ՄԻՆԻԱՓՈԼԻՍ, «Սի.Պի.Էս.».- Նախաձեռնութեամբ Մինիսոթա նահանգի Սէյնթ Փօլ քաղաքի Ս. Սահակ Հայոց եկեղեցւոյ, նահանգին տարածքին, ինչպէս նաեւ Այօուայի մէջ տեղի ունեցած արդէն եւ յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուած է իրականացնել «Յիշողութեան եւ յոյսի գանձեր» խորագրուած ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան։
Ձուցահանդէսին կայքէն կը տեղեկանանք, որ անոր պաշտօնական բացումը կատարուած է Ապրիլ 24-ին, նշեալ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անիկա Այօուա փոխադրուած է Յունիսին, իսկ Յուլիսին վերադարձած է Մինիսոթա, մինչեւ Յուլիս 30 ցուցադրուելով տեղւոյն Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ։
Ձուցահանդէսը Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Մինիսոթայի համալսարանին մէջ, իսկ Հոկտեմբերի՝ Մինիափոլիսի Ս. Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ։
«Սի.Պի.Էս. Մինիսոթա»ի մէջ այս մասին գրած Ճան Լորիթընզ կ՛ըսէ, թէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմութիւններ փոխանցող ցուցահանդէսը իւրայատուկ կապ մը կը հաստատէ անոր զօհերուն եւ վերապրողներուն ու անոնց շարաւիղներուն միջեւ, նոյն ժամանակ լուսարձակի տակ առնելով Թուին Սիթիզ անունով ծանօթ շրջանին (Մինիափոլիս եւ Սէյնթ Փօլ քաղաքները) մէջ ապրող մօտաւորապէս 1000 հայերու պատմութիւնները։
Ս. Սահակ Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Թադէոս Բարսէղեան կը յայտնէ, թէ շրջանի բոլոր հայերը վերապրողներու զաւակներ են՝ աւելցնելով, որ նահանգին մէջ առաջին հայուն մասին արձանագրութիւն մը կայ 1919-ին։
Նախագիծին լուսանկարիչը՝ Արտիոմ Տօնոյեան կ՛ըսէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան վէրքերը այնքան խորունկ են, որ նոյնիսկ 100 տարի ետք, տակաւին ամբողջովին չեն սպիացած»։
Տօնոյեան նաեւ Ցեղասպանութեան մասին նիւթ մը կը դասաւանդէ Մինիսոթայի համալսարանին մէջ։
«Յիշողութեան եւ յոյսի գանձեր» ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել
http://memoryandhope.org/ կայքը։