաստած: Ան մեծ ոգեւորութեամբ կը յիշեր թէ ինք իբրեւ խորհրդային ախոյեան քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ ինչպէ՜ս բեմին վրայ կռուած էր թուրք հակառակորդին հետ եւ զայն զգետնած: Ան մեզ տեղեակ պահեց թէ իր մարզարանը կ’օգտագործէ իբրեւ միջոց արտասահմանէն դէպի Արցախ հայ ազատամարտիկներ փոխադրելու համար ու մտադրած էր իւրաքանչիւր ազատամարտիկի նուիրել սոյն գիրքէն օրինակ մը: Ան իր մարզարանի հիւրասենեակի պատին կախած էր Զօր. Անդրանիկի եւ Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի խոշոր նկարները: Ան խոր յարգանք կը տածէր Անդրանիկ Չելեպեանի հանդէպ», կ’ըսէ Ժագ Չելեպեան, հեղինակին որդին:
Անդրանիկ Չելեպեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա 1922-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական Վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք մեկնած է Հալէպ եւ ուսանած Ամերիկեան Գոլէճը (Aleppo College): 1944-ին աւարտելով վերադարձած է Քեսապ, ուսուցչական ասպարէզ մտնելով Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ: Տարի մը ետք ան ուսուցչութեան կը կանչուի Հալէպի վերոնշեալ Գոլէճը, ուր այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ չորս տարի (1945-1949), Հայ Սքուլի կրտսեր դասարաններուն դասաւանդելով ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու: 1949-ին կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը պաշտօնավարէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանը: 1950-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բնախօսութեան (Physiology) բաժանմունքի մէջ աշխատանքի կ’անցնի, ուր կը գործէ 14 տարի: Քովնտի կ’աշխատի գիտական գիրքերու նկարազարդմամբ, երեք բժշկական գիրքերու մէջ: Նաեւ բազմաթիւ յօդուածներով աշխատակցած է Պէյրութի «Ջանասէր», «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» թերթերուն:
Անդրանիկ Չելեպեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընտանեօք Ա.Մ.Ն. կը գաղթէ եւ կը հաստատուի Տիթրոյթ, ուր կը պաշտօնավարէ Ալեք Մանուկեան Վարժարանին մէջ, որպէս հանրային յարաբերութեան վարիչ: Կ’աշխատակցի ամերիկահայ «Նոր Օր», «Նոր Կեանք», «Պայքար», «Տհի Արմինիըն Ռիփորթըր», «Տհի Արմինիըն Օպզըրվըր» (վերջին երկուքը անգլիատառ) եւ այլ թերթերու: Անոր առաջին պատմական աշխատասիրութիւնը «Զօրավար Անդրանիկ եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը» խորագրեալ գործն է, որուն կը հետեւին «Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները Դարերու Ընթացքին» (անգլերէն), ապա «Դրօ» եւ «Հայ Յեղափոխական Դէմքեր» գործերը հայերէն, որոնք թարգմանուած են անգլերէնի:
Անդրանիկ Չելեպեանի գործերուն ընդմէջէն կ’ուրագծուին իր նկարագրային գիծերը: Ան եղած է արթուն միտքի ու ազնիւ հոգիի տէր հայ մարդ: Չելեպեան չէ գոհացած եւ բաւականացած «բարոյական յաղթանակներ»ով միայն, այլ ձգտելով ազատ եւ անկախ մնալու մտածողութեան՝ ծառայած է ազգային գոյատեւման պայքարի փշոտ ու քարքարոտ ճանապարհի գաղափարաբանութեան: Ան ոչ միայն Զօրավար Անդրանիկի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսումնասիրած է, այլ Դրոյի եւ բազմաթիւ ուրիշ հայ յեղափոխականներունն ալ, ըստ հնարաւորին բոլորին իսկական էութիւնը բացայայտելով:
Ստորեւ մէջբերումներ Անդրանիկ Չելեպեանի գրիչէն, ծանօթանալու համար իր որոշ մօտեցումներուն:
Անդրանիկ Չելեպեան իր գիրքին սկիզբը լուսարձակի տակ առնելով հայոց ազատագրական զինեալ պայքարը ընդհանրապէս եւ Զէյթունի ինքնապաշտպանութեան դիմադրութիւնը մասնաւորաբար կ’ըսէ. «Շատեր կը գաղթեն [Զէյթունէն-Յ.Ի.], իսկ հողին փարողն ալ սկսած էր զինեալ ինքնապաշտպանութեան մասին մտածել եւ թօթափել իր վրայէն ստրկամտութեան գաղափարը, որ դարերու ընթացքին՝ այնքա՜ն խոր արմատ նետած էր հայ գեղջուկի մտածողութեան եւ առօրեայ ապրելակերպին մէջ» (էջ 23): Հեղինակը հետամուտ ըլլալով հայոց ազատատենչութեան գաղափարին ներկայացման, կը գրէ վերոյիշեալ տողերը: Ազատագրական զինեալ պայքարի մասին գրուած յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները կը յիշէ ան, ինչպէս Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի «Քաջորդւոյն Թաղումը», Շահազիզի (Սմբատ Շահազիզեան) «Լեւոնի Վիշտը» բանաստեղծութեանց փունջը, մէջբերելով անկէ բանաստեղծութիւն մը, որ կ’ակնարկէ Զէյթունի ապաստամբութեան.
«Ո՛վ ազատութիւն, դու սպառազէն
Տաւրոս լեռներից մեզ երեւեցար,
Եւ արիւնարբու Ազիզն անօրէն
Տարաւ նշաւակ, ինկաւ չարաչար» (էջ 25):
Հայոց ազատագրական զինեալ պայքարին առընչուած գրական գործերէն Անդրանիկ Չելեպեան կը յիշէ Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեան) «Մայր Արաքսին» քերթուածը, Ծերենցի [Յովսէփ Շիշմանեան-Յ.Ի.] «Թորոս Լեւոնի» եւ «Երկունք» վէպերը, Ռաֆիի [Յակոբ Մելիք Յակոբեան-Յ.Ի.] «Խենթը», «Ջելալէտտին», «Կայծեր» ու «Սամուէլ» վէպերը:
Հայկական ազատագրական զինեալ պայքարի բնորոշումն ընելով Անդրանիկ Չելեպեան կ’ըսէ, թէ Հայ Յեղափոխութեան ստեղծուելուն միակ պատճառը թրքական պետութեան անմարդկային եւ բարբարոսական վերաբերմունքն էր հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Անդրանիկ Չելեպեան իր «Զօրավար Անդրանիկ Եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը» խորագրեալ ուսումնասիրութեան մէջ ընդգրկած է Անդրանիկ Զօրավարին ֆետայիներու եւ խմբապետներու հետ յարաբերութիւնները, որոնք վերլուծական տարազով ներկայացուցած է ընթերցողին: Երբ Սերոբ Աղբիւր կը նահատակուի, ֆետայիներէն ոմանք կ’ուզեն Սեբաստացի Մուրատը իրենց ղեկավար նշանակել: Հեղինակը Անդրանիկ Զօրավարին մասին Սեբաստացի Մուրատին վկայութիւնը կը մէջբերէ, որ կ’ըսէ. «Անդրանի՛կն է այդ առաջնորդը. եւ եթէ անգամ նա մեռած լինի, իր դիա՛կը մեր դրօշին հետ պէտք է տարուի մեր առջեւէն դէպի կռիւ եւ ազատութիւն» (էջ 137):
Ֆետայիներու պետի մը ընտրութեան մասին Անդրանիկ Չելեպեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Ղեկավարի մը փնտռտուքը տեւած էր ամիսներ: Գէորգ Չաւուշէն եւ Սեբաստացի Մուրատէն զատ կային այլ թեկնածուներ, ինչպէս Սպղանաց Մակարը, Հրայր-Դժոխքը (Արմենակ Ղազարեան) եւ Անդրանիկը» (էջ 139):
Ուսումնասիրող Անդրանիկ Չելեպեան Զօրավար Անդրանիկի մասին կ’ըսէ, թէ ան բացի մարտական կարողութիւններէ ունէր նաեւ դիւանագիտական ճկունութիւն եւ քաղաքական մտածողութիւն: Ժողովներու ընթացքին խմբապետները երբ առաջարկ մը կ’ընէին, անպայման կը սպասէին Անդրանիկի պատասխանին եւ վաւերացման: Սեպուհ անգամ մը կ’առաջարկէ քիւրտերն ու թուրքերը իրար դէմ գրգռել: Անդրանիկ առաջքը առնելու համար սխալ արարքներու եւ ժամավաճառութեան, անմիջապէս կը պատասխանէ. «Եթէ որեւէ միջոցով հնարաւորութիւն էլ լինի, այս կամ այն քիւրտ ցեղը գրգռել կառավարութեան դէմ, գործնական նշանակութիւն ունենալ չէ կարելի, որովհետեւ այդ գրգռումը ընդհանուր նշանակութիւն չէ կարող ունենալ՝ քիւրտերու ցեղական թշնամութիւնների պատճառով. կառավարութեան դէմ ելած մի քիւրտ ցեղի դէմ կը միանան կառավարութեան հետ այդ ցեղի թշնամի ցեղերը եւ նրա ըմբոստացումը կ’անդամալուծեն» (էջ 234):
Զօր. Անդրանիկ Օզանեան շատ զգոյշ կեցուածք ունէր Երիտթուրքերու նկատմամբ: Ան բնաւ չէր հմայուած անոնց փայլուն սակայն սուտ լոզունգներէն: Ան բոլոր հայերը կը զգուշացնէր Երիտթուրքերու գալիք չարիքէն ըսելով. «Թուրքը թուրք է»: Անդրանիկ Չելեպեան հետեւեալ ձեւով կը գնահատէ Զօրավար Անդրանիկի առողջ կեցուածքը. «Հայոց պատմութեան մեծագոյն հերոսներէն Անդրանիկը օժտուած էր զօրաւոր ներգիտակցութեամբ եւ ունէր քաղաքական բացառիկ զգայնութիւն եւ անսովոր հեռատեսութիւն: Դէպքերը շիտակ գնահատելն ու գալիք դէպքերը բնազդօրէն նախատեսելը բնատուր ձիրքերէն մէկն էր հայոց դիւցազնին… Անդրանիկ իսկապէս գիտէր տեսնել…: Ան գիտէր տեսնել աւելի՛ հեռուն, գալիքը, վե՛րջը: Այդ բացառիկ պահերը իր տրամաբանելու կարողութեան կու տային մարգարէական հասողութիւն մը, բառին թանցրացեալ իմաստով» (էջ 248-249):
Այսքանով կ՛ամփոփենք Անդրանիկ Չելեպեանի գրիչէն մէջբերումները, ընդհանուր պատկեր մը տալով հայոց ազատատենչութեան պայքարին նկատմամբ իր մօտեցումներուն: