ԱՄՆ Իլինոյս նահանգի Հոլոքոստի թանգարանին մէջ (The Illinois Holocaust Museum and Education Center) 19 յուլիսին բացուած է «Փրկուածներու պատմութիւններ» խորագիրով ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու անձնական իրերը:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով թանգարանի կայք-էջին, կը յայտնէ, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են 60-է աւելի անձնական իրեր, որոնք Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի փրկուածներն իրենց հետ բերած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Իւրաքանչիւր իր ներկայացուած է ճանչցուած վաւերագիր Ճիմ Լոմմասսոնի լուսանկարով, որ մակագրուած է վերապրողի կամ անոր ընտանիքի անդամներու ձեռագիրով:
Ներկայացուած իրերը` տիկնիկ, ճամպրուկ, երիտասարդ մօր խոհարարական գիրք, հարսանեկան հրաւիրատոմս եւ այլն, «փրկուած» են վերապարածներու հետ միասին աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւններէն, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Պոսնիայի, Գամպոտիայի, Իրաքի, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի եւ այլ ցեղասպանութիւնները:
Ցուցադրութիւնը, որուն աջակցած է նաեւ ԱՄՆ Իլինոյս նահանգի Հայ դատի յանձնախումբը, պիտի տեւէ մինչեւ 2019 թուականի յունուար 13:
Լուսանկարները` Հոլոքոստի թանգարանի կայք-էջէն