ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 227
Մայիսը մեր ժողովուրդին համար խորհրդանշական ամիս է, համազգային մաքառումի, պայքարի ու փառահեղ յաղթանակներու ամիս: Աւարայր, Սարդարապատ, Հայրենական մեծ պատերազմ, Շուշի` մայիսեան երեք գոյամարտեր, որ յիրաւի բախտորոշ եղան մեր ժողովուրդին համար:
Աւելի քան հարիւր տարի առաջ Արարատեան դաշտավայրի սրտին մէջ` Երեւանէն ոչ հեռու, մեր ժողովուրդին` ցեղասպանութենէն մազապուրծ բեկորները կենաց-մահու գօտեմարտ մղեցին եղեռնագործ թշնամիին դէմ` յանուն հայրենի երկրի վերջին թիզ հողի ազատութեան, յանուն ազգի գոյատեւութեան:
Սարդարապատը մեր ժողովուրդին անպարտելի ոգիին, անկոտրում կամքին եւ անսպառ զօրութեան յաղթանակն էր: Կարեվէր, գրեթէ հոգեվարք ապրող ժողովուրդը օրհասական պահուն յաջողեցաւ համախմբել իր վերջին ուժերը եւ մէկ բռունցք դարձած՝ վճռական ճակատամարտին անկասելի հարուածով ջախջախեց դարաւոր թշնամիին բազմահազարանոց բանակը:
Սարդարապատը մեր ժողովուրդին միաբանութեան յաղթանակն էր, բանակի եւ հասարակութեան բոլոր խաւերու` զինուորի եւ աշխատաւորի, գիւղացիի, մտաւորականի ու հոգեւորականի համերաշխութեան յաղթանակը: Հերոսամարտի ընթացքին ճակատը եւ թիկունքը միաձոյլ ամբողջութիւն կազմած՝. հայ ժողովուրդը լիովին զօրավիգ էր իր բանակին:
Անգնահատելի է Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտին դերը հայոց պատմութեան մէջ:
Ցեղասպանութիւնէն ետք արևմտահայութեան ֆիզիքական բնաջնջման սպառնալիքը կախուած էր արեւելահայութեան և Անդրկովկասի մէջ ապաստանած արեւմտահայ գաղթականութեան վրայ։
Այդ օրհասական պահուն Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ ճնշման տակ՝ Անդրկովկասեան Սեյմը տարածաշրջանը յայտարարեց Ռուսաստանէն անջատ։ Անդրկովկասի անկախութեան փաստէն ոգեւորուած՝ թուրքերը յարձակումի անցան եւ գերակշիռ ուժերու շնորհիւ վերանուաճեցին Երզնկան, Կարինը, Սարիղամիշը, Կարսը, իսկ 15 մայիս 1918 թուականին գրաւեցին Ալեքսանտրապոլը: Ալեքսանտրապոլը գրաւելէ ետք, թրքական զօրաբանակ մը արշաւեց դէպի Ղարաքիլիսա, միւսը՝ Յաղուպ Շեւքի փաշայի գլխաւորութեամբ դէպի Սարդարապատ՝ Երևան ներխուժելու նպատակով:
Բախումները կ’ընթանային երեք ուղղութիւններով` Սարդարապատ, Բաշ – Ապարան, Ղարաքիլիսա: 22 Մայիսին սկսաւ Սարդարապատի ճակատամարտը: Հայրենիքի եւ Երեւանի պաշտպանութեան համար ոտքի ելաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Հասարակութեան բոլոր գործուն ուժերը, մտաւորականութիւնը, կուսակցութիւնները, հոգեւորականութիւնը` Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ, մասնակից դարձան համազգային պայքարին:
Սարդարապատի յաղթանակը փակեց թրքական զօրքին յառաջխաղացման ճանապարհը դէպի Երեւան, այնուհետեւ Պաքու՝ ի դերեւ հանելով թշնամիին երազանքը՝ ստեղծել Մեծ Թուրանիա պետութիւնը։
Սարդարապատի ճակատամարտը, թերևս, մեր ժողովուրդի՝ պատմութեան դժուարագոյն պահուն միասնական կամք դրսեւորելու լաւագոյն արտայայտություններէն մէկն էր:
Սարդարապատի խորհուրդը այսօր պէտք է վերաբերի մեր ներքին մարտահրաւէրներուն:
Հայ ժողովուրդը սոսկ յիշատակութեան համար չի նշեր Սարդարապատի հերոսամարտը: Սարդարապատը կ’ոեկոչենք խորհուրդներ քաղելու անոր հերոսներէն եւ վերահաստատելու անոնց կտակին յանձնառու մնալու ուխտը: Սարդարապատէն քաղուելիք առաջին դասը անկասկած միասնականութեան ոգին է: Անոր առաջին եւ ամենակարեւոր պատգամը անկասկած՝ այսօր, վաղը եւ առյաւէտ պիտի ըլլայ ամրապնդել եւ ուռճացնել մեր միասնականութիւնը: Դասեր քաղել եւ չկրկնել անցեալի սխալները: Միասնականութեան շնորհիւ է, որ մեր ժողովուրդը պիտի կերտէ հզօր հայրենիք ու պետականութիւն, հուժկու բանակ, հետապնդէ պահանջատիրական մեր պայքարը:
Սարդարապատի հերոսամարտին երկրորդ կարեւոր հրամայականը հողին կառչած մնալու յանձնառութիւնն է: Բիւրաւոր նահատակներու արեամբ կերտուած հայրենի ափ մը հողը կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդին վերջնական հանգրուանը, մեր հայրենիքը: Հզօր հայրենիքի ու պետականութեան առկայութեամբ պայմանաւորուած է հայապահպանութիւնը Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:
Այսօրուան դրութեամբ մտահոգիչ չափանիշերու հասած է հայրենիքէն արտագաղթը եւ ուղեղներու արտահոսքը: Սարդարապատի հերոսամարտը մեր ժողովուրդին կը թելադրէ յանձնառու մնալ իր ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն իր լեզուին, եկեղեցիին, մշակոյթին ու պատմութեան:
Սարդարապատի հերոսները ինկան որպէսզի հայը վերածնի ու նոր արմատներ արձակէ, կառչած մնայ իր հայրենիքին եւ ծաղկեցնէ ափ մը հայրենիքը: Սարդարապատի հերոսները ինկան, որպէսզի հայը մոռնայ իր երէկի բարոյական պարտութիւնները, հպարտանայ հայրենիքով եւ իր ազգային ինքնութեամբ:
Մեր ժողովուրդը իւրաքանչիւր օր նոր Սարդարապատներ կը մղէ, որովհետեւ շրջապատուած է երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներով, ծպտուած ու շպարուած Կայէններով:
Հայրենիքը նոր Սարդարապատներու դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր: Պարտինք ճիշդ գնահատել պահի լրջութիւնը եւ հաւաքական բռունցքով պահպանենք Սարդարապատի հերոսներէն ժառանգած հայրենիքը:
Մեր պատմութեան այս կարեւոր պահուն միասնական կամք պէտք է ցուցաբերենք՝ առաւել արդար, առաւել առողջ, առաւել հաւասար, տնտեսապէս հզօր եւ քաղաքականապէս կայուն երկիր կառուցելու:
Յարգանք Սարդարապատի հերոսներուն յիշատակին: