Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ- 271
Հայրիկ Մուրատեան ծնած է Վանի նահանգի Շատախ գաւառի Թաղ աւանին մէջ, 1905-ին: Մեծ հայրը` Մուրատ, ունէր վեց որդի` Մանուկ (Հայրիկ Մուրատեանի հայրը), Դաւիթ (Դաւօ), Օհան (Յոխան), Զաքօ, Գասպար, Սերոբ եւ մէկ դուստր` Ալմաստ:
Հայրիկ Մուրատեանի“Յուշեր” հատորը հրատարակուած է Երեւան, հրատարակչատան եւ տպարանի անունները չեն նշուած, 2005-ին, փոքր չափի 120 էջ:
“Յուշեր” հատորին մէջ հեղինակը կը պատմէ իր 34 հոգինոց ընտանիքին եւ ընդհանրապէս Թաղ աւանի ժողովուրդի նիստ ու կացին մասին: Թաղը կը գտնուի Տիգրիսի աջ ափին, Առնոս լերան հիւսիս-արեւելեան լանջերուն վրայ: Տիգրիսի ճիւղերէն Առնոս գետը կ’անցնի Թաղի մէջէն: Զուտ հայաբնակ այս աւանը ունէր 200 տուն 1000 բնակիչներով, որոնց հիմնական արհեստը ջուլհակութիւնն էր: Ջուլհակները վարչութիւն մը հիմնած էին, որ կը հսկէր արտադրութեան որակին վրայ` արտաքին շուկան գոհ պահելու համար:
Շատախցիները եղած են ըմբոստ, զինասէր, սակայն միեւնոյն ժամանակ բարի ու շինարար: Վանեցի ազգային-յեղափոխական գործիչ Արմենակ Եկարեան կը վկայէ, թէ Շատախը Վասպուրականի Զէյթունն է:
Այս հատորէն հետաքրքրական տեղեկութիւններ կ’իմանանք Միրանցիներու մասին, որոնք հայերէ սերած քոչուորներ էին: Միրանցիք ոչխարի հօտերը ձմեռը Միջագետք կը տանէին, իսկ ամառը Շատախի արօտավայրերուն մէջ կ’արածէին: Ամրան կեցութեան համար անոնք թրքական իշխանութեանց տուրք կը վճարէին: Անոնց ցեղապետը` Իսվէ Ռսպին իր տարեկան տուրքը Շատախի հայ ազգային գործիչ Յովսէփ Գարունեանի միջոցով կը վճարէր պետութեան: Շատախի գաւառին մէջ ամէն հայ ընտանիք Միրանցիներուն մէջ ազգական մը ունէր: Անոնք իրարու հետ նուէրներ կը փոխանակէին:
Հայրիկ Մուրատեան կը գրէ, թէ Շատախի 1915-ի ինքնապաշտպանական հերոսամարտը տեղի կ’ունենայ Արտոսի լեռնանցքի Փեսանդաշտի, Շարուրայ բերդի, Տիգրիսի ափին գտնուող Պոլս, Սոզուանց, Սպիտկին, Արմշատ գիւղերու եւ Թաղ աւանի առանցքին վրայ: Թուրքերը վեց հազար ասքեարներով կը յարձակին հայոց վրայ: Ռուսական Մոսին հրացաններով զինուած 526 հայ ազատամարտիկներ կը պաշտպանեն Շատախը:
Հեղինակը կ’ըսէ, թէ 10 Ապրիլ 1915-ին թրքական իշխանութիւնները Շատախ գաւառին մէջ վեց ականաւոր հայ պատասխանատուներ կը ձերբակալեն: Անոնցմէ մէկուն` Յովսէփ Զոլոյեանի քով կը գտնեն հայ մարտական խումբերու եւ զէնքերու ցուցակները: Թուրքերը հայոցմէ կը պահանջեն յանձնել զէնքերը: Իրենց կարգին հայերը ձերբակալուածներուն ազատ արձակումը կը պահանջեն: Այսպիսով լարուած մթնոլորտ մը կը ստեղծուի շրջանին մէջ:
Շատախի հայերը կը վճռեն մինչեւ մահ պաշտպանել իրենց բնակավայրերը: Բացառաբար, Տիգրիսի ձախ ափին գտնուող ութը հայկական գիւղեր կը պարպուին` անոնց աշխարհագրական աննպաստ դիրքին պատճառով: Յակոբ եւ Մանուկ Աղէկեան եղբայրները միայն 12 զինեալներով կը յաջողին այդ գիւղերուն բնակչութիւնը ապահով վայրեր հասցնել: Նահանջի ընթացքին Յակոբ Աղէկեան ծանրօրէն կը վիրաւորուի եւ քարայր մը կ’ապաստանի, ուր իր տեսողութիւնը կը կորսնցնէ: Թուրքերը կը յաջողին զայն սպաննել:
Շարունակելով իր պատումը հեղինակը կ’ըսէ, թէ 13 Ապրիլ 1915-ին հայկական ոյժերը կը յաջողին Շատախի եւ Վանի թրքական զինեալ ոյժերը իրարմէ բաժնել եւ դիրքային առաւելութիւն կ’ապահովեն: Հայ անզէն տղաք, կիներ եւ աղջիկներ կը մասնակցին ինքնապաշտպանական գոյամարտին: Հայ զինագործներ փամբուշտներ եւ նոյնիսկ թնդանօթ մը կը շինեն:
Կռիւները մէկ ու կէս ամիս կը տեւեն: Թուրքերը չեն կրնար Շատախի 20 հազար հայութիւնը ընկճել: Հայերը միայն 48 զոհ կու տան, իսկ թուրքերէն շուրջ երկու հազար կը սպաննուին: Զինամթերքի պակասին պատճառով, 15 հազար հայեր կ’ապաստանին Փեսանդաշտ, որուն հայութիւնը զանոնք կը կերակրէ ու կը հոգայ:
Հայրիկ Մուրատեան կ’ըսէ, թէ 1915-ի Յուլիսին ռուսերը Վան քաղաքէն կը նահանջեն: Արամ Մանուկեան հայոց նահանջի հրահանգը կու տայ: Շատախի հայերն ալ, իրենց կարգին, նահանջի ճամբան կը բռնեն ու կը միանան Վանի գաղթականներուն: Բնօրրանէն ելիցը կը կատարուի հայկական զինեալ ոյժերու պաշտպանութեան տակ:
Հայրիկ Մուրատեանի ընտանիքը գիշերով կարաւանին հետ ճամբայ կ’ելլէ: Օր մը ետք անոնք Վան կը հասնին: Ճամբան շարունակելով գաղթականները Բանդիմահու վտանգաւոր կիրճը կը հատեն: Վանի նահանջին առնչութեամբ ուշագրաւ է հեղինակին հետեւեալ նախադասութիւնը. “Փաստերը վկայում են, որ ռուսական բանակը Վանից “նահանջել” է առանց որեւէ պատճառի”:
Շատախի պատասխանատուները իրենց հետ կը տանին նաեւ Վանէն գաղթող ու կարաւանէն ետ մնացած հայերը: Բոլորը միասին Կոթուրի կիրճը անցնելով կը մտնեն Պարսկահայքի Սալմաստ գաւառը: Սալմաստի հայերը գաղթականներուն բացառիկ հիւրասիրութիւն եւ հոգածութիւն ցոյց կու տան: Գաղթականներուն օգնելու գործը կը գլխաւորէ Սալմաստի գաւառապետ Սողոմոն Մելքոնեանը, որ զանոնք Սալմաստի հայաբնակ գիւղերու տուներուն մէջ կը բաշխէ: Հայրիկ Մուրատեանի ընտանիքը Րաֆֆիի (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան) ծննդավայր Փայաջուկ գիւղէն անցնելով, կ’ապաստանի Մալհամ գիւղը: Շատ չանցած կը մահանան Հայրիկի հայրը` Մանուկը, ապա հօրեղբայրը` Օհանը: Ատեն մը ետք Մուրատ մեծ հայրն ալ հոգին կ’աւանդէ:
1916-ի գարնան երբ ռուսերը Վանը կը վերագրաւեն, հայութիւնը կը վերադառնայ Վանի նահանգ: Հեղինակը իր ընտանիքին հետ Սալմաստ գաւառի Մալհամ գիւղէն հեռանալով Վանէն երկու քիլոմեթր հեռու գտնուող Զերվանդանց գիւղը կը հաստատուի: Հայրիկ կը յաճախէ Վանի դպրոցներէն մէկը, ուր հայոց լեզու կը դասաւանդէր Բարունակ Կապուտիկեանը (բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի հայրը):
1916-ի ամառը Վան գտնուող ռուսական բանակը մօտաւորապէս երկու ամիս պարենամթերք չի ստանար: Վանի եւ շրջանի գիւղերուն հայերը իրենց ունեցածէն կը կերակրեն տեղւոյն ռուսական զօրքը: Հայրիկ Մուրատեան այս մասին կը գրէ. “Այս եղելութիւնը, ինչ խօսք, չարամտօրէն ստեղծել էին Ռուսական Կայսրութեան ծպտեալ թշնամիները, որպէսզի բորբոքեն ռուս զինուորականութեանը սեփական պետութեան եւ, ինչ խօսք, նաեւ հայ բնակչութեան դէմ: Հայերը, ընդհակառակը, ռուս զինուորներին նայում էին որպէս փրկարարների եւ չէին կարող անտարբեր մնալ նրանց նկատմամբ: Ահա թէ ինչու հայերն սկսում էին իրենց յարկերի տակ ընդունել ռուս զինուորներին եւ նրանց հետ կիսել իրենց հացն ու աղքատիկ կերակուրները”:
1917-ի Փետրուարին (այսպէս է բնագիրին մէջ, պէտք է ըլլայ 1917-ի ձմրան` հոկտեմբերեան համայնավարական յեղաշրջումէն ետք – Յ.Ի.) ռուս զինուորը դէպի տուն կը շտապէր, կը նահանջէր… Ռուս զինուորներն ու սպաները իրենց գրաւած տարածքներուն մէջ մնացող հայոց զէնքի, զինամթերքի եւ պարէնի ահագին պաշարներ կը թողուն: 6 Յունուար 1918-ին Վանի հայութեան անկախ ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կը ստեղծուի ազգային գործիչ Կոստի Համբարձումեանի ղեկավարութեամբ:
7 Մարտ 1918-ին կովկասահայ 5-րդ գունդի զինուորներէն 400 հոգի գնդապետ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ եւ “Կորչի պատերազմը” նշանաբանով կը լքեն իրենց դիրքերը ու կը նահանջեն: Հակառակ ատոր, հայրենասէր սպաներ, ինչպէս Համբարձում Մելքումեան, Տիգրան Ժամհարեան եւ Միշա Գասպարեան, հարիւր զինուորներով կը մնան Վանի պաշտպանութեան ճակատին վրայ:
Հայրիկ Մուրատեան կ’ըսէ, թէ Վանի մէջ զօրակոչ կը յայտարարուի եւ 20-35 տարեկան երիտասարդները զինեալ ոյժերուն կը միանան: Հայերը սկիզբը կը յաջողին թրքական յարձակումները ետ մղել: Սակայն թուրքերը Կարինը, Տարօնն ու Սասունը գրաւելէ յետոյ իրենց ուշադրութիւնը Վանի վրայ կը դարձնեն: 22 Մարտ 1918-ին կոմիսար Գրիգոր Պուլկարացին (մականունը` Կէօզէեան, ծանօթ Պուլկարացի Գրիգոր անունով – Յ.Ի.) նահանջի հրաման կու տայ: Անոր կը հետեւին կոմիսարներ Հմայեակ Մանուկեանն ու Զաւէն Կորկոտեանը:
Տեսնելով նահանջի ընդհանուր մթնոլորտը, Շատախի եւ Վանի հայութիւնը դարձեալ կը բռնէ գաղթի ճամբան: Հեղինակը այս երկրորդ նահանջին մանրամասնութիւնները չի տար, միայն կը բաւականանայ յիշելով, թէ իր ընտանիքին անդամները կը հասնին Միջագետք, ուրկէ 1922-ի սկիզբը կը հայրենադարձուին:
Որպէս գիրքին վերջաբան, գրող Յովհաննէս Մելքոնեան “Հայրիկ Մուրատեան. Դարի Վկան” խորագիրին տակ գեղարուեստականօրէն կը նկարագրէ “նուիրեալ ազգային գործիչ, բանագէտ-պատմաբան, բանաստեղծ ազգագրագէտ, երգիչ Հայրիկ Մանուկի Մուրատեան”ի կեանքը: