ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Արմաւիրի մարզի զօրամաս մը, ուր հանդիպեցաւ սպաներու եւ զինուորներու հետ, իսկ հանդիպման աւարտին անձամբ ճաշակեց զինուորներուն մատուցուող ուտելիքը:
Կառավարութեան ղեկավարը նախ ծանօթացաւ զօրանոցին մէջ իրականացող շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, այնուհետեւ հանդիպաւ զինուորներուն:
«Սիրելի կուրսանտներ, ձեր կեանքում, թերեւս, սկսում է ամենակարեւոր շրջաններից մէկը, երբ դուք ծառայութեան էք անցնում հայրենիքին: Ես համոզուած եմ՝ ձեր ծնողները, հարազատները ձեզ ծառայութեան ճանապարհելուց առաջ յորդորներ են տուել եւ այդ յորդորներից կարեւորագոյնը, թերեւս, եղել է պատուով ծառայել, լաւ ծառայել հայրենիքին…
Ցանկանում եմ բոլորիդ ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստի վրայ, որ զինուորական գործը, զինուորական ծառայութիւնը, զինուորական մասնագիտութիւնն ամենաինտելեկտուալ (մտաւոր-Խմբ.) մասնագիտութիւններից մէկն է», զինուորներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ վարչապետին՝ հայոց բանակը այն հիմնական վայրն է, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կը սովեցնեն յաղթելու արուեստը եւ յաղթելու հմտութիւնը:
«Համոզուած եմ, որ ձեզանից իւրաքանչիւրի մէջ կայ յաղթողի տաղանդը եւ զինուած ուժերը պէտք է կարողանան օգնել ձեզ, որպէսզի ձեր մէջ այդ տաղանդը բացայայտուի: Եւս մէկ նկատառում. կարծում եմ, որ մենք նաեւ քաղաքական մակարդակում այսպիսի խնդիր պէտք է դնենք մեր առաջ եւ ասենք, այո, Հայաստանի բանակը պէտք է լինի տարածաշրջանի ամենամարտունակ բանակը, բայց այս խնդիրը լուծելու համար ես ճանապարհը տեսնում եմ հետեւեալ կերպ. հայոց բանակը պէտք է լինի տարածաշրջանի ամենաինտելեկտուալ բանակը: Որպէսզի սա լինի՝ հայ հանրութիւնը պէտք է լինի տարածաշրջանի ամենաինտելեկտուալ հանրութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է լինի տարածաշրջանի ամենաինտելեկտուալ պետութիւնը: Եւ մենք պէտք է ամէնօրեայ կեանքում կարողանանք ճշգրիտ մարտավարական, ռազմավարական որոշումներ կայացնել, ճշգրիտ գնահատել իրադրութիւնը եւ կայացնել ճշգրիտ ու ժամանակին որոշումներ», նշեց կառավարութեան ղեկավարը: