ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 18 յուլիս 2020-ին դարձաւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող, լրագրող եւ հետազօտող Ղասսան Շամիի վարած «Աժրաս Մաշրեք» յայտագիրին հիւրը:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յակոբ Բագրատունի
ըսաւ. «Հայոց դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ կը լսենք Պէյրութի մէջ, եւ ոչ մէկ լիբանանցի պատասխանատու կը հակազդէ եւ կը զգուշացնէ այդ արտայայտութիւններուն սադրանք ըլլալու բնոյթէն: Իբրեւ հայ համայնքի պատասխանատու եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` բոլոր հայորդիներէն կը խնդրեմ միայն դատարան ուղղուիլ, ո՛չ շրջուն շքախումբեր կազմել, ո՛չ դրօշակներ բարձրացնել, եւ ո՛չ ալ ցոյցեր կատարել»:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ հայկական ներկայութիւնը նախքան Քրիստոս է, երբ հայ թագաւորը եկած է Լիբանան եւ Սուրիա: «Իսկ Միջին դարերուն եւ 18-րդ դարուն Լիբանանի մէջ հիմնուեցաւ հայկական պատրիարքութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր միութիւններ», դիտել տուաւ ան:
Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանահայութիւնը համոզուած է պետականութեան յղացքով եւ կը զօրակցի իշխանութեան օրինականութեան: «Մենք հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, արդարեւ, այդ իմաստով փորձառութիւն ունի: Իբրեւ այդպիսին, մենք պետութեան եւ հայրենիքին արժէքը լաւ գիտենք, եւ, այդ դիտանկիւնէն մեկնելով, կը հաստատենք, որ պետութեան վերադառնալէ բացի այլ միջոց չկայ», շեշտեց ան:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով: