Ուրուկուէյահայ գեղեցկուհի, բնորդուհի Եոհաննա Ռիվա Կարապետեանը դարձաւ իր երկրին “Միս Ուրուկուէյ” մրցոյթի տիտղոսակիրը:
Եոհաննան Ուրուկուէյը պիտի ներկայացէ Պրազիլի մէջ այս տարի տեղի ունենալիք “Միս-Տիեզերք 2014” մրցոյթին:
174 սմ հասակով, ծագումով հայ գեղեցկուհիին կը պատկանի նաեւ “Ուրուկուէյի Միս Թուրիզմ – 2008” տիտղոսը: Ան մասնակցած է նաեւ Մալեզիայի մէջ կազմակերպուած “Միս Թուրիզմ – 2008” միջազգային մրցոյթին եւ ընտրուած լաւագոյն 15-ին մէջ:
Եոհաննան յայտնած է, որ “Միս Ուրուկուէյ – 2014” մրցոյթին յաղթանակը շատ խանդավառած է զինք` խոստանալով նոր բարձունքներ նուաճել: Ան միաժամանակ շնորհակայութիւն յայտնած է իրեն աջակցողներուն: