Երկնի ձեռքով օրհնուած միւռոնի պէս սրբազան
Հայու հոգին կը ծփայ աւազանին մէջ կեանքի
Ինչպէս արեւը ոսկի լիճին վրայ Սեւանի …
Ես կը տեսնեմ շուքը իր վրան պատին ամէն տան
Պատկերին մէջ հոն կախուած «Այբ ու բէնին» հիասքանչ,
Քովը Մասիսը բազմած, հայու սրտեր մէջն առած …
Պաշտամունքի խունկին պէս հայու հոգին կը ծփայ
Աղօթքին հետ Յարութեան, կտակ առած Խաչեալէն
Հազար անգամ խաչուելով՝ համբարձման հետ ետ կուգայ …
Կուգայ ձիրքով մը տարբեր ժառանգուած պապերէն
Ու կը ծաղկի կը ծաղկի նոյնիսկ քարերու տակէն,
Հազարի պէս կը բուրէ եթէ մինակ է անտէր …
Ու կը մեծնայ կը շողայ հայու հոգին թռչելով
Մանուկներու երգերով, տարեցներու աղօթքով …
Ինձ կը թուի կը թռչի հրեշտակի թեւերով …
Ի՜նչ մը ունի հայ հոգին, ի՜նչ մը տարբեր ուրիշէն,
Հայերէնով կը խօսի Աստուծոյ հետ իր հզօր,
Ու երբ հասնի յաւերժին՝ խաչքարերէն կը խօսի …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան