Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 203
Իրանեան Թերթերը Հայոց Ցեղասպանութեան Գերմանիոյ Մեղսակցութեան Մասին 1904-1922
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրանեան գրեթէ բոլոր մեծ թերթերը անդրադարձած են 1904-1922 ժամանակաշրջանին: Էմմա Բեգիջանեան իր հեղինակած «Իրանական Տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» գիրքին մէջ, որ խմբագրած է ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ լոյս տեսած է հեղինակային հրատարակութեամբ Էտիթ Պրինթ տպարանէն, Երեւան, 2011, 163 էջ միջին չափի, կ՛ըսէ. «Հրապարակուած տեղեկութիւնները ուշագրաւ են՝ թեռեւս որոշ վերապահումներով՝ իրենց անկողմնակալութեան տեսանկիւնից, քանզի յաճախ հաշուի են առնուել Օսմանեան Կայսրութեան մահմետական երկիր լինելու հանգամանքը, որի պատճառով որոշ պարբերականներում ոչ միայն փաստերի մեղմացման միտում է նկատւում, այլեւ երբեմն ակնյայտօրէն պաշտպանում են օսմանցիներին» (էջ 17):
Իրանեան «Ռատ» (Ամպրոպ) օրաթերթը 17 Հոկտեմբեր 1915-ին «Հայերի Ցեղասպանութիւնը» (Ցեղասպանութիւն եզրը այստեղ նշուիլը վերապահութիւն կ՛առթէ, քանի որ ան Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ստեղծուած է-Յ.Ի.) խորագրին տակ կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութենէն առած մէկ լուրը՝ ըստ որուն Ա.Մ.Ն.-ի Կ. Պոլսոյ դեսպան Հենրի Մորկընթաու իր պետութեան զեկուցած է հայոց բնաջնջման եւ հայ թափառական ընտանիքներու ծանր վիճակին մասին: Յօդուածագիրը իբրեւ պաշտպանութիւն իրեն դաւանակից օսմանցիներուն կ՛աւելցնէ թէ իրենք տեղեակ են նաեւ Վանի, Երեւանի եւ Կարսի քրիստոնեաներուն կատարած «գարշելի արարքներու» մասին: Նոյն այս օրաթերթը 28 Յունուար 1920-ին բացայայտօրէն պաշտպանելով օսմանցիներուն կ՛ըսէ. «Օսմանցիները նրանց (հայերին) իրենց կողմը գրաւելու համար ջանք չեն խնայել» (էջ 17), իբր թէ այդպէսով ցոյց տալով թուրքերու բարեացակամութիւնը հայոց նկատմամբ, որ բացայայտ կեղծիք է: Այսպիսով անոնք կը փորձեն արդարացնել ոճրագործ թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրին հանդէպ:
«Ռատ» թերթի իբր թէ վերլուծական, սակայն անհիմն ամբաստանութիւնը հայոց ուղղուած, թէ օսմանցիները կապ պահած են Դաշնակցութեան հետ, որպէսզի իրենց կողքին ըլլան, անոնք պատասխանած են հետեւեալը. «Միակ բանը որ կարող ենք անել, այն է, որ բոլոր հայերին, որտեղ էլ որ ապրում են, յանձնարարել՝ հաւատարիմ մնալ տուեալ պետութեան եւ կատարել իրենց պարտականութիւնները բանակում»: Էմմա Բեգիջանեան կ՛ըսէ թէ թուրքերը այս պատասխանը իբրեւ մերժում նկատելով, թշնամական արարքներ կիրառած են հայոց դէմ: Իրականութիւնը ծայր աստիճան խեղաթիւրելով, «Ռատ»ի յօդուածագիրը կը փորձէ արդարացնել թուրքերը, որոնք սկիզբէն սարսափ տարածելով ամենուրէք, հալածեցին, ձերբակալեցին եւ սպաննեցին անմեղ հայերը: Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն օսմանցիները արդարացնել Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իրենց զրոյցի շղթային մէջ գիտակցաբար տրամաբանութեան օղակ մը կը շրջանցեն եւ չեն անդրադառնար այն իրողութեան, թէ նախ թուրքերը գիտնալով իրենց գործած չարիքները հայոց հանդէպ բնաւ չէին ակնկալեր անոնցմէ իրենց կողմը մնալ, ուստի անոնք նախայարձակ ըլլալով սկսած են բոլոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հայերը հալածել, ձերբակալել, բանտարկել, սպաննել եւ ողջ մնացողները բռնագաղթի ենթարկել: Այս տեսակ պայմաններու տակ է որ հայերը ինքնապաշտպանութիւն ըրած են կամաւորական խումբեր կազմելով եւ կարգ մը շրջաններու մէջ ազատագրական պայքար տարած են: Այդուհանդերձ հայ բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հլու եւ հնազանդ գտնուելով Օսմանեան Պետութեան, չեն մասնակցած որեւէ յեղափոխական կամ ըմբոստացումի արարքի:
Իրանեան այդ ժամանակի մամուլին մէջ երբեմն սխալ տեղեկութիւններ կը տրուին հայկական դէպքերու մասին, սակայն իրանցիները ընդհանրապէս ճիշդ դիրքորոշում կ՛որդեգրեն այդ անցուդարձերուն նկատմամբ: 2 Յունուար 1920 թուակիրի «Իրան» օրաթերթը կը յիշէ, որ Թալաաթ եւ Ճեմալ մտավախութիւն ունենալով Կ. Պոլսոյ մէջ ձերբակալուելու՝ դաշնակիցներու Գերմանիոյ վրայ ճնշումին հետեւանքով, ճամբայ ելած են օդանաւով դէպի Թուրքմենիստան կամ Անդրկովկաս՝ միանալու համար իրենց ընկերոջ՝ Էնվերի: Սակայն անոնք գերմանացիներու կողմէ ձերբակալուած են Կոբանոյի նաւահանգիստը: Այս լուրը իրականութեան հետ բնաւ չի համապատասխաներ:
Էմմա Բեգիջանեան կարեւոր իրողութիւն մը կը պարզէ վերոյիշեալ թուակիր թերթէն ըսելով. «Յատկանշական է նաեւ այն, որ խնդրոյ առարկայ ժամանակահատուածում իրանեան մամուլի հրապարակումները շեշտում են, որ թուրք ազգայնականների, երիտթուրքերի եւ քեմալականների միջեւ սերտ կապեր են եղել: Աւելին, վերջիններս շարունակել են Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն (Իթթիհատ վէ Թերաքքի) կուսակցութեան քաղաքականութիւնը հայերի նկատմամբ» (էջ 18-19): Այս յայտարարութիւնը լռելեայն կանխատեսում մը կը թաքցնէ իր մէջ գալիք դէպքերու վերաբերեալ: Երբ քեմալականները արդէն սկսած են հայոց նկատմամբ վարուիլ ճիշդ այնպէս ինչպէս երիտթուրքերը, բնաւ դժուար չէր այլեւս կանխատեսել հայոց երկրորդ կոտորածներն ու բռնագաղթը Մուսթաֆա Քեմալի հրամանատարութեամբ, երբ դաշնակիցները նենգաբար լքեցին հայութիւնը, միայն իրենց շահերուն ետեւէն վազելով:
Էմմա Բեգիջանեան ժամանակագրական կարգով կը թուէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրանեան թերթերու լուրերը, յօդուածներն ու վերլուծումները: Ի շարս այլոց, ուշագրաւ է «Ասրէ Ճատիտ» թերթի 28 Հոկտեմբեր 1915-ի թիւին մէջ լոյս տեսած վերլուծականը, որ կը յենի անգլիական «Թայմզ» թերթի տուեալներուն վրայ: Հոն կը կարդանք թէ հայոց դէմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ի գործ դրուած բռնութիւններն ու սպանութիւնները եզակի են: Իրանցի յօդուածագիրը կ՛ըսէ որ թուրքերը այսօր կը ձգտին հայերը շատ դաժան ճակատագրի ենթարկել՝ հիմնովին վերացնելու համար հայ ազգը: 1894, 1896 եւ 1909-ին տեղի ունեցած հայկական ջարդերը այսօրուան կատարուող կոտորածներու հետ բաղդատելով, աննշան կը թուին, կ՛աւելցնէ ան:
Յօդուածագիրը շատ կարեւոր տեղեկութիւն կու տայ թուրք ոճրագործ առաջնորդներու՝ Թալաաթի եւ Էնվերի էութեան մասին ըսելով. «Էնվեր փաշան եւ Թալաաթ պէյը թուրքական ցեղին չեն պատկանում. նրանք հաշուենկատօրէն են մահմետականութիւնը ընդունել: Էնվերը կիսով չափ լեհ է, իսկ Թալաաթը գնչու է, որոնք ո՛չ հայրենիք, ո՛չ երկիր ունեն: Հայերի նկատմամբ Էնվերի թշնամանքը բացատրւում է այն բանով, որ կովկասեան մարտերի ժամանակ հայերն օգնել են ռուսներին» (էջ 23):
Էմմա Բեգիջանեան շատ կարեւոր հաստատում մը կ՛ընէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ըսելով. «Իրանեան մամուլը ակնյայտօրէն ներկայացրել է Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեանը» (էջ 18): Արդարեւ հոն կը կարդանք. «Այդուհանդերձ կասկածէ վեր է, որ այս բոլոր յանցագործութիւնների բուն պատճառը եւ մէկուկէս միլիոն հայերի բնաջնջման պատասխանատուն Գերմանիան է: Քանզի ո՛չ Թալաաթը եւ ո՛չ էլ Էնվերը պաշտօնական Կ. Պոլիսի իրական ղեկավարները չէին, այլ լոկ Գերմանիայի կամակատարները: Պերլինի արքունիքի միայն մէկ խօսքը կարող էր վերջ դնել այդ սպանդի, աւերին ու կողոպուտին, որի հետեւանքով Փոքր Ասիայի զգալի հատուածն աւերուել, վերածուել է խոպանի: Կայսրն ի զօրու էր մէկ ակնարկով հայերի սպանդը կանխել, գոնէ հիմա կը միջամտի՞. ո՛չ, դա անհաւանական է: ««Մեր թղթակիցը Գերմանիայի մի քանի հիւպատոսների անուններ է նշել, որոնք թուրքերի հետ լիովին համագործակցում են հայերի ոչնչացման համար» (էջ 23):
Այս առնչութեամբ այլ աղբիւր մը՝ գերմանացի պատմաբան Էռնսթ Զոմմեր կը նշէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամօթանքն է նաեւ ողջ Եւրոպայի, որ իր անտարբերութեամբ քաջալերեց ցեղասպանը: Պատասխանատուութիւնը մեծ է մանաւանդ քայզերական Գերմանիոյ, որ մեղքի մեծ բաժին ունի մարդկութեան դէմ այս մեծագոյն ոճիրին իրականացումը թոյլ տալու համար: Աւելին՝ գերմանացի սպաներ մասնակցած են թուրքերու գործած ոճիրներուն: 1914-1923-ին եւ նոյնիսկ աւելի ետք, Գերմանիոյ իշխանութիւնները ուշի ուշով կը հետեւէին մամուլին, որպէսզի գերմանացի ժողովուրդը անտեղեակ մնար հայ ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող ոճիրներէն ու անմարդկային բռնութիւններէն: 1917-ին Գերմանիոյ գրաքննիչ ատեանը լրատուական բոլոր միջոցներուն կը հրահանգէ. «Լաւագոյնը կը լինի հայերի մասին լռել»:
Վերոյիշեալ իրանեան փաստագրութիւնները, ցարդ յայտնաբերուած բազմահազար վաւերաթուղթերու հետ, ինչպէս եւ մանաւանդ գերմանական, աւստրօ-հունգարական եւ Վատիկանի, յստակօրէն կը հաստատեն, որ Գերմանիա ոչ միայն մեղսակից է Օսմանեան Պետութեան գործած Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ մասնակից է անոր կանխամտածման ահաւոր ոճիրին: