Ուրբաթ, 8 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ. «Զապէլ Մովսէսեան» սրահին մէջ , Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը:
Ի ներկայութիւն Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, միութենականներու, մտաւորականներու, պատկառելի թիւով պահանջատէր հայորդիներու, քոյր Ազատուհի Գույումճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շեշտելով թէ հայրենազուրկ եւ տարագիր հայութիւնը օտար ափերու վրայ վերածնաւ եւ պահանջեց արդարութիւն:Ան յայտնեց, թէ հայը կը մնայ պահանջատէր եւ պայքարը պիտի շարունակէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու, ճշմարտութիւնը ժխտելու բոլոր քայլերուն դէմ, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Արաբերէնով բացման խօսքը կատարեց եղբայր Նուպար Սաճեան: Ան շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը միասնական քայլերով պիտի հետապնդէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ իրաւունքներուն հատուցումը:Այս առիթով, ան երախտագիտութեան ջերմ խօսքեր յայտնեց ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը գրկաբացօրէն ընդունող արաբ ժողովուրդին:
Հանդիսութեան հրաւիրուած երկու դասախօսներ, լաւապէս իւրացուցած ըլլալով հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, առարկայական մօտեցումով վերլուծեցին Երիտթուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդը բնաջնջումի ենթարկելու ծրագիրին պատճառները: Անոնք շեշտեցին, թէ անպատիժ ցեղասպանութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի դառնայ նոր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկային ողբերգութիւններու պատճառ եւ վկայակոչեցին Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Լեհաստան ներխուժելու միջոցին, Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը շահարկելու Ատոլֆ Հիթլէրի տխրահռչակ յայտարարութիւնը: Բանախօսները նշեցին, թէ անհրաժեշտ է յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքով հետապնդել պահանջատիրական պայքարը եւ հատուցում պահանջել յանցագործէն: Անոնք նաեւ անդրադարձան ազգային ինքնութիւնը օտար ոստաններու մէջ պահպանելու հայ ժողովուրդին մղած պայքարին: Զոյգ դասախօսները սահիկներու միջոցով վիճակագրական, փաստագրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին ներկաներուն: Հանդիսութեան աւարտին հետաքրքրական զրոյց մը տեղի ունեցաւ ներկաներուն եւ դասախօսներուն միջեւ, որոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն:
Տպաւորիչ երեկոյի աւարտին, Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրեց զոյգ դասախօսները եւ Անդրանիկ Տաքեսեանը:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց քոյր Սարին Առաքելեան: Ան, վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ դասախօսներուն, ինչպէս նաեւ Անդրանիկ
Տաքեսեանին, որ նախքան երեկոյեան հանդիսութիւնը, Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի սկաուտներուն խնդրանքին ընդառաջելով դասախօսութիւն մը տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Երեկոն իր աւարտին հասաւ Անդրանիկ Սեւանի վարչութեան կոկիկ հիւրասիրութեամբ:
Գնահատելի աշխատանք մը Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի նախաձեռնութեամբ: