Ֆրանսացի ծայրայեղական աջ հրապարակախօս, լրագրող Էրիք Զեմուր, որ երկրի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու առաջադրուած է, 11-14 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: Ան այս մասին յայտնած է իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին վրայ:
«11-14 դեկտեմբերին Հայաստան պիտի ըլլամ: (Հայերը) Ֆրանսայի հին բարեկամ ազգ են», գրած է Զեմուր:
«Ֆր.նիուզ.եահու» կայքը կը գրէ, որ Էրիք Զեմուր մէկ օր առաջ իր ընտրական գրասենեակին մէջ հաւաքուած քանի մը լրագրողներու առջեւ արդարացուցած էր այս ընտրութիւնը յարգելու ցանկութեամբ «հին քրիստոնէական հողը», որ կը նկատէ «մեր քաղաքակրթութեան բնօրրանը»:
Ըստ անոր, «Եւրոպան հիմնադրուած է քրիստոնէութեամբ», եւ որ «առանց քրիստոնէութեան չկայ Եւրոպա եւ չկայ Ֆրանսա»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 ապրիլ 2022-ին: