Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայուն Եւ Լիբանանահայուն Համար Նուիրուած Կեանք Մը

January 11, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Հայուն Եւ Լիբանանահայուն Համար Նուիրուած Կեանք Մը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Կեանքը Աստուծոյ կողմէ տրուած Շնորհք մըն է մարդուն։ Եւ մարդը կապրի այս օրհնաբեր իրեն տրուած  կեանքը աշխարհի մէջ, բայց պարտի արժեցնել զայն նուիրելով զայն դարձեալ Աստուծոյ։ Եւ մարդը կրնայ նուիրել իրեն տրուած այս կեանքը Աստուծոյ, ծառայութեան գործընթացքի մը մէջէն որ Աստուածահաճոյ առաքելութիւն մըն է։ Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան եւ Աստուածաշունչի մէջ կը գործածուի «Diakonia» յունարէն արմատէն բառը,որուն հայերէն բացատրութիւնը կուգայ որպէս «սպասարկութիւն»։ Եւ սպասարկութիւնը կը դարնայ կեանք մը որ ունի ընդհանրական հասկացողութիւն եւ բովանդակութիւն։ Ան կրնայ իր մէջ ներառել ապրուած կեանքին բոլոր բնագաւառները, նպատակ ունենալով օգտակար ըլլալ մարդուն եւ աշխատիլ անոր հաւաքական կեանքի բարօրութեանը եւ զարգացմանը համար։

Այս իմաստով,  Գառնիկ Մկրտիչեանի ապրած կեանքը եղաւ սպասարկութեան՝իմմա ծառայութեան համար նուիրուած տեսլական մը։ Ան իր համակ կեանքը նուիրեց հայուն, համահայկական իմաստով,բայց նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանահայուն, ի մասնաւորի։ Գառնիկին համար ազգային ինքնութիւնը եւ հասկացողութիւնը թարգմանուած էր որպէս ծառայութեան համար նուիրուած  ապրող կեանք մը։ Եւ այս իմաստով ան ծառայեց Հայ Եկեղեցիին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Համազգայինի ու իր անդամագրուած կուսակցութեանը՝Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեանը եւ տարբեր մակարդակներու վրայով։

Գառնիկ հաւատաց հայ երիտասարդին դաստիարակութեանը եւ ճիգ չի խնայեց որպէսզի կարենայ ջամբել «Բարձրացիր եւ Բարձրացուր» տեսլականը սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Եւ հոս էր Գառնիկի կեանքի համահայկական նուիրումը։ Բայց ան նոյնքան կառչեցաւ իր սիրելի Լիբանանին եւ անոր քաղաքացիական պատերազմի դժուար օրերուն մէջ միշտ մնաց պատնէշի վրայ հասնելով բոլորին։ Իր վերջին առաքելութիւնը «Լիբանանահայ Գաղութի Վերականգնումի» մարմինի ստանձնած առաջնորդութիւնն էր։ Ինչ խօսք որ դժուար պարտականութիւն մըն էր որ կատարեց ամենայն բծախնդրութեամբ։ Եւ իմ վերջին խօսակցութիւնս Գառնիկի հետ եղաւ հեռաձայնի վրայ։ Քուէյթի մէջ մեր կազմակերպած Լիբանանահայութեան նիւթական օժանդակութեան աշխատանքները կը փորձէի համադրել իր հետ։ «Հրայր,դուն լիբանանահայ ես եւ ուր որ երթաս լոյս կը սփռես» եղաւ իր քաջալերական խօսքը ինծի։ Եւ եթէ ես լոյս կը սփռէի, քանի դուն՝ Գառնիկ՝ միշտ լոյսին եւ անոր տարածման առաքելութեանը ջատագովը եղար եւ մինչեւ վերջին շունչդ։

Անժամանակ էր Գառնիկի մահը։ Տակաւին շատ գործ ունէր իրագործելու եւ  յաջողցնելու։ Եւ մեր հայ իրականութիւններուն եւ անոր ղեկավար տարրի տակաւ նօսրացող թիւի համաեմատութեան մէջէն՝մէկ աշխուժ առաջնորդ  մը կորսնցուցինք։ Եւ այս մեծ կորուստ է։

Ասկէ առաջ մատնանշած ենք մէկ հարցում- հասկացողութեան մը բնութագրումի վրայով։ « Ինչու» հարցումը երեւի պատասխան չունի։ « Ինչու Գառնիկ կանխահաս պիտի բաժնուէր մեզմէ»։ Բայց կայ այլ հարցումը որ երեւի պատասխան մը պիտի կարենանք գտնել։ «Ինչ պիտի ընենք»։ Եւ Գառնիկը տուաւ այս հարցումին պատասխանը եւ կը շարունակէ նոյնիսկ երբ ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ այլեւս։ «Կեանքեր պէտք է կերտել որուն հիմքը սպասարկութիւնն է»։ Ծառայութեան կեանքեր ուր հայուն  մէջ պիտի դարբնէ Արժէքի գիտակցութիւնը։ Արժէքը ազգային ինքնութեանը, պատկանելիութեանը եւ գիտակցութեանը համար։ Եւ Գառնիկ այս տեսակի նուիրուած կեանքն է որ ապրեցաւ եւ մեզի կը ձգէ այսօր որպէս պատգամ։

Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ լիբանանհայութիւնը մասնաւորապէս կորսնցուցին նուիրուած եւ հաւատաւոր հայորդի մը, որուն կեանքը եղաւ համակ նուիրում իր ազգին։ Եւ ես կորսնցուցի բարեկամ մը որուն հանդէպ պիտի շարունակեմ պահել իմ յարգանքը եւ սէրը։ Յարգանքը իր կեանքին որ եղաւ ծառայութիւն իր ազգին։ Եւ սէրը իր հոգիին ու անոր ջերմ հաղորդականութեանը, որուն մէջէն ան կերտեց բարեկամութիւնը։

Ցաւակցութիւններ իր կողակիցին, զաւակներուն եւ հարազատներուն։

Ցաւակցութիւններ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին։

Ցաւակցութիւններ այն բոլոր կազմակերպութիւններուն որոնց համար ան ծառայեց։

Յարգանք Գառնիկի ապրած կեանքին։ Հայուն եւ լիբանանահայուն համար նուիրուած իր կեանքին։

Աղօթքով կը միանամ եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցեմ։

Ցաւակցօրէն՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

 

Քուէյթ, Յունուար 10, 2021

Previous Post

Տարին Փոխուեցաւ, Բայց…

Next Post

Տարբեր Կաղանդ Մը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.