«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Այժմ, երբ աւելի քան մէկ տասնեակ թեկնածուներ արդէն իսկ հաստատած են իրենց մտադրութիւնը 2016 թուականի ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուելու, ամերիկահայերը կը մտածեն, թէ իրենք որուն աջակցին յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն:
2012 թուականին նոյն հարցին մասին ես յօդուած մը գրեցի` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ իմ քուէս պիտի չտայի ոչ գործող նախագահ, դեմոկրատ Պարաք Օպամային, ոչ ալ անոր մրցակից, հանրապետական Միթ Ռոմնիին:
Օպաման որպէս նախագահ, իր առաջին պաշտօնավարման չորս տարիներու ընթացքին, ոչ միայն դրժեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ անգամներ տուած խոստումները, այլեւ չաջակցեցաւ հայ-ամերիկեան բազմաթիւ այլ հարցերու:
Ռոմնին իրեն աւելի լաւ չդրսեւորեց: Իր նախագահական քարոզարշաւի ժամանակ հանրապետական թեկնածուն խոստումներ չտուաւ եւ հանդիպումներ չունեցաւ հայ համայնքին հետ: Ոմանք անոր անկողմնակալութիւնը մեկնաբանեցին որպէս անկեղծութիւն, մտածելով, որ ան չի ցանկանար խոստումներ տալ, որոնք պիտի չկատարէ: Ռոմնիի խնդիրը այն էր, որ եթէ նախագահի թեկնածուն այդպիսի անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ ընտրողներու նկատմամբ, երբ անոնց աջակացութեան խիստ կարիքը ունի, պատկերացուցէք, թէ ան որքան քիչ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ամերիկահայերուն եւ անոնց խնդիրներուն նախագահ դառնալէն ետք…
Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ ամերիկահայ համայնքը կը ձգտի խոստում ստանալու նախագահի բոլոր թեկնածուներէն, որ նախագահ ընտրուելու պարագային անոնք պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շատ յաճախ ակնկալուող յաղթանակի հրճուանքը կը վերափոխուէր տագնապի, քանի որ Ռոնալտ Ռէյկընէն ետք բոլոր նախագահները Սպիտակ տուն մտնելուն պէս կը տառապէին յիշողութեան կորստէ: Հետեւաբար, հայ համայնքը հիասթափուած է ու դարձած է անմասնակից ամերիկեան քաղաքական գործընթացներուն, համարելով, որ բոլոր քաղաքական գործիչները ստախօսներ են…
Խոստումներու եւ խաբէութեան այս արատաւոր շրջանակէն դուրս գալու համար կը ցանկանայի առաջարկել երկու այլընտրանքային ռազմավարութիւն.
Նախ` նախագահի բոլոր թեկնածուները գնահատել հայ-ամերիկեան համայնքի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ անոնց ամբողջական դիրքորոշումներով.
– Աւելցնել Հայաստանին եւ Արցախին ցուցաբերուող ամերիկեան օգնութեան գումարը.
– Ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու համար.
– Պահանջել, որպէսզի Թուրքիան վերադարձնէ բռնագրաւուած քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց օրինական տէրերուն` հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն.
– Դատապարտել Ատրպէյճանը` բազմիցս սպառնալիքներու եւ Արցախի վրայ յաճախակի յարձակումներուն համար.
– Աջակցիլ Արցախի ինքնորոշման.
– Նպաստել Հայաստանի հետ ԱՄՆ առեւտուրի խթանման.
– Տարեկան հանդիպումներ ունենալ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Վերոնշեալ ցուցակէն ես միտումնաւոր դուրս ձգած եմ նախագահի թեկնածուներուն ուղղուած խնդրանքը` «Ճանչնալու» Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ անիկա արդէն բազմիցս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներուն կողմէ… Հետեւաբար, կարիք չկայ Ցեղասպանութեան ճանաչումը լիտմոսաթուղթ դարձնել նախագահական ընտրութիւններուն, յատկապէս Հարիւրամեակի ընթացքին անոր միջազգային ճանաչումէն ետք… Բացի այդ, երբ նախագահի թեկնածուները Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախընտրական խոստում կու տան, պէտք չէ անոնց մեքենականօրէն սատարել միայն ատոր հիման վրայ` անտեսելով անոնց դիրքորոշումը բոլոր այլ հարցերուն վերաբերեալ…
Ի հարկէ, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ ընտրուած նախագահը պիտի կատարէ միւս հայկական հարցերուն վերաբերեալ տուած իր բոլոր խոստումները: Սակայն, եթէ ամերիկահայերը մեծ թիւով խնդրանքներ ներկայացնեն, ապա կրնան յաջողութեան հասնիլ անոնցմէ քանի մը հատին:
Կարեւոր է նշել, որ հաշիւէն դուրս են այն բոլոր թեկնածուները, որոնք արդէն խաբած են հայ համայնքը իրենց նախկին ընտրովի կամ նշանակովի պաշտօններուն ընթացքին: Նման թեկնածուներէն է Հիլըրի Քլինթընը, որը իբրեւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հայոց ցեղասպանութիւնը բնութագրած է որպէս «պատմական բանավէճի առարկայ»` հակառակ որ ցեղասպանութեան ճանաչման մեծ ջատագովներէն եղած է անցեալին, երբ ծերակուտական էր եւ ապա 2008 թուականին` նախագահի թեկնածու: Ամերիկահայերը չեն կրնար հաւատալ որեւէ թեկնածուի, որ արդէն խաբած է զիրենք… Ինչպէս յայտնի ասացուածքի մէջ կ՛ըսուի` «Մէկ անգամ զիս խաբես` ամօթ քեզի, երկրորդ անգամ զիս խաբես` ամօթ ինծի» … Իրական խնդիրը վեր է ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ կ՛արտացոլացնէ թեկնածուի նկարագիրը եւ պարկեշտութիւնը…
Երկրորդ ընտրական ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ թեկնածուներուն առաջին ընտրապայքարին չսատարելը` չխաբուելու համար կեղծ խոստումներէ: Թող ընտրուած պաշտօնեաները վաստակեն ամերիկահայերու վստահութիւնը իրենց նախորդ պաշտօնավարումներու ընթացքին հայկական կարեւոր հարցերուն վերաբերեալ դրական որոշումներ կայացնելով:
Ի վերջոյ, չքուէարակելով նախագահի թեկնածուներու օգտին անոնց առաջին ընտրապայքարին, երբեք ալ չի նշանակեր զերծ մնալ ընտրական կամ քաղաքական գործընթացներէ: ԱՄՆ Ծերակոյտի մէկ երրորդը եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի բոլոր 435 անդամները ենթակայ են վերընտրութեան իւրաքանչիւր երկու տարին անգամ մը: Դաշնային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններուն ամերիկահայերը պէտք է աջակցին բոլոր այն պաշտօնատար անձերուն, որոնք հայկական հարցերով ձեռքբերումներու փորձ ունին, միաժամանակ պարտութեան մատնելով զանոնք, որոնք իրենց պաշտօնավարման ընթացքին հանդէս եկած են ընդդէմ հայկական շահերուն…
Աւելի խելամիտ է զբաղիլ շրջահայեաց եւ արդիւնաւէտ քաղաքական գործունէութեամբ, քան թէ ապարդիւն եւ անյաջող մասնակցութիւն ունենալ ընտրութիւններուն:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն»-ը