Հայոց ցեղասպանութեան ծանր հետեւանքները ներկայացնող «Մեր Աթլանթիսը» վաւերագրական շարժանկարը ընդգրկուած է Սթամպուլի անկախ շարժանկարի 14-րդ միջազգային փառատօնի հիմնական ծրագիրին մէջ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ շարժանկարի բեմադրիչ Արթուր Սուքիասեանը նշած է, որ ան ներառուած է կինոփառատօնի «Տուն» ծրագիրին մէջ: «Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Սթամպուլի մէջ: Կինոփառատօնի ծիրէն ներս Փետրուար 22-ին տեղի պիտի ունենայ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին յատուկ ծրագիր, ուր հայ եւ թուրք բեմադրիչներ շարժանկարի միջոցով պիտի խօսին անձնական պատմութիւններն ու կնճռոտ հարցերը վեր հանելու մասին: Այս նախաձեռնութեան պիտի մասնակցիմ նաեւ ես թուրք ռեժիսոր Տեվրիմ Աքայայի հետ: Ես պիտի խօսիմ իմ «Մեր Աթլանթիսը», իսկ Տեվրիմը իր` «Տիար» վաւերագրական շարժանկարին մասին: Շարժանկարը բեմադրիչին հայ պապիկին մասին է, որ կը վերագտնէ իր ընտանիքի պատմութիւնը: Ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ Արսինէ Խանջեանը: Կինոփառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 12-22»,-նշած է բեմադրիչը:
Արթուր Սուքիասեանը կ՛աւելցնէ, որ «Մեր Աթլանթիսը» շարժանկարը պիտի ներկայցուի նաեւ Նէոնի հեղինակաւոր` «Visions du Reel» միջազգային կինոփառատօնի կինոշուկային մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 17-25 Զուիցերիոյ Նէոն քաղաքին մէջ:
«Մեր Աթլանթիսը» անունը կրող վաւերագրական շարժանկարը Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ համատեղ արտադրութիւն է: Շարժանկարը Պոլիսի հայկական ճամբարի մասին է, որ կառուցած էին որբերը 1960-ական թուականներուն, ապա խլուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ասիկա ճամբորդութիւն է ճամբարի անցեալի եւ ներկայի միջեւ, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս երեք տասնամեակ անց ճամբարի սաները կը փորձեն չկորսնցնել անոր մասին իրենց յիշողութիւնները:
Երբ շարժանկարին մէջ կը ներկայացուին գլխաւոր հերոսի անձնական պատմութիւնները եւ յուշերը ճամբարի մասին, մէկ այլ` աւելի մեծ պատմութիւն կը սկսի բացայայտուիլ: Շարժանկարը ցեղասպանութեան մասին չէ, սակայն կը ներկայացնէ այդ ողբերգութեան հետեւանքները: Անոր ստեղծման աջակցած են Ֆրանսայի կինոկեդրոնը, հայ-թրքական կինոփլաթֆորմը, Հայաստանի ազգային կինոկենդրոնը եւ Հրանտ Տինքի անուան հիմնադրամը: Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ:
«Մեր Աթլանթիսը» անուանումը Հրանդ Տինքի յօդուածէն վերցուած է. «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ ան մեծ յօդուած մը գրած էր հայկական հարցին հետ կապուած, անդրադարձած՝ Պոլիսի ճամբարին եւ ըսած էր. «Ճամբարը մեր տունն էր, մեր ամէն ինչը, մեր Աթլանթիսը»: Ես ոգեշնչուեցայ այդ խօսքերէն: Այդ տարածքին, Թուրքիոյ մէջ փոքրիկ հայկական քաղաքակրթութիւն մը եղած է, եւ հայերը զերոյէն ամէն ինչ ստեղծած են եւ՝ ապրած»,-ըսած է Արթուր Սուքիասեանը: