Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը Մեր Բոլորին Միտքի Եւ Խիղճի Պարտքն Է»․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

April 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը Մեր Բոլորին Միտքի Եւ Խիղճի Պարտքն Է»․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Ապրիլին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն․ Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկումը, զոր վարեց ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:

Կլոր սեղան-քննարկման ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ պէտք է զգօն ըլլալ, որ որեւէ իշխանութիւն՝ Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն՝ դուրսը չհամարձակի խնդրոյ առարկայ դարձնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։

«Ուրախ ենք նշելու, որ բազմաթիւ երկիրներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են վերջին 5 տարիներուն: Այս յաջողութեան համար պարտական ենք մեր ժողովուրդի յամառ պայքարին՝ աշխարհի տարածքին, եւ, այդ պատճառով ամէն տեսակի բացթողում, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ թէ դուրսը՝ այս հարցը նսեմացնելու, հարուած է բոլորիս դէմ: Ասիկա պէտք է նկատել ամէն բանէ կարեւոր եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիր, որուն ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը մեր բոլորին միտքի եւ խիղճի պարտքն է», յայտնեց ան:

ՀՅԴի համար Հայ Դատի ոլորտը, բնականաբար, կարեւորագոյն ոլորտներէն է, որուն լծուած է իր համաշխարհային կառոյցով` նշեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Երկար տարիներ տարբեր անուանումներով գործելէ ետք, վերջապէս, այսօր եկած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակի սահմանման: Ան նշեց, որ աշխարհի տարածքին աշխատանքը կը ծաւալի կեդրոնական գրասենեակներու միջոցով, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործեն երկու մասնաճիւղեր` Նիւ Եորք- Պոսթըն առանցքը եւ Լոս Անճելըսի շրջանային յանձնախումբերը, Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակը, Միջին Արեւելքի կեդրոնական գրասենեակը եւ Եւրոպայի կեդրոնական գրասենեակը: Այս կեդրոնական գրասենեակներուն շուրջ համախմբուած են 35 շրջանային յանձնախումբեր՝ տարբեր երկիրներու մէջ: ՀՅԴ Բիւրօն կը մշակէ ընդհանուր ռազմավարութիւնը, ապա յանձնախումբերը մարտավարական առաջադրանքը կը կատարեն՝ ըստ տեղական պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայ Դատի սահմանումը ունի 4 հիմնական ոլորտներ: Առաջինը եւ ամէնէն կարեւորը անկախութենէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան մասին իրազեկման` լոպիինկի աշխատանքներն են աշխարհով տարածքին, Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ լոպիինկի աշխատանքն է, որուն, բնականաբար, մաս կը կազմէ ինքնորոշման իրաւունքի տարածման հարցը, եւ, ուր որ հնարաւոր է, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը:

Երկրորդը դասական օրակարգն է` Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդում եւ պահանջատիրութեան էջը:

«Այս ուղղութեամբ մեր նախաձեռնութիւնն էր շուրջ 2.5 տարի առաջ ստեղծել Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոն, որուն հիմնական նպատակը Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը ուսումնասիրելն է եւ տեսնելը, թէ, մանաւանդ Եւրոպայի դաշտին մէջ, ինչ կարելի է ընել, որպէսզի այդ իրաւական բաժինը յառաջ մղենք: Նաեւ՝ զբաղիլ Արցախի ճանաչման իրաւական հիմքերով», դիտել տուաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

ՀՅԴ Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոնը այսօր կը զբաղի նաեւ գերիներու վերադարձի հարցով, եւ Եւրոպայի մէջ դատ բացուած է Հայաստանի իրաւական փաստաբանական խումբի մը հետ, որպէսզի ան եւս աջակցի գերիներու վերադարձի պարտադրանքին՝ Հայաստանի կողքին, եւ անոնց վերադարձը դառնայ իրականութիւն:

Երրորդ գլուխը, նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, կը վերաբերի հայապատկան հողերուն վրայ գտնուող հայութեան իրաւունքներու հարցին՝ ըլլայ այդ Արեւմտեան Հայաստանի, թէ այլ երկիրներու մէջ` տեղ-տեղ իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն, տեղ-տեղ իբրեւ իրաւական հիմք ունեցող համայնք այդ իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով:

«Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը ունի յատուկ իրաւունքներ, զորս ժառանգած է Օսմանեան կայսրութենէն ետք ստեղծուած պետութիւններուն մէջ: Այդ իրաւունքներու հետապնդումը կը կատարուի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, ազգային փոքրամասնութեան կարեւորագոյն հարցերէն են պոլսահայութեան վերաբերող եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքները, Ջաւախքի պարագան եւ Սփիւռքի մէջ նաեւ հայակերտումի հարցը», բացատրեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ան նշեց, որ իրենց համար հայապահպանումը ունեցածը պահպանելն է, իսկ հայակերտումը՝ վերադարձի հարցը:

«Մենք այսօր ուրախ ենք տեսնելու, որ բազմաթիւ շրջաններու մէջ, ուր կորուսեալ հայեր ունէինք կամ անուանապէս մնացած հայեր, որոնք անունով ու մականունով միայն հայ էին, այսօր բաւական մեծ թիւով վերադարձ կայ դէպի հայութիւն, դէպի իրենց մշակոյթը, լեզուն, մէկ խօսքով` դէպի իրենց արմատները: Այս օտարախօս երիտասարդութիւնը մեր շուրջ հաւաքելու, զանոնք Հայաստանի եւ հայութեան դատին լծելու աշխատանքն է նաեւ, որ մաս կը կազմէ այս երրորդ ոլորտին», նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Իսկ չորրորդ հիմնական ոլորտը կը վերաբերի երիտասարդութեան քաղաքականացման հարցին, որպէսզի Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ կարելի ըլլայ այդ երիտասարդութիւնը մղել քաղաքական կեանքի, որովհետեւ, ըստ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, երբեմն անհրաժեշտ է նաեւ բերդը ներսէն գրաւել այդ տարբեր երկիրներուն մէջ:

«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ձեր ստորագրութիւնները կրող կոչ-խնդրագիրը, որ հասաւ Ուաշինկթըն եւ բաւական ազդեցիկ փաստաթուղթ հանդիսացաւ: Սպիտակ տունը անդրադարձաւ անոր, եւ մենք կ՛օգտագործենք այն իրողութիւնը, որ ասիկա միայն ամերիկեան համայնքին պահանջը չէ, ասիկա համահայկական պահանջ է. շեշտը կը դնենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ելոյթին վրայ, որ քանի մը օրէն պիտի կատարուի, եւ այս գծով կայ որոշ լաւատեսութիւն, բայց կարելի չէ 100 տոկոսով կանխատեսել, թէ այդ խօսքին մէջ ի՛նչ եզրոյթ կը գործածուի», եզրափակեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Previous Post

24 Ապրիլ՝ Մէկի Պէ՜ս Ապրիլ

Next Post

Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.