Ռոզէթ Ալեմեան Մահսերեճեան
Հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքին արգասիքը հանդիսացող ներկայ Ազատ Անկախ Հայաստանի կոտորակուած տարածքը կը հանդիսանայ մեր հայրենիքը։ Հայկական պետականութեան հաստատումով ամրապնդուած, ի գին մեծ զոհողութիւններու կերտուած Հայաստանը, այսօր մեզի երջանկութիւն կը պարգեւէ, վստահութիւն կը ներշնչէ, ապագայի տեսլականներով կը տոգորէ։
Ինչպէս ամէն երկիր, Հայաստանն ալ իր դրական կողմերուն կողքին, ունի նաեւ բացասական կողմեր։ Սակայն, գլխաւոր հարցը կը մնայ շրջափակումի ենթարկուած կտոր մը հողի տնտեսական դժուար իրականանալի բարգաւաճումը եւ ժողովուրդի քանակի հարցը։
Այս երկու էական հարցերուն լուծման մէջ, Սփիւռքահայը մեծապէս կրնայ նպաստել։ Եթէ մօտիկ անցեալին գումարներու, նուիրատուութիւններու փոխանցումով Սփիւռքահայը օգտակար կ՚ըլլար Հայաստանին, այսօր հայրենադարձութեամբ կրնայ նպաստել հայրենիքի բարօրութեան, տնտեսական զարգացման, մարդուժի ներհոսքին։
Յատկապէս, Սուրիոյ տագնապէն ետք, մեծաթիւ Հայեր գաղթեցին դէպի Հայաստան։ Թերեւս, սկիզբը ժամանակաւոր կերպով, յետոյ արդէն հիմնական։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ շատեր ալ Հայաստանը անցումնային երկիր օգտագործեցին, հասնելու համար Եւրոպա, Գանատա կամ այլ երկիրներ։
Սակայն, ներկայիս մեծաթիւ Հալէպահայեր եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն հայրենադարձած Հայեր կայք հաստատած են Հայաստանի մէջ։ Շատեր իրենց ապրած երկիրներու ընկերային եւ կենցաղային դրսեւորումները բերին Հայաստան, գունաւորելով ժողովուրդին ապրելակերպը եւ հանդիսանալով այն քաշողական ուժը, որ շատերու վստահութիւն ներշնչեց, գալու եւ ապրելու եւ գործելու Հայաստանի մէջ։
Անցեալի զանգուածային ներգաղթի փոխարէն տեղի ունեցաւ անհատական միջոցներով իրականացուող հայրենադարձութիւնը։
Դրական ու բացասական կողմեր միշտ ալ կան ու պիտի ըլլան։ Սակայն, հոս կ՚արժէ ընդգծել կարգ մը կարեւոր երեւոյթներ, որոնք կը բխին այն դիտարկումէն թէ Հայաստանը պետութիւն է, եւ ոչ թէ՛ Սփիւռքի մեր հայրենասիրական հաւաքներու ընթացքին գովերգուած «Դիմացն Արարատ»ը՝ ոգեղէն հայրենիքը։ Այո, Արարատը մեր դիմացն է, սակայն Հայաստանը ունի իր կառավարութիւնը, նախարարները, պատգամաւորները, եւ ոչ թէ՛ յանձնախումբի մը ատենապետը կամ ատենապետուհին։ Սփիւռքի մեր գոյութիւնը պահպանող կրօնական-ազգային-միութենական կառոյցները շատ շնորհակալ աշխատանք տարին, մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ զարգացումը ապահովելով։ Սակայն, պէտք է գիտակցիլ եւ ընդունիլ տարբերութիւնը պետութեան եւ գաղութի։
Այս մեկնակէտէն ելլելով, հայրենադարձը պիտի գիտնայ ճիշդ արժեւորել իր պարտականութիւններն ու իրաւունքները։
Իրաւունքները պահանջելու համար կ՚ենթադրուի համարկում տեղացի ժողովուրդին հետ, ընդունում անոնց լեզուին եւ սովորութիւններուն, քայլ պահելով մշակութային վերելքին հետ։ Դժբախտաբար, ինչպէս այլ գաղութներու մէջ կը հանդիպինք Հայերու «տեսակներուն», Հայաստանի մէջ ալ խմբաւորումներ կը ստեղծուին, որոնք բնաւ պիտի չօգնեն հայրենադարձին որ հանգիստ եւ բնական կեանք ապրի։
«Մենք»ի եւ «դուք»ի յարաբերութիւնը երբեք առողջ հիմք չի կրնար ծառայել երկու կողմերուն ալ։ Համարկումին կը յաջորդէ պատասխանատուութիւններու ստանձնումը։ Հայաստան իբրեւ պետութիւն դիտարկելով, անոր սահմանները անառիկ պահելու գործընթացը միայն խօսքով կամ երգով կարելի չէ ապահովել, այլ՝ զոհողութիւններով։
Հայրենադարձը պատրաստ է համարկուելու եւ զոհողութիւններ կատարելու. Հայաստանը դրախտավայր կը դառնայ, ո՛չ միայն գիրքերու մէջ, այլ գործնական գետնի վրայ։
Հայաստանը, լոկ ժամանակաւոր ապաստանարան կամ կացարան չէ, այլ կազմաւորուած պետութիւն եւ հայրենիք։
Իսկ հայրենադարձութիւնն ալ զբօսաշրջութեան հետ պէտք չէ շփոթել. բնա՛ւ։