ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Ապրիլ 12ին, կ.ե. ժամը 5ին, Փասատինայի ՀԿԲՄի «Կարօ Սողանալեան» սրահին մէջ (1060 N. Allen Ave.) տեղի պիտի ունենայ «Հայրենիքի Ազատագրութեան Բանակին Համոզուած Զինուորները» նոր հրատարակուած գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առթիւ Ժընեւէն Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ գիրքին հեղինակը՝ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան տեղեկատուութեան դիւանի կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք միջոցառման ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ պատմաբան՝ դոկտ. Կարօ Մոմճեան, ներկայացնելով այդ ժամանակաշրջանի՝ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Հատորը հանգամանօրէն պիտի ներկայացնէ յայտնի մտաւորական եւ հրապարակագիր Ոսկան Մխիթարեան:
Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ հեղինակը, որ այս հրատարակութեամբ ի մի բերած է Հնչակեան Քսան Կախաղաններու մասին զուիցերական մամուլի արխիւային նիւթերը:
Գիրքը լոյս տեսած է տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Հայկօ Գալթագճեաններու մեկենասութեամբ:
Հանդիսութիւնը պիտի վարէ ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի անդամ Սուրէն Խուտանեան: Պիտի գործադրուի պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր:
Մուտքը ազատ է: