Ուրբաթ, 19 Յունուար 2018-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարութեան աշխատակազմի հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Գրիգոր Արշակեան, վարչութեան աշխատակիցները:
Գրիգոր Արշակեան ներկայացուց 2017թ. ընթացքին կատարուած աշխատանքները, անդրադարձաւ ընթացիկ տարուան ծրագիրներուն, կարեւոր համարեց յառաջիկայ ընելիքները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ» թեմատիկ ուղղութեան առաջարկութիւններու ուսումնասիրութիւնը, տարբեր համաժողովներու, գիտաժողովներու եւ կլոր-սեղան քննարկումներու ժամանակ արծարծուած խնդիրներու լուծումը, հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպման ռազմավարութեան ու հայրենադարձութեան կազմակերպման համապարփակ ծրագիրի մշակումը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացի վերաբերեալ հետազօտութիւններու իրականացումը, արտերկրի հայագիտական կեդրոններու հետ աշխատանքներու աշխուժացումը, հայապահպանութեան գործին մէջ երիտասարդութեան եւ մշակութային գործօնի ունեցած ազդեցութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու իրականացումը