Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Վարագ Առաքելեանը գտայ շատ փոքր, նեղ ու յարաբերաբար աւելի երկար աշխատասենեակի մը մէջ:
Պարթեւահասակ, ուղղաձիգ, առիւծի բոլորովին սպիտակ բաշերով, ըստ ամենայնի կայտառ, գեղեցիկ արտաքինով, հաստ վերարկուի մէջ փաթթուած ութսունամեայ ծերունի մըն էր ոտքի կանգնող ու ինծի ձեռքը երկարող տղամարդը:
−Թոյլ տուէք, որ համբուրեմ այն աջը, որ գրած է «Հայերէնի շարահիւսութիւնը»,− ըսի՝ խոնարհելով անոր դաստակին վրայ՝ քիչ մը շլմորած հայեացքին տակ:
Ենթադրելի է, որ ամէնօրեայ արարողակարգ մը չէր տեղի ունեցած սրտաբուխ ու ըստ ամենայնի անկեղծ «բեմադրութիւնը», երբ բոլորովին պատահական անծանօթ մը երախտագիտական նման արտայայտութիւն մը ցուցաբերէր իր աւելի քան քսանամեայ հնութիւն ունեցող մէկ աշխատութեան հանդէպ:
Ապա ներկայացուցի ինքզինքս:
Եւ անոր հետաքրքիր հայեացքին տակ՝ իրեն երկարեցի «Վենետիկի առձեռն»-ի անթիլիասական հրատարակութիւնը, որ շատ աւելի յաջող էր, քան բնատիպը, որ կատարուած էր առջի դարու 60-ականներուն Վիեննայի մէջ: Հետս տարեր էի երկու օրինակ, մէկը՝ իրեն, միւսը՝ ԵՊՀ-ի դասախօսներէն Վաղարշակ Քոսեանի համար, որ իր կարգին մեր վաստակաւոր լեզուաբաններէն էր եւ հեղինակն էր, ի շարս այլոց, «Արեւմտահայերէնի բառակապակցութիւնները» աշխատութեան:
Պահիկ մը թերթատեց տուած բառարանս, ապա գոհունակ արտայայտութեամբ մը ըսաւ՝ առաջին անգամ լսելի դարձնելով ձայնը.
–Ընտիր հրատարակութիւն է:
–Աւելի ընտիրն ալ ունինք,– վրայ բերի:
–Եւ պատերազմի այս խառնակ օրերուն «Առձե՞ռն» կը հրատարակէք…
Ապա դառնալով ձախին, անթոյլատրելի մոռացում մը դարմանողի շեշտով, դռան ճիշդ աջին, նեղ սեղանի մը շուրջ բազմած սպիտակահեր տատիկի մը ուղղութեամբ՝ ըսաւ.
–Ներկայացնեմ քարտուղարուհիս: Աւելի քան 40 տարի առաջ էր, երբ հալածական եղնիկի երկչոտ քայլերով մտաւ այս դռնէն ու այդ մտնելն էր: Միասին ապրեցինք ու գործեցինք այս ամբողջ ժամանակը:
Իրեն խօսեցայ մեր առաքելութեան մասին, ապա ակնարկեցի հետաքրքրութիւններուս, թուեցի իրմէ կարդացած հատորներս, ինչ որ պատճառ դարձաւ յօնքերը քիչ մը աւելի պռստելուն եւ նայուածքը սեւեռելուն:
Տատիկին դէմքը, որ արդէն կը ժպտէր, շատ աւելի լուսաւորուեցաւ:
Ապա հարցուցի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդ աշխատութիւնը:
Եւ իմացայ, որ հիմա նախաձեռնուած էր պատրաստութեանը ընդհանուր հայերէնի բառարանի մը՝ քսան հատորով, իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս հազար էջանի…որ պիտի ընդգրկէր գրաբարի, միջին հայերէնի եւ աշխարհաբարի երկու ճիւղերու բոլոր բառերը անխտիր՝ բնագրային ճոխ վկայութիւններով: Փաստօրէն՝ հանրագիտարանային բնոյթի աննախընթաց գործ մը: Եւ աւելցուց, որ արդէն մեքենագրած-պատրաստած է առաջին հատորը՝ նուիրուած Ա տառին:
Այս ըսելով ոտքի ելաւ, ձեռքը երկարեց գլխուն վերեւի դարանին եւ անկէ իջեցնելով հաստափոր հատոր մը՝ դրաւ զայն սեղանին վրայ ու անկէ թերթատեց քանի մը էջ այն 1300-էն, որոնք կը կազմէին ամբողջութիւնը:
−Այս բոլորը ինչպէ՞ս գլուխ պիտի ելլէ հարցուցի՝ ձայնիս խառնելով յառաջացած տարիքին ակնարկող վերապահ երանգ մը, որ շատ յստակ կը մատնէր ինքզինք, եւ շատ ալ լաւ ըմբռնեց ան:
−Ես միակ աշխատողը չեմ,− վրայ բերաւ շատ հանդարտ,− եւ յետոյ՝ պայման չէ, որ ան մեր օրերում աւարտի…կարեւորը ծրագրելն է. մենք կը սկսենք, ուրիշներ կը շարունակեն գործը:
Այնուհետեւ յաճախ հարց տուած եմ, թէ ի՛նչ եղաւ այդ եզական բառարանին ճակատագիրը տարի մը ետք հասած անկախութեան եւ անոր յարուցած խառնաշփոթութեան ու դժուարութիւններուն մէջ: Ու մանաւանդ, երբ երկու տարի ետք վերստին այցելեցի ու այնտեղ չգտայ զինք, այնուհետեւ 1994-ին՝ երրորդ այցելութեանս, ըսուեցաւ, որ ան դադրած է ծառայելէ, իսկ վեց տարի ետք ալ՝ 2000-ին, ընդմիշտ փակեց աչքերը:
Այդ ծրագիրը գոյութիւն ունի՞ տակաւին ու մնացի՞ն զայն փայփայողներ:
* * *
Այդ պահուն փողոցէն լսուեցան աղմուկներ, կոչեր, լոզունգներ, շարժող բազմութեան անհանգիստ կանչեր, որոնց բաւական ընտելացեր էինք մեր կեցութեան օրերուն: Առաքելեան տեղէն ելաւ, մօտեցաւ պատուհանին, դիտեց պահ մը, ապա տհաճ արտայայտութեամբ մը վերադարձաւ՝ մռլտալով բաներ մը: Ակնարկեց երթը կազմակերպողներուն, անոնց անձին ու գաղափարախօսութեան, որոնց շատ չէր հաւատար կամ թէ որոնց հետ այնքան ալ հաշտ չէր թուեր ըլլալ:
Ենթադրելի է, որ ունէր դժգոհութիւն մը:
–Մեզ ամէն օր աւելի աղքատացնում են,– թռաւ բերնէն, ու չհասկցայ, թէ կ’ակնարկէր ցոյցերուն ու ցուցարարներուն, թէ՞ այլ հանգամանքներու,– պատկերացրու, որ ներկայիս միայն 50 դոլար է ամսական եկամուտս…
Ուրեմն՝ լաւ օրերու 300 ռուբլիի պատկառելի ամսականը դարձած էր, իր հաշուով, 50 դոլար, մինչ ես, որ շատ աւելի լաւ կը ճանչնայի այլեւս խորհրդային սակարանին ելեւէջներն ու սեւ շուկայի խաղերը, գիտէի, որ ան միայն 30 դոլար էր:
Մեքենաբար հաշուեցի այս բոլորը եւ ունեցայ հոգեկան փղձկում մը:
Այս տարողութեան մտաւորական մը միայն 30 դոլար վարձատրուէր…
–Ստալինի օրերն ալ սկսան գերազանցել:
Կ’ակնարկէր, հաւանաբար, յիսունականներու առաջին տարիներուն, ուր նախկին ռուբլին այնքան արժեզրկուեցաւ, որ հարկ եղաւ ա՛լ կասեցնել անոր գործածութիւնը եւ փոխանակել զայն նորով՝ 10 հինի փոխարէն հատուցելով միայն մէկ նոր ռուբլի: Այս փոխարինումը տեղի ունեցաւ յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ, ուստի շատեր չհասցուցին իրենց հին խնայողութիւնը դրամատուն տանիլ՝ փոխանակելու համար նորով, մինչ ուրիշներ կը խուսափէին ցուցադրելէ իրենց ամբողջ ունեցածը, ասոնց վրայ գումարած փոխանակման կեդրոններու սակաւութիւնն ու անկանոնութիւնը,− այս բոլոր մեքենայութիւնները պատճառ դարձան որ շատեր չկարենան փոխանակել իրենց ունեցածը կամ անոր մէկ մասը:
Շատեր, այնուհետեւ, դառնութեամբ, բայց բոլորովին համոզուած, այդ հապճեպը կը վերագրէին Ստալինի մէկ դաւադրութեան, որ կը միտէր առ ոչինչ հանելու քաղաքացիներու խնայողութիւնը, գէթ անոր մեծ մասը: Պետութեան պահեստները արժեւորելու, իր նիւթական պարտաւորութիւններէն հրաժարելու նենգ միջոց մը, որ բնաւ զարմանալի չէր, եւ բոլորովին կը պատշաճէր Ստալինի դաւադիր նկարագրին:
Համայնավար ձախող տնտեսութեան հետեւանքները դարմանելու սադայէլական միջոց մը՝ շատ ուրիշ միջոցներու շարքին, որոնց դիմեց այդ հրէշային վարչակարգը մասնաւորաբար իր գոյութեան առաջին տասնամեակներուն:
Ստալինի անուան ոգեկոչումը մռայլեցուց անոր գեղեցիկ դէմքը:
Եւ յանկարծ բոլորովին փոխեց խօսակցութեան նիւթը:
–Անվտանգութեան գործակալները գրեթէ ամէն օր կը հանդիպէին ինստիտուտ՝ աշխատակիցներից մէկնումէկը տանելու համար հարցաքննութեան, որ կը նշանակէր աքսոր կամ գնդակահարութիւն: Մեզնից իւրաքանչիւրը սրտատրոփ սպասում էր իր հերթին:
Ծանօթ.—Խորհրդային քաղաքացիին համար, որ ապրած է ստալինեան դաժանութեան տարիներուն, շատ սովորական է գաղափարներու այսպիսի բեկումնային զուգորդութիւն կատարել, երբ բոլորովին չսպասուած ու անբացատրելի առիթով մը ան յիշէ ու պատմէ այդ տարիները բնորոշող դրուագ մը, որ առաջին հայեացքով բնաւ չի համատեղուիր ընթացող խօսակցութեան հետ, անոր ծիրէն բոլորովին դուրս ինկող պատում մըն է, որ կը կատարէ խօսակիցդ: Սակայն վերջը կամաց-կամաց կը հասկնաս անոր հոգին փոթորկող ալիքներուն ծալքերը ու կ’անդրադառնաս, որ ան յուսահատ ու ակամայ փորձ մը կը կատարէ ձերբազատելու, ի բաց վանելու զինք յարատեւ հալածող ու խեղդիչ յիշատակէն, որ միշտ ներկայ է անոր մէջ ու չ’ուզեր բաժնուիլ իրմէ:
Այնքան ազդուած կը պատմէր, որ դէմքին մկաններէն իւրաքանչիւրը կը մասնակցէր անոր հոգեկան պրկումներուն: Շատ դիւրին էր կռահել, թէ ան որքան խոր կը վերապրէր ամբողջ սոսկումը, որ այդ տարիները պատճառած էին նախ իրեն, նաեւ շրջապատին:
Ի լրումն այս բոլորին՝ ահա կը պատահի, որ օր մը, դռան առջեւէն պատահմամբ անցնող ծանօթ գործակալ մը, գլուխը ներս երկարէ՝ առանց մտնելու, եւ քիչ մը զարմացած, բայց եւ ամենայն լրբութեամբ հարցնէ. «Դու տակաւին էստե՞ղ ես…»:
–Ու այս մազերս այդ օրը սպիտակեցին:
Շունչս բռնած մտիկ կ’ընէի, երբ ծխելու սուր պահանջ մը զգացի:
Հանեցի ծխամորճս ու ծխախոտի քսակս եւ կը պատրաստուէի լեցնել:
Ձեռքը դէպի ինծի ուղղեց՝ մատները լայն բացած եւ.
–Կը խնդրեմ, որ չծխես,– շշնջաց շատ մեղմ, գրեթէ թախանձագին շեշտով մը:
Ու ես հրաժարեցայ ծխելէ:
Վարագ Առաքելեան (1910−2000)