Շաբաթ, հոկտեմբեր 26-ին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Մամուլի տարի» հռչակուելու, «Հայրենիք»-ի 120-ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 85-ամեակի առիթներով: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի ազգային առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» հաստատութիւնը միասնաբար կազմակերպեցին այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին հետաքրքրական զեկուցումներ ու զրոյցներ կատարուեցան:
Հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ` Յակոբ Վարդիվառեան («Պայքար»-ի խմբագիր), Հրանդ Մարգարեան (գրագէտ, բեմադրիչ եւ յօդուածագիր), Անդրանիկ Գասպարեան («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր) եւ Թամար Շահինեան (Քանատայի «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի պատասխանատու):
Նախքան բացումը` ներկաները բարձրացան եկեղեցի, ուր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան աղօթեց եւ պատարագեց մշակոյթի ամսուան առիթով եւ յատկապէս ի յիշատակ հայ մամուլի նահապետ Յարութիւն քհն. Շմաւոնեանի, որուն ջանքերով 1794-1796 թուականներուն լոյս տեսած է հայկական առաջին պարբերականը` «Ազդարար» (Մատրաս, Հնդկաստան):
Ապա եկեղեցւոյ հովիւ հայր Մեսրոպ Լագիսեան բեմ բարձրանալով` բարի գալուստ յայտնեց եւ կատարեց բացումը օրուան գիտաժողովին: Առաջնորդը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այս տարին հռչակած է «Հայ մամուլ»-ի տարի: Այս առիթով արդէն իսկ անցեալ ամիսներուն գիտաժողով մը կայացաւ վեհարանին մէջ: Նաեւ վեհափառ հայրապետը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թեմերը քաջալերած էր, որ այս առիթով 2019 թուականի ընթացքին հայ մամուլի պատմութիւնն ու դերը լուսաբանեն տարբեր ձեռնարկներով` դասախօսութիւններ, դասախօսական շարքեր, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակութիւններ եւ այլն:
«Ահաւասիկ այսօր հաւաքուած ենք խօսելու, զրուցելու եւ քննելու հայ մամուլը մտահոգող զանազան հարցեր», ըսաւ առաջնորդը` միշտ ալ շեշտելով անոր առաջնահերթ դերակատարութիւնը հայ ազգային կեանքի տարբեր բնագաւառներէն ներս:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Խաժակ Մկրտիչեանը, որ ներկայացուց ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը: Ան ըսաւ.
«Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը այս տարին «Հայ մամուլի տարի» հռչակեց, հայ մամուլի նահապետ «Հայրենիք»-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 120-ամեակը եւ նոյն ոգեղէն հայրենիքի հարազատ ծնունդ հանդիսացող «Արմինիըն Ուիքլի»-ին` 85-ամեակը:
120 տարիներու վրայ երկարող «Հայրենիք» հաստատութեան կատարած մեծ դերը կարելի չէ սեղմել քանի մը տողերու կամ էջերու մէջ: Ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները նոյնիսկ չեն կրցած լիարժէք գնահատել պատմական այն դերը, որ «Հայրենիք»-ը ունեցած է եւ դեռ կը շարունակէ ունենալ հայ կեանքին մէջ:
Փորձենք սեղմ գիծերու մէջ ամփոփել «Հայրենիք»-ի մեծ աւանդը եւ դեռ շարունակուող առաքելութիւնը:
«Իր հիմնադրութեան օրէն «Հայրենիք»-ը տարագիր ու հայրենազուրկ հայ բազմութեան համար եղաւ ոգեղէն հայրենիք` զիրենք կապելով հայրենի երկրին ու անոնց մէջ սերմանելով սեփական հայրենիք կերտելու երազանքը:
«Հայ միտքի տիտաններու ներդրումով «Հայրենիք»-ը եղաւ արեւմտահայերէնի զարգացման, բիւրեղացման ու կատարելագործման կռուան:
«Գերմարդկային ճիգերու շնորհիւ` «Հայրենիք»-ը եղաւ հայ վշտի ու յաղթանակի լրաբեր վկան ու վաւերագիրը: Մտաւորական ու գաղափարական համոզումներով զինուած` «Հայրենիք»-ը հայ կեանքի բոլոր իրադարձութիւններու շուրջ կեցուածք արտայայտեց ու հայ միտք ձեւաւորեց:
Իր ամսագրով «Հայրենիք»-ը հայ գրականութեան, հրապարակագրութեան եւ յուշագրութեան նոր որակ հաղորդեց: Տարագիր ամերիկահայութեան համար դարձաւ` հոգեւոր տուն, մշակոյթի պահպանման կռուան, հայ կեանքը հունաւորող առանցք եւ ազգային գիտակցութեան պահպանման արթուն պահակ: Այս առաքելութիւնը կատարելու համար խօսեցաւ նաեւ իր հարազատ զաւակներուն համար հասկնալի լեզուով:
«Երիտասարդ գրողին ու մտաւորականին համար «Հայրենիք»-ը դարձաւ գագաթներ նուաճելու ճանապարհ:
«Անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ` «Հայրենիք»-ը արժանացաւ իր հարազատ զաւակներու սիրոյ եւ աջակցութեան, որուն շնորհիւ զարգացաւ, գոյատեւեց, ծառայեց ու դեռ պիտի շարունակէ ծառայել:
«120-ամեայ աւանդը ժառանգած ու իր փառաւոր անցեալով հպարտ «Հայրենիք»-ը հայեացքը ուղղած է նաեւ ապագային: Անգլերէն ու հայերէն էջերով կը շարունակէ մնալ այն ջերմ հոգեւոր տունը, որ հայրենիքէն հեռու ապրող հայը հաղորդակից կը դարձնէ հայրենի երկրի իրադարձութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու նուաճումներուն:
«Գիտակցելով, որ 120-ամեայ էջերը ինքնաճանաչման ու հայ պատմագրութեան համար անզուգական աղբիւր են, «Հայրենիք»-ը այդ էջերը նոր սերունդին հասանելի դարձնելու ժամանակակից միջոցներու ապահովումը նկատեց անյետաձգելի պարտականութիւն: Թուայնացման գործը սկսած է եւ պիտի շարունակուի բոլորիս աջակցութեամբ:
«Հայրենիք»-ը կայացուցած է մամուլի ժամանակակից զարգացումներէն անմասն չմնալու որոշումը եւ իր ունեցած ողջ հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ այդ որոշումի գործադրման համար: «Հայրենիք»ը լսատեսողական հնարաւորութիւններով օժտելու նիւթական ներդրում պահանջող ծրագրի նախնական քայլերը առնուած են: Հաւաստի ու սեփական աղբիւր ունենալը առաջնահերթային նկատելով` «Հայրենիք»-ը կարելի եղածին չափ կը փորձէ աշխատակիցներու սեփական ցանց ձեւաւորել:
Լիայոյս ենք, որ «Հայրենիք»-ի փառաւոր անցեալին հանդէպ եղած յարգանքին կը միանայ նաեւ «Հայրենիք»-ի ապագային հանդէպ մեծ հաւատը եւ, այդ հաւատաւորներու աջակցութեամբ, «Հայրենիք»-ը իր երթը կը շարունակէ դէպի նոր հարիւրամեակներ»:
Ապա խօսք առաւ «Հայրենիք»-ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան: Ան ըսաւ. «120 տարի առաջ, քանի մը խենթեր քով քովի գալով, երբ գաղափարը յղացան թերթ մը հրատարակելու, բարեբախտաբար այդ օրերուն ո՛չ ե-նամակ կար, ո՛չ ալ ինսթակրամ, դայլայլիչ` թուիթըր եւ այլն: Այլապէս կարիքը պիտի չըլլար «Հայրենիք»-ին:
Այսօր արդիականացած եւ կատարելագործուած աշխարհին մէջ միայն մամուլի բնագաւառը չէ, որուն կ՛անդրադառնանք, այլ քարոզչականը այբէն ֆէ, գրել, կարդալ, լսել, դիտել, այսինքն` լսատեսողական ոճով ըմբոշխնել, ունկնդրել…
«Կարկինը սեղմենք: Փրկենք թերթը, մամուլը, առողջ քարոզչական բնագաւառը, մանաւանդ որ գերարդիական, ցանցային, համակարգչային կառոյցը քանդած են սահմանները, սահմաններ, որոնք պերլինեան կամ մեր խելացի նախագահին շինելիք պատերուն հետ կապ չունին, այլ տրամաբանական ու բնական սահմաններ են:
«Եթէ ժամանակին կարելի էր հարց տալ, թէ օրական քանի՞ ժամ կամ վայրկեան թերթ կը կարդանք, այսօր դժուար է այդ հարցումին պատասխան գտնել: Նոյնիսկ համակարգիչին հետ քիչ կապ ունինք, զանազան տեսակի բջիջայիններու ճամբով կարելի է մամլոյ հետեւիլ: Կարդալ` քալելու ժամանակ, վերը յիշեցի փոփ քորն եւ պիստակ… այս պարագային` նոյնիսկ ճաշի, ընթրիքի ժամանակ, քալելու ժամանակ, նոյնիսկ երբ քշելու ժամանակ ակնթարթ մը կարմիր լոյս է:
«Դրական ձեւով կարելի չէ մօտենալ ընկերային ցանցերու իրավիճակին, որոնք նոյնիսկ կարելի է բաղդատել այն մարախներուն, որոնք կը փճացնեն արտեր ու բերքառատ հողեր:
«Պէտք է բաժնել, զանազանել, պեղել, բիւրեղացնել թացը չորէն, հունտը կեղեւէն, գործածուելիքը անգործածելիէն, բարեկամը թշնամիէն եւ կարդացուելիքը դիտուելիքէն:
«Այո՛, սիրելինե՛ր, կը դիտենք աւելի, քան թէ կը կարդանք, կը բամբասենք, քան բան մը կ՛ըսենք:
Դժուար է բջիջայինի այդ փոքր պաստառին վրայ կարդալ յօդուած, սակայն կարելի է:
Այլ վիճակագրական տուեալ մը ցոյց կու տար, որ աւելի կը լսենք, քան կը կարդանք: Եղափոխութիւն մը, բարեշրջութիւն մը, որուն դէմ կարելի չէ պայքարիլ: Սակայն հոս ալ պէտք է լաւը, ճիշդն ու լաւապէս պատրաստուածը նախընտրել: Այլապէս, յաջողութիւն` այս գիտաժողովին»:
Անգլերէն բաժնի` «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Լիզա Առաքելեան իր կարգին խօսք առնելով` յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ է միանալ այս ընտանիքին: Ան իր մանկութենէն յուշեր պատմեց, թէ որքա՛ն կառչած է հայ մամուլին:
Օրուան զեկուցաբերն էր Վարդան Մատթէոսեանը, որ ներկայացուց «Հայ դասական մամուլն ու առցանցային եւ ելեկտրոնային լրատուական միջոցներն ու ընկերային ցանցերը», նաեւ անդրադառնալով հայ մամուլի դերին` հայ ինքնութեան (լեզու եւ մշակոյթ) պահպանման եւ ազգային պահանջատիրութեան:
Մատթէոսեան յայտնեց, որ միայն կլոր տարեդարձները առիթ պէտք չէ դառնան խորհրդածութեան եւ խորհրդակցութեան: Ան յայտնեց. «Մամուլ ըսելով` այս զեկոյցին ծիրին մէջ նկատի ունիմ սփիւռքահայ մամուլը, որուն անցեալին ու ներկային աւելի մօտէն ու անմիջականօրէն ծանօթ եմ, իսկ անոր մէջ` ընթացիկ, հայալեզու մամուլը:
«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ այստեղ լուծումներ եւ դեղատոմսեր չէ, որ պիտի տամ, այլ պարզապէս պիտի կատարեմ հպանցիկ մատնանշումներ, որոնք թերեւս նպաստեն զրոյց մը յառաջացնելու:
«Սկսելու համար կ՛արժէ մամուլի էջերը բանալ ու կարդալ «Հայրենիք» օրաթերթի 11 փետրուար 1934-ի թիւին մէջ «Hairenik Weekly»-ի մօտալուտ հրատարակութեան լուրը:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել հետեւեալ տողը. «Եւ աւելի լայն կերպով ընդառաջ երթալու համար անոր ազգային դաստիարակութեան պահանջներուն»: Այսօր կարելի՞ է ըսել, թէ թերթ մը կը հրատարակուի կամ պիտի հրատարակուի դաստիարակչական նպատակներով: Ասիկա կ՛ենթադրէ փակ հանրութիւն մը փակ բաժանմունքներով (compartment-ներով), ինչպէս որ էր 1930-ական թուականներուն, երբ հայութեան մէկ հատուածը միւսին հետ պաշտօնական կապ չունէր կամ շատ քիչ ունէր, ներառեալ` մամուլը, թէ՛ Ամերիկայի մէջ եւ թէ՛ այլուր: Վերջին 35 տարիներուն տեղի ունեցած արհեստագիտական յեղափոխութիւնը եւ քաղաքական վերափոխումը թէ՛ այդ փակ հանրութիւնը եւ թէ՛ այդ փակ բաժանմունքները սրբած-տարած են:
«1990-ական թուականներէն ելեկտրոնային լուրերու տարածումը` առանց գաղափարական որեւէ խտիրի, կը ծառայէր մեր հանրութեան բացման: Այլեւս լուրերը զտուած չէին գար` ըստ գաղափարական մէկ արժեչափի: Ընթերցողը կրնար աւելի լայն ընտրանք մը ունենալ` իր լրատուական կարիքներուն գոհացում տալու համար: Ու այլեւս որեւէ լրատուամիջոց` հին թէ նոր, չէր կրնար «ազգային դաստիարակութեան» աղբիւր ըլլալու յաւակնութիւններ ունենալ: Ընթերցողը իր ձեռքը կ՛առնէր իր դաստիարակութեան գործը, եթէ կ՛ուզէք` ինքնուսուցումը: Առաջ պարզ լուրերու տարածում էր, հիմա աշխարհի հայ մամուլը մեր տրամադրութեան տակ կ՛անցնէր ո՛չ թէ գրադարաններու, այլ մեր տան, ապա մեր գրպանին մէջ:
«2000-ական թուականներուն նախ կայքէջերու եւ ապա ընկերային ցանցերու զարգացումը ա՛լ աւելի կը խորացնէր գաղափարական ճգնաժամը: Ամէն մարդ այսօր կրնայ իր անձնական լրատուական-հրապարակագրական կայքէջը ունենալ` առանց մասնաւոր դրամական ներդրում կատարելու (միայն` ժամանակի), եւ ամէն մարդ այսօր կրնայ մշտական ներկայութիւն ըլլալ իր սեփական էջով, թէ այլոց էջերու մէջ կարծիքներ յայտնելով, ընկերային ցանցերու մէջ: Մէկ խօսքով, անհատը ազատ է իր գաղափարները տարածելու ուզած ձեւով: Եթէ ժամանակին մէկը յօդուած կամ խմբագրութեան ուղղուած նամակ կը գրէր, եւ այդ յօդուածը կամ նամակը չէր տպուեր որեւէ յարգելի կամ ոչ յարգելի պատճառով, այսօր չտպուած (փոխաբերական իմաստով) յօդուածներու եւ նամակներու հեղեղ մը կը լեցնէ համացանցն ու ընկերային ցանցերը` status-ներու եւ comments-ներու անունին տակ: Անունները փոխուած են, բովանդակութիւնը` ոչ:
«Այլ հարց, թէ այդ հեղեղը որքանո՞վ կարդացուելիք է, որքանո՞վ արժանի պիտի ըլլար op-ed էջերու կամ ընթերցողներու նամականիի մաս կազմելու:
Ելեկտրոնային մամուլի մրցակցութիւնը, ի հարկէ, կարեւոր դեր կը խաղայ տպագիր մամուլի բովանդակութեան մէջ: Օրաթերթը եւ ա՛լ աւելիով շաբաթաթերթը կը դժուարանան իրենց զուտ լրատուական առաքելութեան մէջ, մանաւանդ երբ զայն վստահած են արդէն այլեւայլ ձեւերով ժամեր կամ օրեր առաջ այդ լուրը սփռած կայքէջերու արտատպումին: Եթէ օրաթերթերը կամ երկօրեայ թերթերը տակաւին կրնան մասնակիօրէն տոկալ այդ մրցակցութեան, նոյնը չէ պարագան շաբաթաթերթերուն, որոնք արդէն մասամբ ցոյց կու տան շեղում մը դէպի հրապարակագրական դաշտ` թերթերը դարձնելով աւելի կարծիքի, մեկնաբանական օրկաններ, քան` զուտ լրատուական:
Այս բոլորին մէջ մամուլը, տպագիր թէ ելեկտրոնային, իր անցեալի լեզուական դերակատարութիւնը կը շարունակէ պահել: Սակայն գաղտնիք մը չէ, որ վերջին տասնամեակներուն բազմաթիւ պատճառներով, որոնց քննարկումը բաւական հեռու պիտի երթար, արեւմտահայերէնով գրուած մամուլը ցոյց կու տայ մաշումի հետեւանքները:
«Ժամանակին աշխարհի չորս կողմը սերունդ ունեցանք, որ հայերէն սորված է թերթ կարդալով: Արդեօք այսօր կրնա՞նք հայ մամուլը յանձնարարել` որպէս լեզուական ուսուցման աղբիւր: Դժբախտաբար առարկայական իրողութիւն է, որ այսօր կարելի չէ թերթ բանալ անվախօրէն: Անշուշտ խօսքը խմբագրական վրիպումներու կամ սրբագրական թերացումներու մասին չէ: Ոչ ալ կը խօսինք վիճարկելի կամ սխալ քերականական-ուղղագրական կէտերու մասին, որոնք ժամանակին հ. Արսէն Ղազիկեանի, Բենիամին Թաշեանի կամ այլոց հետազօտութեան եւ պարզաբանման կալուածը դարձած են ու մինչեւ այսօր կը դառնան: Մեր խօսքը կը վերաբերի քանի մը հիմնական կէտերու, որոնք սփիւռքահայ մամուլի ներկային ու անմիջական ապագային հետ առնչուած են լեզուական իմաստով.
ա) Մամուլի լեզուի ընդհանուր աղճատումն ու համահարթեցումը,
բ) Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն անհարկի խառնելու իրողութիւններ,
գ) Օտար լեզուներու (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլք` ըստ շրջանի) ճնշումի բազմացում,
դ) Հայերէնի քերականութեան տարրական կանոններու իմացութեան պակաս,
ե) Ուղղագրական սխալներու աճը, ինչպէս եւ խորհրդային ուղղագրութեամբ գրուած յօդուածներու հիւրընկալումը:
Եթէ կը շեշտենք այս երեւոյթները, պատճառը այն է, որ հայ մամուլը (տպագիր թէ ելեկտրոնային) տակաւին աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան հաւաքական հանդիպումի գլխաւոր վայրերէն մէկը կը հանդիսանայ: Այս իմաստով, ընկերային ցանցերը չեն փոխարինած զայն, որովհետեւ անոնց տարածքին տեղի կ՛ունենայ անհատական, թէկուզ եւ հրապարակային, հանդիպում մը (անձ մը կը հետեւի կամ կը կարդայ ուրիշ անձի մը գրածը կամ տեղադրածը), որ հաւաքական հանդիպումի տեղը չի կրնար գրաւել իր ներկայ բնոյթով: Երբ մարդիկ կ՛ըսեն, որ իրենց լուրերը Դիմատետրէն կ՛առնեն, պէտք է նկատի ունենալ, թէ անոնց աղբիւրը ընդամէնը լուրի մը կմախքն է, օրինակ` տուեալ անձի մը մահուան լուրը կամ նոյնիսկ (բացառիկ պարագաներու) քանի մը տուեալներէ բաղկացած կենսագրական մը: Ասիկա կրնա՞յ փոխարինել թերթէ մը ակնկալելի լրատուութիւնը, տեղեկութեան (information) եւ ո՛չ թէ տուեալներու (data) հաղորդումը, տուեալ անձին արժեւորումը:
«Երկրորդ պատճառը այն է, որ հայ մամուլը կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի անմիջական զարգացման առաջին աստիճանը կամ փորձաքարը` հայ գրականութեան հասնելէ առաջ: Ի վերջոյ, լեզուական բնաշրջման (evolution) երեւոյթները առաջին հերթին տեղի ունեցած են եւ կ՛ունենան մամուլին մէջ, որմէ ետք թափանցած են ու կը թափանցեն գրական-գեղարուեստական թէ ուսումնասիրական երկերու մէջ:
«Եւ քանի որ հասանք մամուլի ու գրականութեան առնչութեան, ուրեմն պէտք է շեշտել այստեղ, որ մամուլը անփոխարինելի դեր մը ունի ընդհանրապէս մեր մշակոյթի փոխանցման մէջ: Խօսքը չի վերաբերիր պարզապէս մշակութային լրատուութեան կամ պատմական երեւոյթներու անդրադարձին (յոբելեաններ, գրական հին էջերու արտատպում եւ այլն), այլ` վճռականօրէն զարկ տալու մշակութային-մտաւորական աշխատանքին: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ երբ գրական հայատառ մամուլը շեշտակի վայրէջք մը կ՛ապրի այս օրերուն` յատկապէս քանակով (նաեւ` հայագիտական մամուլը), դժբախտաբար ընթացիկ մամուլի ուսերուն վրայ կը կեդրոնանայ այդ բեռը: Թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուի կամ ընթանայ այդ աշխատանքը, կը մնայ տարբեր խօսակցութեան նիւթ: Կը հաւատամ, ամէն պարագայի, որ այդ աշխատանքը չի կրնար պարզապէս անցեալի կրկնութիւն մը ըլլալ, որուն տակ կը հասկնամ սովորական cliche-ներու կրկնութիւնը, այլ պարտի դուռ բանալ արդիական, գուցէ եւ վիճայարոյց, սակայն ազատ քննարկման մթնոլորտի մը:
«Թերեւս ժամանակը հասած է, որ հայ մամուլը վերաքննութիւն մը կատարէ իր խօսոյթին (discourse), եւ փոխանակ 1970-ական-1980-ական թուականներուն գտնուելու, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ բոլոր յարակից հարցերը diaper-ներու մէջ փաթթուած էին (մէկ հատիկ Ուրուկուէյը պաշտօնապէս ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը, այդ ալ` «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածելով), երբ սփիւռքը իր վտիտ ուսերուն վրայ առանձինը կը կրէր այդ պայքարին բեռը, ուրեմն ցատք մը կատարէ 40-50 տարի դէպի յառաջ եւ հասնի 2020-ի սեմին: Այդ ցատքին արդիւնքը պէտք է ըլլայ այն անդրադարձը, որ սփիւռքահայ մամուլը լոյս կը տեսնէ սփիւռքի մէջ ու նախ եւ առաջ պարտաւոր է սփի՛ւռքը եւ իր հրատարակութեան վայրի համայնքը դարձնել իր կիզակէտը: Երկրորդ նիւթը, որ պէտք է ուշադրութեան առանցքը ըլլայ, Հայաստանն է բառիս լայն իմաստով (Արցախն ալ, հարկաւ, բայց Արցախը պատմական Հայաստանի տասնհինգ նահանգներէն մէկը ըլլալէ դադրած չէ, իսկ 1 դեկտեմբեր 1989-ի Հայաստանի հետ վերամիացման որոշումը երբեք չեղեալ համարուած չէ), իսկ երրորդ նիւթը` հայկական պահանջատիրութիւնը: Ասիկա չի նշանակեր, կը շեշտեմ, որեւէ ձեւով հրաժարիլ որեւէ բանէ: Կը նշանակէ, սակայն, առաջնահերթութիւն տալ մեր յիշածին: Գիտակցիլ, որ երբ գրեթէ 30-ամեայ անկախ պետականութիւն մը ունինք, պարտաւոր ենք առաջին հերթին ողջերով զբաղիլ` անոր սահմաններէն ներս թէ դուրս: Մեռելները արթուն են մեր հոգիներուն մէջ, իսկ հայ մամուլը, կը կարծեմ, պարտի առաջին հերթին ողջերը սնուցանել ապրող երկրի մը, ապրող հաւաքականութեան մը, ապրող մշակոյթի մը լուրերով, տեղեկատուութեամբ, վերլուծումներով, որպէսզի ո՛չ թէ հետզհետէ դառնայ լուսանցքի վրայ ապրող, միայն անցեալի «հին պատմութիւնները» արծարծող, այլ, ընդհակառակը, փնտռուած լրատուամիջոցը եւ մեր հանրութիւնը առաջնորդող դրօշակիրը, չորրորդ իշխանութիւնը` 21-րդ դարուն, որպէսզի ողջերը ներշնչէ, նորահաս սերունդները լիցքաւորէ հայ ըլլալու դրական ու ողջմիտ, լուսաւոր ուղիներով դէպի ապագայ ընթանալու գաղափարով»:
(Շար. 1)