ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Գերմանիոյ համախոհական նոր կառավարութեան մէջ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը պիտի վարէ ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Գերմանիոյ համախոհական նոր կառավարութեան մէջ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը պիտի վարէ Ճեմ Էօզտեմիր` դառնալով դաշնակցային կառավարութեան մէջ ներգաղթեալ առաջին նախարարը: ` դառնալով դաշնակցային կառավարութեան մէջ ներգաղթեալ առաջին նախարարը:
Ծագումով թուրք քաղաքական գործիչը (ծնեալ՝ Թոքաթ, 1965ին), «Կանաչներ» կուսակցութեան ղեկավարներէն է:
Ան նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւի համահեղինակներէն է, որ 2015ին, Մեծ Եղեռնի 100ամեակի նախօրէին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Գերմանացի քաղաքական գործիչը յայտնի է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հասցէին իր խիստ քննադատութիւններով:
Նշենք, որ Գերմանիոյ համախոհական կառավարութիւնը կը բաղկանայ ընկերվարական-ժողովրդավարականներէն, կանաչներէն եւ ազատ ժողովրդավարականներէն։