Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին Աշրաֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ապրիլեան Յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատուցեց Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» երգչախումբի , ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի։ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած այս արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Պրն. Լէոնարտ Ապաճեան, Լիբանանի պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեան, նախկին նախարարներ Ռիշար Գույումճեան եւ Ժագ Չուխատարեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, կաթողիկէ վարժարաններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեաներու բազմութիւն մը։
Եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէն ետք, օրուան խօսքը իր քարոզի ընդմէջէն փոխանցեց Գեր. Անտոն Վրդ. Նորատունկեան (Քարոզը տեսնել յաջորդ էջերուն մէջ)։
Վարդապետի քարոզէն ետք, Ապրիլեան Յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ աղօթք, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Աղօթքին յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում, Հայաստանի դեսպանատան, կաթողիկէ վարժարաններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, նաեւ երեսփոխան Ժան Թալուզեանի կողմէ։
***
Ստորեւ՝ Քարոզը որ Գերապատիւ Հայր Անտոն Վրդ․ Նորատունկեան արտասանեց յաւարտ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի Սուրբ Պատարագին։
Կրօնքն ու Հայրենիքը
միակ գաղափարականը եղան Հայ ժողովուրդին
Այսօր դարձեալ մեր սիրտերը խորան դարձուցած ազգովին, ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ կ’ոգեկոչենք խնկելի յիշատակը մէկուկէս միլիոն անթաղ մեր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան ազատութեան ճանապարհին վրայ, յանուն քրիստոնէական հաւատքի, յանուն ազգութեան եւ հայրենիքի:
1915 Ապրիլ 24 – օր մը՝ մահուան եւ յարութեան, այս երկու իրողութիւններու ամբողջութիւնը՝ տեսարան մը, ուր ժողովուրդ մը կը պատկերանայ մեր աչքերուն առջեւ. դաշունահար իր սիրտէն, արիւնաթաթախ թաւալումներով մահամերձի, որուն մահուան րոպէն ո՛չ թէ հետզհետէ կը մօտենայ, այլ կարծէք աւելի ու աւելի կը հեռանայ: Մահամերձը կը վերագտնէ իր կեանքը, մեռելը յարութիւն կ’առնէ, կոտորածը վերազարթօնք կը ստեղծէ, դարերու սուգը կրող հողամաս մը՝ Հայաստան անունով, իր գոյատեւումը կ’ամրապնդէ:
Պատմութիւնը շատ բարբարոսութիւններ եւ արիւնահեղութիւններ տեսած է, բայց այն՝ որ կատարուեցաւ Թուրք պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, վեր էր մարդկային երեւակայութենէն: Բարբարոսութեան եւ անգթութեան սոսկալի միջոցներով, զինուորական եւ ոստիկանական ուժերով, ծրագրուած կերպով տեղահան եղաւ ամբողջ ժողովուրդ մը, հարիւր հազարաւորներ մատնելով սուրի, սովի եւ հիւանդութիւններու: Մտաւորական դասը, հոգեւորականներ, գրողներ, արուեստագէտներ Կ. Պոլիսէն տեղահանելով եւ զանազան ուղղութեամբ խումբերու բաժնելով, սպաննեցին՝ կեդրոնէն տրուած հրամաններու համաձայն:
Թշնամին չխնայեց նաեւ Աստուծոյ խօսքին տարածման նուիրուած Հայ հոգեւորականներու կեանքը: Ցեղասպանութեան զոհ գացին հայ Առաքելական եկեղեցիէն 33 վարդապետներ եւ 7 եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր քահանաներ:
Թուրքերու դժոխային ծրագիրը աւերեց 16 եպիսկոպոսական եւ արքեպիսկոպոսական թեմ, որոնք կը պատկանէին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան, կործանեց 98 ժողովրդապետութիւն, 117 եկեղեցի, 137 դպրոց, 21 վանք, 45 դպրեվանք: Նահատակուեցան 98 վարդապետ, 8 Եպիսկոպոս, որոնց կարգին՝ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեան, 111 քահանայ եւ 53 կրօնաւորուհի:
Ըստ 1919 Ապրիլ 14-ին Փարիզի մեջ գումարուած Խաղաղութեան Վեհաժողովի եզրակացութեան՝ Հայ ժողովուրդին կրած նիւթական ընդհանուր կորուստները, ներկայի արժէքով, կը կազմէ 41 միլիառ տոլար:
106 տարի առաջ, թուրք ջարդարարները փորձեցին ստեղծել Հայաստան մը՝ առանց Հայու, այլ խօսքով պահել մարմին մը՝ առանց սիրտի: Թշնամին խոցեց մեր սիրտի գլխաւոր երակը, մեր մտաւորականներու հոյլը տանելով դէպի սպանդ, սակայն այդ խոցուած վիճակին մէջ իսկ, Հայ սիրտի արիւնը իր դուրս ժայթքումով, բացագանչեց Գրիգոր Զոհրապի բերանով՝ թէ «Ե՛ս կը մեռնիմ, բայց իմ մահով իմ ժողովուրդս ապրի յաւիտեան»:
Ա՛յս է Հայու հոգին, ա՛յս է մեր յաւիտենականութիւնը: Մահ մը կեանքեր կը ստեղծէ, կանթեղի շիջում մը հրդեհներու ծնունդ կու տայ: Այս նպատակով եւ այս համոզումով է, որ խօսքիս սկիզբը նշեցի՝ 1915 Ապրիլ 24-ը օր մըն է մահուան եւ յարութեան:
Դէպքերու ընթացքը ծանօթ է։ Դէպքեր՝ որոնց ականատեսի վկայութիւնները՝ օտար պետութիւններու հիւպատոսներու, գերմանացի մայրապետներու եւ բոյժքոյրերու կողմէ կատարուած, հրատարակուած են Եոհաննէս Լեփսիուսի, Արնոլտ Թօյնպիի, Հենրի Մորկընթաուի, Անտրէ Մանտըլշթամի, Ռընէ Փինօնի, Լորտ Պրայսի, Հանրի Պարպիի եւ աւելի քան 200 պատմաբաններու, դիւանագէտներու եւ լրագրողներու կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղ գտած են Նիւ Եորքի Ամերիկեան Կոմիտէի տեղեկագիրներուն մէջ, հրատարակուած 1915-ին եւ 1916-ին, 25 հատորներով:
Պիոս 10-րդ Քահանայապետը 1901 թուականին, Մխիթարեան Միաբանութեան 200 ամեակին առթիւ խօսելով Իտալացի ծերակուտականներու, երեսփոխաններու եւ զանազան կողմերէ եկած պատուիրակութիւններու ներկայութեան, կ’ըսէր, «Եթէ մենք՝ եւրոպացիներս, ըլլայինք Հայ ժողովուրդին տեղ, որ կոտորուեցաւ, ընչազուրկ եղաւ վայրագ Սուլթանի մը կողմէ, ապահովաբար մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ պիտի թուլանայինք, մինչ Հայերը իրենց պարանոցը երկարեցին, նախընտրելով մահը, քան Քրիստոսը ուրանալը»:
Հայ ժողովուրդի բնաջնջման գործը սկսաւ 1915 Ապրիլ 24-ին, Կ. Պոլսոյ ընտրանի մտաւորականութեան եւ երեւելի հայերու ձերբակալութեամբ եւ աքսորով, ապա՝ թրքական բանտերէ դուրս հանուած գողեր եւ ոճրագործներ աւազակախումբեր կազմած՝ սկսան տեղահան ընել Կիլիկիոյ, արեւելեան եւ արեւմտեան Անատոլուի Հայ բնակիչները, անոնց տուներն ու ստացուածները յափշտակելով: Տեղահան եւ արմատախիլ եղած հարիւր հազարաւոր հայեր քշուեցան դէպի Միջագետքի անապատները, հասնելով Տէր Զօր, գաղթի ճամբուն վրայ անոնց մեծ մասը կորսնցնելով իրենց կեանքը: Ականատեսի վկայութիւնները անասելի պատկերներով նկարագրած են հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերու կատարած իսկական ցեղասպանութիւնը: Միայն Տէր Զօրի մէջ 200 հազար հայերու դիակներ ինկան: Այդ աննշան անապատը եղաւ Հայերուն համար սրբազան գերեզման մը:
Հայերու տարագրութիւնը ցոյց տուաւ մեր սքանչելի ժողովուրդին դիմադրական ուժը: Կրօնքն ու Հայրենիքը միակ գաղափարականը եղան Հայ գիւղացիին:
Թուրք ջարդարարներէն պաշտպանուելու համար, կարգ մը վայրերու մէջ տեղի ունեցան ինքնապաշտպանական կռիւներ, որոնք Հայ ժողովուրդի ազատագրական դարաւոր պայքարի պատմութեան հերոսական դրուագները հանդիսացան:
Հայկական ինքնապաշտպանական հերոսամարտեր տեղի ունեցան Վան, Մուսա Լեռ, Շապին-Գարահիսար, Ուրֆա, Մուշ, Սասուն, Մարաշ, Հաճըն, Զէյթուն եւ այլ վայրեր:
Հայ ժողովուրդը 100 տարիներ հոգեհանգիստ կատարեց ու իր նահատակները յիշեց: 100 տարի շարունակ հայակերտումը, ազգակերտումը եւ հայրենակերտումը մնայուն պայքարի վերածեց: 100 տարի շարունակ ազգերու դռները թակեց եւ անպատիժ մնացած Հայոց ցեղասպանութեան հատուցում պահանջեց: Այս Ոգիով ու տեսիլքով կազմաւորուեցան բոլոր սերունդները: Այս վճռակամութեամբ ու յանձնառութեամբ ապրեցան ու պայքարեցան հոգեւորականները, մտաւորականները, երիտասարդները, քաղաքական եւ կրթական գործիչները:
Ապրիլ 24-ը ներկայիս դարձած է մեր հոգեւոր արժէքներու գնահատման, մեր նուաճումներու ուժեղացման, մեր հաւաքական ուժերու եւ կարողութեան զօրացման, մեր իղձերու եւ տենչերու իրագործման, մեր միասնական ճիգերու ամրապնդման եւ մանաւանդ մեր պահանջներու հետապնդման եւ կորսուած իրաւունքներու իրաւատէրը ըլլալու համար՝ կատարուելիք միահամուռ աշխատանքներու հանգրուան: Աշխատանքներ, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այն օրը, երբ Հայ ժողովուրդը կը տիրանայ իր իրաւունքներու ամբողջութեան:
106 տարի ետք, ահաւասիկ Հայութիւնը՝ քայքայումի, ոչնչացումի դատապարտուած Հայութիւնը, որ բարձրացաւ աճիւններէն, վերականգնեցաւ եւ վերակերտեց ինքզինք իր նոր շրջապատին եւ միջավայրին մէջ՝ աւելի իմաստուն, աւելի հաւատաւոր, աւելի ինքնագիտակից եւ հասուն:
Այսօր Հայը կը ներկայանայ շատ աւելի կազմակերպուած, շատ աւելի գօտեպինդ, աւելի ամուր փարած իր պատմութեան եւ իր հայրերէն իրեն կտակուած ժառանգին: Վկայ՝ հայկական բոլոր գաղութներուն մէջ հսկայ ցանցը մեր վարժարաններուն, եկեղեցիներուն, ակումբներուն, թատրոններուն, որոնց թեւ ու թիկունք կը կանգնի Հայութիւնը:
Տարուէ տարի ոգեկոչելով հայաջինջ սարսափները, մենք պիտի ունենանք մէկ մտածում, այն է՝ 1915-ի վէրքը վերածել երգի, ինչպէս կ’ըսէր Շաւարշ Միսաքեան.
Երգ՝ Հայ ժողովուրդի յաւիտենականութեան.
Երգ՝ Հայրենիքի ամբողջացման եւ անկախութեան
Երգ՝ խաղաղութեան, շինարար եւ յարատեւ աշխատանքի.
Երգ՝ մշակոյթի զարգացման եւ ստեղծագործութեան.
Երգ՝ ներքին կազմակերպութեանց զօրացման եւ ներդաշնակ համակեցութեան:
Հայոց պատմութեան էջերը շատոնց փակուած էին, եթէ վէրքերը երգերու վերածուած չըլլային անընդհատ, մէկ սերունդէն միւսը:
Ի՞նչ է ոգեղէն պատգամը մեր սուրբ նահատակներուն: Մեր նահատակները ուրիշ բան պիտի չուզէին մեզմէ, բայց միայն ամուր կառչած մնալ մեր հայրերու հաւատքին եւ միասնական ճիգերով իրականացնել ազգապահպանման եւ հայրենաշինութեան մեր ծրագիրները, որպէսզի կտրատուած հայ ժողովուրդի մարմինէն նոր ծիլեր արձակուին եւ յետագայ սերունդները չմնան միայն յոյսերու ծովու ափերը, այլ մեծ տեսիլքներով զօրացած՝ անցնին փորձութեան հովիտը:
Հայը աննկուն կամք է ու անխախտ բազուկ: Թէեւ սակաւաթիւ, թէեւ փոքր ժողովուրդ մը, բայց ուժանակի համազօր ոգիով ան կրցաւ դիմանալ պատմութեան մեծագոյն բանակներուն: Թէեւ վիրաւոր, բայց միշտ յաղթական, Հայը բարձր պահեց իր դրօշակը, երկնասլաց իր հաւատքին նման: Եւ 106 տարի առաջ, երբ մարդիկ փորձեցին վար առնել այդ դրօշակը իր բարձունքէն, թէեւ վիրաւոր, թէեւ արիւնաքամ, Հայը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ թշնամիին, թէ կարելի չէ հայուն հաւատքի դրօշակը ոտնակոխ ընել, որովհետեւ Հայուն հաւատքի եւ գոյութեան դրօշակը կախուած է երկինքէն, Լուսաւորիչի կանթեղին նման: Եւ Հայը, իր այս վերջին ճիգին մէջ, առանց նոյնիսկ իր ստացած վէրքը դարմանելու մասին մտածելու, աւելի բարձրացուց իր դօշակը, աւելի ամրապնդեց իր յարութեան պահը եւ կանգնեցաւ մարդկութեան առջեւ եւ պարտադրեց անոնց, որ խոնարհին իր առջեւ, ճանչնան զինք որպէս նոր պետութիւն:
Մեր նահատակներէն մեզի կտակուած այդ դրօշակն է, որ այսօր կը ծածանի մեր հաւաքական պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ, ի խնդիր հայութեան պահպանման եւ մեր մեծ երազի իրականացման: Մեր նահատակներու արեամբ նուիրագործուած այդ կտակը, իբրեւ սրբազան աւանդ, փոխանցուած է նոր սերունդներուն, որոնք իրենց հաւատքի զօրութեան մէջ պիտի գտնեն զայն իրագործելու ուժն ու կարողութիւնը:
Գիտեմ, կը կարդամ ձեր աչքերուն մէջ։ Վրէժի մասին կը խորհիք: Ինչո՞ւ չխօսիմ նաեւ վրէժի մասին: Հաւատացէք ինծի, կան ոճիրներ, զորս մարդկօրէն կարելի չէ պատժել, մեր միջոցները անբաւարար են: Այդ կարգէն է Ապրիլեան Եղեռնը: Միայն Ամենակալին ամեհի բազուկը կրնայ պատուհասել, ինչպէս որ անկ է: Մենք մեր վրէժը կը թողունք Աստուծոյ. Ինք է որ կ’ըսէ «Իմն է վրէժխնդրութիւն եւ ես հատուցից նոցա»:
Բայց կայ վրէժխնդրութիւն մը, որ մեզի կ’իյնայ: Վրէժ մը որ ազնիւ է, բարձր է, մարդկայնական է, քրիստոնէական է: Այդ է՝ ապրելո՛ւ վրէժը. պայծա՛ռ ապրելու, լուսաւո՛ր ապրելու վրէժը:
Թուրքը ուզեց բնաջինջ ընել Հայը – ամէն մէկ նոր օրօրոց, ամէն հայկական տուն, հայ ընտանիք՝ վրէժն է անոր: Թուրքը ուզեց կրօնքը մեռցնել մեր մէջ, քրիստոնէութիւնը ջնջել մեր սիրտէն – ամէն մէկ եկեղեցի, ամէն մի խորան, ամէն աղօթք եւ շարական՝ վրէժն է ատոր: Թուրքը ուզեց չորցնել ակը մեր լեզուին, խամրեցնել հայերէն լեզուն մեր շրթունքներուն վրայ – ամէն մէկ հայ դպրոց, հայերէն գիրք, հայերէն թերթ, հայկական երգ՝ վրէժն է ատոր:
Թող փոխադարձ յարգանքի, միասնականութեան եւ խորհրդածութեան օր մը դառնայ 1915 Ապրիլ 24-ը, առանց աջի ու ձախի, հրէի կամ հեթանոսի խտրութեան:
Թող երիտասարդութիւնը յիշէ, թէ ինք ժառանգորդն է ժողովուրդի մը, որ դարերով դիմադրական ճակատ կազմեց ասիական բարբարոսութեան ու խաւարին դէմ եւ ազատութեան ու արդարութեան երգը երգեց իր ամէնէն յուսահատ պահերուն իսկ:
Խօսքս ձեզի է Հայ հոգեւորական հայրեր, խօսքս ձեզի է Հայ քաղաքագէտներ, խօսքս ձեզի է Հայ ուսուցիչներ, խօսքս ձեզի է Հայ երիտասարդներ, պահեցէ՛ք մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու կտակը, ապրեցէ՛ք աննկուն կամքով, շարունակելով մեր արդար պահանջատիրութիւնը, ապրեցէ՛ք որպէս ազատ հայ քրիստոնեայ:
Ահա ա՛յս է մեր վրէժխնդրութիւնը յանուն Քրիստոսի, յանուն մեր սուրբ ազգին: