«Զէյթունի Աւետարանի Պատմութիւնը Ի Վերջոյ Շատ Կը Նմանի Մեծ Եղեռնէն Վերապրողներու Պատմութեան»
Վարեց՝ ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Վերջերս լոյս տեսաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան դասախօս Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «The Missing Pages. The Modern Life of a Medieval Manuscript from Genocide to Justice» («Պակսող Էջերը. Միջնադարեան Ձեռագիրի Մը Արդի Կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն Մինչ Արդարութիւն») գիրքը, որ շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի եւ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանէն կորսուած 8 էջերուն:
Հեղնար Զէյթլեան հեղինակն է նաեւ «The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական Քաղաքի Մը Պատկերը. Հալէպի Ճարատարապետութիւնը», 2004) գիրքին:
Աւելին իմանալու համար նորատիպ հրատարակութեան մասին, «Հայրենիք»ի աշխատակից Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան հարցազրոյց մը ունեցաւ հեղինակին հետ:
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Պատմեցէք, խնդրեմ, Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին մասին եւ ի՞նչը ձեզ դրդեց գրելու սոյն գիրքը:
ՀԵՂՆԱՐ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՈՒԱԹԸՆՓԱ.- 2010ի Յունիսին, թերթի մը մէջ կարդացի, որ Լոս Անճելըսի Հայ եկեղեցին դատ բացած է «Կեթթի» թանգարանին (Paul Getty Museum) դէմ: Ըստ եկեղեցւոյ տուեալներուն՝ Զէյթունի Աւետարանէն հանուած 8 էջերը, որոնք այժմ կը գտնուին «Կեթթի» թանգարանին մէջ, գողցուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին: Հետեւաբար, եկեղեցին էր օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն եւ ոչ թէ թանգարանը: Իրաւական պայքարէ մը ետք, ի վերջոյ «Կեթթի» թանգարանը ընդունեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, եւ եկեղեցին, իր կարգին, մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրեց թանգարանին:
Վերոյիշեալ 8 էջերը Զէյթունի Աւետարանի խորաններն են: Հայ միջնադարեան մեծագոյն մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին 1256ին, Հրոմկլայի մէջ ընդօրինակած եւ նկարազարդած է այդ Աւետարանը եւ դարեր շարունակ, մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն պահուած է Զէյթունի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:
Ուզեցի աւելի լաւ հասկնալ Զէյթունի Աւետարանի պատմութեան եւ այս 8 էջերուն մասին. ո՞ւր գացած են, ինչպիսի՞ ճամբով անցած են, ի՞նչ ճակատագիր ունեցած են եւ որո՞նց ձեռքին տակ մնացած են:
Ահա, այսպէս սկսաւ պրպտումս:
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Պրպտումի ատեն ի՞նչ ակնկալիք ունէիք եւ ի՞նչ բացայայտումներ կատարեցիք:
ՀԵՂՆԱՐ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՈՒԱԹԸՆՓԱ.- Նախ ուզեցի Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին հետեւիլ: Մատեանին հետքերով գացի Հրոմկլա, Զէյթուն, Մարաշ եւ անշուշտ Երեւան (Զէյթունի Աւետարանը կը պահուի Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ) ու Լոս Անճելըս («Կեթթի» թանգարան): Շարունակեցի պրպտումներս արխիւներու եւ գրադարաններու մէջ: Սկիզբը շատ յոյս չունէի, որ բաւարար փաստեր կը յայտնաբերուին: Բոլորս գիտենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին շատ բաներ քանդուեցան, նետուեցան, ոչնչացան… բայց շուտով յայտնի եղաւ, որ մեր մշակոյթի պատմութեան ամէնէն կարեւոր դէմքերը կապ ունեցած են այս Աւետարանին հետ, ինչպէս նաեւ պարզ անձեր, որոնց առած որոշումները իրենց ազդեցիկ դերը ունեցած են Զէյթունի Աւետարանի ճակատագիրին վրայ: Օրինակ տալու համար՝ յիշատակեմ քանի մը անուններ, ինչպէս՝ արուեստաբան, հայագէտ Սիրարփի Տէր Ներսէսեան, Նիւ Եորքի առաջնորդ եւ յետագային կաթողիկոս՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեան, նաեւ մարաշցի պատանի մը՝ Յակոբ Ադամեան:
Զէյթունի Աւետարանի պատմութիւնը ի վերջոյ շատ կը նմանի Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու պատմութեան. ահաւոր փորձառութիւններ, ընտանիքներու բաժանում, աքսոր… բայց նաեւ վերապրելու կամք եւ կորով:
Զէյթունի Աւետարանը թէ՛ մասունք է եւ թէ արուեստի գործ, նաեւ՝ Զէյթունի շրջանի եկեղեցիներուն եւ վանքերուն միակ գանձը, որ վերապրած է:
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Հիմա երբ գիրքը հրատարակուած է, ձեր փնտռտուքի ակնկալիքները արդարացուած կը համարէ՞ք:
ՀԵՂՆԱՐ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՈՒԱԹԸՆՓԱ.- Անշուշտ կրնայի տասը տարի եւս աշխատիլ այս գիրքին վրայ… տակաւին շատ հարցեր կան միտքիս մէջ Զէյթունի Աւետարանին մասին, բայց պէտք էր վերջակէտ մը դնել: Ժամանակն էր, որ Զէյթունի Աւետարանի պատմութիւնը յանձնէի հանրութեան:
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Վերջերս Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» արուեստի թանգարանին (MET) մէջ ցուցադրուեցան մեր ազգային ժառանգութեան արուեստի հարուստ նմոյշներ՝ մանրանկարներ, զարդանկարներ, ձեռագիրներ, խաչքարեր, եկեղեցական արժէքաւոր զգեստներ եւ այլն: Ուրիշ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը կատարուին հայ արուեստն ու մշակոյթը օտարներուն ճանաչելի դարձնելու ի խնդիր:
ՀԵՂՆԱՐ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՈՒԱԹԸՆՓԱ.- Կ՛ապրինք ժամանակ մը, երբ հայ արուեստը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է: Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» արուեստի թանգարանի հոյակապ ցուցահանդէսը, ինչպէս նշեցիք, մեծ հետաքրքրութիւն առթեց հանրութեան, միւս կողմէ, կը կատարուին նաեւ հայ արուեստին վերաբերեալ բացառիկ հրատարակութիւններ, ինչպէս՝ Հելէն Էվընզի, Քրիսթինա Մարանցի, Սաթօ Մուղալեանի եւ ուրիշներու հեղինակած գիրքերը: Շատ ուրախ եմ, որ կրնանք մեր հարուստ արուեստը ներկայացնել հայ եւ օտար հանրութեան:
Գալով ինծի, կը ծրագրեմ Անի քաղաքին մասին նոր գիրք մը հրատարակել: Նախապէս յօդուածներ գրած եմ այս նիւթին շուրջ: Հայոց եւ աշխարհի պատմութեան մէջ խիստ կարեւոր քաղաք մըն է Անին: Հակառակ անոր, որ 2016էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕի World Heritage (համաշխարհային ժառանգութիւն) ցանկին մէջ է անիկա, սակայն պէտք է նաեւ իր ուրոյն տեղը գրաւէ իբրեւ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն ներշնչող վայրերէն մէկը: