Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման առիթով մամլոյ եւ լրատուամիջոցներու անդրադարձ

April 26, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Exploring the Normalization of Relations Between Armenia and Turkey

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին մասին լիբանանեան մամուլը ունեցաւ իր անդրադարձը:

«Նիտա Ուաթան» օրաթերթը հրատարակած էր յօդուած մը, որ կը կրէր լրագրող Նաուալ Նասըրի ստորագրութիւնը:

Նասըր անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին կողմէ Հայ դատին կառչած մնալուն իրականութեան, իրաւունքներուն եւ յիշողութեան տէր կանգնելու վճռականութեան, ինչպէս նաեւ անձնատուր չըլլալու իրականութեան:

Ան հարցազրոյց մը կատարած էր Պալամանտ համալսարանի մարդկային գիտութեանց բաժանմունքի նախկին նախագահ, գրաքննադատ Ճորճ Տէօրլեանի հետ, որ կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը խաղաղ կերպով կը մղէ իր պայքարը եւ կը յաղթէ` փաստելով, որ ինք կարողութիւն ունի իր իրաւունքներուն տէր կանգնելու:

«Նահար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Ալիս Պօղոսեանի յօդուածը` «Որպէսզի միշտ յիշենք. 24 ապրիլ 1915… 24 ապրիլ 2022»:

Ա. Պօղոսեանի յօդուածը անդրադարձաւ հայկական ինքնութեան միշտ կառչած մնալու կարեւորութեան` աւելցնելով, որ 24 ապրիլը առիթ մը չէ, որուն ընթացքին մարդիկ իրենց հայ ըլլալը կը յիշեն եւ կը կատարեն ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւններ, որոնք յաջորդ օրն իսկ կը մոռցուին:

Ա. Պօղոսեան ընդգծեց հայկական ինքնութիւնը պահպանելու հանապազօրեայ ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց յանկարծ իրենց հայութիւնը յիշած անձնաւորութիւններուն վերջ տալու իրենց կեղծ զգացումներուն եւ յաւելաբանութիւններուն:

Ա. Պօղոսեան շեշտեց հայ ժողովուրդին իրաւունքները վերադարձնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Արցախի վերջին պատերազմը նաեւ փաստած է հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն իրաւացիութիւնը:

Ան հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքին, Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլոց կողմէ Թուրքիան անպատիժ ձգելը առիթ կու տայ, որ ան շարունակէ իր ոճիրները:

Ա. Պօղոսեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պայքարիլ, «իսկ անոնք, որոնք իրենց հայկականութիւնը ժամանակաւոր կերպով կը յիշեն, պէտք է լուռ մնան եւ իրենց անունները չշահագործեն` արձանագրելու համար տոն քիշոտեան կեցուածքներ, որոնք յաջորդ օրն իսկ կը ցնդին», աւելցուց ան:

«Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Լութֆիկ Այվազեանի յօդուածը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Հաւաքական ցեղասպանութիւնն ու կոկորդիլոսի արցունքները»:

Լ. Այվազեան անդրադարձած է ցեղասպանութիւն բառին գիտական բացատրութեան, ապա 24 ապրիլ 1915-ին պատահած ցեղասպանութեան, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած կանխամտածուած ցեղասպանութիւն մըն էր: Ան անդրադարձաւ նաեւ 1920-ի Շուշիի սպանդին, որուն զոհ գացին աւելի քան 20 հազար հայեր:

Յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքներուն, Սեւրի եւ Լոզանի խորհրդաժողովներուն եւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն տարբերութիւններուն:

Լ. Այվազեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայ դատի բացատրութիւնը եւ կը ներկայացնէ սփիւռքահայութեան կողմէ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները շարունակելու` ամբողջ աշխարհին իր դատը ներկայացնելու, ճանաչում եւ հատուցում պահանջելու ջանքերը:

Լ. Այվազեան ակնարկեց նաեւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած վերջին պատերազմին եւ այդ անհաւասար կռիւին ընթացքին ամբողջ աշխարհին ցուցաբերած անտարբերութեան:

Լ. Այվազեան իր յօդուածը կ՛աւարտէ հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ ցեղասպանութիւնը, կը մերժէ հայոց վերադարձնել անոնց իրաւունքները, իսկ անոր դաշնակից Ազրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանին ստիպել անձնատուական այլ համաձայնագիրներ ստորագրել: «Այս բոլորին կողքին աշխարհ դիտորդի դերին մէջ է, կարծէք բան չէ փոխուած` ոճրագործը իր դաւադիր ծրագիրները կը շարունակէ, իսկ կոկորդիլոսները կը շարունակեն արցունք թափել…», կ՛եզրափակէ Լ. Այվազեան:

Նշենք, որ լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցները անդրադարձան Ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն, յատկապէս կիրակի, 24 ապրիլ 2022-ին, Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք կատարուած պահանջատիրական երթին:

Այդ լրատուամիջոցներէն էին «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանները, «Ժումհուրիա»-ի դիմատետրեան կայանը` արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Previous Post

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ ժողովուրդին հետ` կառչած մնալով անոր իրաւունքներուն» շեշտեց Յ. Բագրատունի

Next Post

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով Յ. Բագրատունիի գրառումը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.