«Դէպի Արարատ` Սահակեանին համար» ուղեւորութենէն քանի մը օր առաջ, 13 տարեկան Ծովակ Քէօշկէրեան Շաբաթ, 11 Յուլիսի յետմիջօրէին այցելեց Պիքֆայայի վանք, ստանալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնը:Ծովակին կ’ընկերակցէին անոր հայրը` Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ Արամ Մալեանը եւ Սահակեան- Լեւոն Մկրտիչեան գոլեճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը: Վերջինս Ծովակին պիտի ընկերակցի դէպի Արարատի գագաթը: Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսը ծանօթացաւ պատանուհիի ուղեւորութեան նպատակին եւ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը, բարի երթ մաղթելով Ծովակին: Վեհափառ հայրապետին մաղթանքները, խօսքերն ու օրհնութիւնը վստահաբար յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանան Ծովակին, որպէսզի յաջողութեամբ պսակէ իր առաքելութիւնը, հասնելով Սրբազան Լերան գագաթը: