ԾԽ. Հինգշաբթի, 27 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Հայունիի «Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը` գերպծ. դոկտ. հ. Սահակ եպս. Կոգեան» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւնը:
«Ազդակ» պաշտօնաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ներկայացուց գիրքին երկրորդ բաժինը:
Ստորեւ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Շահան Գանտահարեանի ելոյթը:
Վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայացած պատահական մէկ հանդիպումին Հայր Մեսրոպ Հայունիէն շնորհակալութեամբ ստացայ Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը՝ գերպծ.դոկտ.Հ. Սահակ Եպս. Կոգեանն (1895-1963) հատորը։
Գերապայծառ Կոգեանի մասին իմ ունեցած տեղեկութիւններս շատ ընդհանուր էին. արագօրէն յիշեցի ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանին՝ Գերապայծառին մասին տուած շատ խօսուն վկայութիւնը ընկերական զրոյցի մը ընթացքին ։ Ապրիլեան ոգեկոչման օրերուն ամբողջ սերունդ մը, Անթիլիասի մէջ ներկայ ըլլալէ ետք հոգեհանգստեան արարողութեան կը փութար մեկնիլ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակը, ունկնդրելու, աւելի ճիշդը ըմբոշխնելու համար Սահակ եպիսկոպոսին հռետորութիւնը՝ ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչական ձեռնակներուն։
Հատորին բովանդակութեան ծանօթանալէ ետք անկեղծ ըսելու համար ունեցայ որոշ մեղաւորութեան զգացում մը։ Մամուլի հետ առնչուած ըլլալով անհրաժեշտ տեղեկացուածութիւնը չէի ունեցած նման եկեղեցականի Աստուածագիտական մասնագիտութեան բարձր աստիճանին, ազգային նկարագրի խորութեան, հայերէն լեզուի եւ ոճի ամենաորակեալ տիրապետումին։ Մտովին նաեւ սկսայ պատկերացնել հռետորական ճարտասանութեան գերազանց հմտութիւն մը, որ կը յաջողէր մագնիսացնել ներկաները։
Այս հաստատումներուն կը համոզուին ոչ միայն զինք ճանչցածները այլ այս հատորին բովանդակութեան ծանօթացողները։
Ինծի վերապահուած է գիրքին երկրորդ բաժինը՝ հիմնականին մէջ ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչական առիթներու իր կատարած ճառային արուեստի նմուշներու ներկայացումը։ Արուեստ բառը պէտք չէ վարանիլ այստեղ օգտագործելէ.ընթերցողները անպայման պիտի ընդգծեն Կոգեան եպիսկոպոսին հռետորական արուեստը՝ ինքնուրոյն, տպաւորիչ, խորհրդածութիւն պարտադրող։
Հռետորութիւնը սակայն միայն ոճ կամ ձայնային առաւելութիւն չէ. անիկա ամբողջական հասկացողութիւն է ՝ բեմական ներկայութեան, առինքնութեան, հեղինակութեան, տպաւորելու, ունկնդիրին տեղւոյն վրայ մտովի կամ նոյնիսկ գլխու թեթեւ շարժումով անվերապահ համաձայնութիւնը ստանալու։ Տակաւին. այս բոլորին վրայ պիտի աւելնան Աստուածաբանական գիտութիւնը, հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններէ տեղին յիշատակում կատարելու իւրայատկութիւնը, միջազգայինէն դէպի ազգային հեզասահ անցումներ կատարելու ճկունութիւնը եւ խօսքը՝ հիմնաւորելու գիտական մեթոտի կիրարկումը։
Այս բոլորը նկատելի են գերապայծառի խմբագրուած խօսքերուն մէջ։ Այս բոլորը կը հարստանան մանաւանդ աննկարագրելիօրէն հզօր լեզուով եւ լեզուամտածողութեամբ։ Գրաբարի ազդեցութիւնը, գրական հայերէնով շաղախուած բացառիկ շարահիւսութիւնը եւ յղացքը ճիշդ բնութագրող բառագիտութեան ցուցահանդէս մը կը ներթափանցեն ընթերցողի հոգեկան աշխարհը, եւ երկար , շատ երկար մտածելու առիթ կը հանդիսանան մեզի։
Այս բաժինով ամփոփուած խօսքերու ընթերցումի ընթացքին անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի վերադառնալ գիրքի նախաբանային գրութիւններուն, տեսնելու համար թէ կեանքի ո՞ր հանգրուանին կրնայ իւրացուցած ըլլալ գերապայծառը լեզուի, Աստուածաբանութեան թէ հայրենասիրութեան իւրովի յատկանիշները, որոնք պայծառօրէն կը ցոլան բնագիրներուն վրայ։ Ջաւախքէն Վիեննա, Հռոմ,Ախալցխա, Պոթըն, Պէյրութ եւ տակաւին աշխարհագրական այլ միջավայրեր ոչ միայն ընդլայնած են փլիսոփայական հորիզոնները այլ նաեւ աղիւսած հայագիտական Աստուածաբանութեան ամբողջ ոգեղէն շէնք մը, որ յարկ առ յարկ կը բացուի մեր առջեւ իբրեւ Քրիսոտնէական ու մարդկային իբրեւ Քրիստոնէական ու ազգային արժէքային համակարգի մը ընդհանուր պատկերին բաղադրամասերը։
Այս բաժինին ամողջ կրօնական փլիսոփայութիւնը հիմնուած է Քրիսոտնէականն ու ազգայինը միախառնելու մօտեցումին վրայ։ Հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը իբրեւ Աստուածահաճոյ եւ Քրիսոտնէական սկզբունք դաւանող գերապայծառ Կոգեան, յաջողած է սուրբ գրային օրինակները զուգակցել մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութենէն առնուած իրադարձութիւններուն։ Տիեզերական եւ արարչագործական տեսութիւններէ հասած է Քրիստոնէական սկզբունքներու, հաւատքի հետ առնչուած խոր վերլուծումներու ,հասնելու համար մեր ազգային իրականութեան հետ կապուած երեւոյթներու։
Այս զուգահեռները շատ յաճախ այժմէական նշանակութիւն ունին։ 1917_ին մարտիրոսացումի , գիտակից մահուան խորունկ վերլուծումը, Աստուածաբանական եւ ազգային հասկացողութիւններու սահմանումները կատարելէ շուրջ հարիւր տարի ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին՝ Հայաստանեայց եկեղեցին Քրիսոտնեայ մարտիրոսներ իբրեւ՝ պիտի սրբադասէր Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ նահատակները։ Այդ սրբադասումի կրօնական եւ ազգային հիմնաւորումները կարելի է բանաձեւուած տեսնել 1917-ին Հ. Սահակ եպիսկոպոսի Մարտիրոսք գրութեան մէջ։
Նոյն գրութեան մէջ հաւատքէ չհրաժարելու, հաւատքին կառչած մնալու համար նահատակուողներու երեւոյթի վերլուծումը այժմէական կարգով կը յիշեցնէ դարձեալ հարիւրամեակի առիթով Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսքոս Պապի կողմէ փոխանցուած ուղերձի կարեւորագոյն բաժիններէն՝ համեմատութիւնը քսաներորդ դարու ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարուն տեղի ունեցող ամբողջ տարածաշրջանի մը ապաքրիստոնէացման քաղաքականութեան որ կը յատկանշուի ցեղային զտումներով։ Եթէ 20-րդ դարուն ցեղասպանը ուղղակի կ՛իրականցնէր այդ քաղաքականութիւնը ապա 21-րդ դարուն միջնորդաւարուած, անուղղակի։ Առաջինի պարագային ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումն էր եւ հայրենիքի մը բռնագրաւումը, երկրորդի պարագային ամբողջ տարածաշրջանի մը ազգաբնակչութիւններու ջարդն ու տեղահանութիւնը։
Եւ երբ յաջորդ գրութեան մէջ կ՛արձանագրէ, որ 1915-ին, Բենեդիկտոսա ԺԵ սրբազան պապը առաջին եւ անվեհեր բողոքողը եղած է ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ, յայնտելով ամբողջ աշխարհին հայ ժողովուրդին անտեղիտալի հաւատարմութիւնը, ըստ էութեան կ՛ընդգծէր նաեւ անկէ հարիւր տարի ետք եւս այս անգամ Ֆրաչիսքոս Պապին կողմէ հնչած Վատիկանի վարքագիծին հետեւողականութիւնը Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու առումով։
Կոգեան եպիսկոպոսի խոր համոզումով, նման արարքները ուղղուած էին հայ ժողովուրդի ճամբով խորքին մէջ Աստուծոյ դէմ։Որովհետեւ իր բառերով՝
Վրէժը եթէ Աստուած իրեն վերապահած է ամենաչնչին պարագային, որքան առաւել իրեն վերապահած է վրէժը ոճիրի մը, որ ազգին վրայէն իրեն ուղղուած է։
Ահաւասիկ այժմէական նշանակութիւն ունեցող այլ ուղղութիւն մը.
Հաւանաբար այդ խորհրդածութիւններու գրառման օրերուն էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջատիրական պայքարը բանաձեւեց որ Ցեղասպանութիւնը ուղղուած էր համայն մարդկութեան դէմ .այս միտքին վրայ էր որ մի քանի տարի առաջ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչներու աշխատանքով դեկտեմբեր 9-ը որոշուեցաւ հռչակել համայն մարդկութիւնը հարուածած բոլոր ցեղասպանութիւնները մերժողղ օր. Հաւանաբար նոյն միտքն էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ նկատեց կանխարգիլելու համար մարդկութեան սպառնացող գալիք ցեղասպանութիւնները։
1941-ին Կոգեան եպիսկոպոս ի՛նք այժմէական նշանակութիւն կու տայ ցեղասպանութեան հետեւանքնային իրավիճակը վերլուծելով։Հիմա պիտի նկատենք որ որքան այժմէական նշանակութիւն ունեցող տագնապի մասին է խօսքը.իր բառերն են՝ Հեռանալ հայութենէ կը նշանակէ դաշնակցիլ թշնամիին. Բայց ափսոս, դուք կը սիրէք թշնամիին սուրը , օտար դաստիարակութիւն տալով ձեր զաւակներուն օտար վարժարաններու մէջ, ուր անոնք կ՛օտարանան ձեզի, կ՛օտարանան իրենք իրենց, կը մոռնան տոհմայինը, մոռնալու համար նոյնիսկ անմոռանալին՝ անմահ նահատակները Կրօնի ու հայրենիքի՝ ամենամեծ հաճոյքը պատճառելով թշնամիին որ չի մոռնար։Ով կրնայ չափել ահաւորութիւնը այս ջարդին։
Դժուար պիտի ըլլար այսօր նկատել որեւէ խմբագրական, որեւէ արտասանուած խօսք որ այսքան սուր, այսքան դիպուկ եւ այսքան խոր ձեւով կարենար քննարկել ցեղասպանութեան հետեւանքներէն հայութեան մնացորդացի իրերայաջորդ սերունդներու օտարացման ճամբուն վտանգաւորութիւնը։ Ճիշդ է. հայրենազրկումը ամէնէն անմիջական եւ ամէնէն հզօր հետեւանքն էր կատարուածին, սակայն երկարատեւ հետեւանքը կը մթագնէ վերապրածներու իրերայաջորդ սերունդներու ազգային ինքնութիւնը։ Ահա այս ահազանգն է, որ կը հնչեցնէ եւ ամէնէն սուր քննադատութեան կ՛արժանացնէ Կոգեան գերապայծառը 1941-ին, երբ տակաւին մթագնումի պատկերին մէջ այսօրուան չափ չէին խտացած գոյները։
Հայ կղերականը, հասարակական, կրրթական մշակութային գործիչը կամ խմբագիրը ոչ միայն կրնան ներշնչուիլ նման վերլուծումէ մը, այլ կրնան ուղղակի մէջբերել նաեւ այդ բաժինները իրենց պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ։ Կոգեան եպիսկոպոսը երբ կը խօսի ցեղասպանութեան ահաւորութեան անչափելիութեան մասին, խորքին մէջ կ՛ակնարկէ այս երեւոյթին։ Կրնաս չափել կորսնցուցած հայրենիքիդ տարածութիւնը, կրնաս չափել զոհերուն թիւը, գնահատումներ տալ արեան գինի նոյնիսկ, բազմապատկումներ կատարելով կրնաս օրուան կորսնցուցած կալուածներու, եկեղեցիներու, գոյքերու, վանքերու մօտաւոր հանրագումարներ պատրաստել։ Բայց ո՞վ կրնայ միաւորի սահմաններուն մէջ գնահատական տալ իրերայաջրոդ այն սերունդներուն ,որոնք օտարութեան մէջ հեռացան իրենց հաւատքէն, եկեղեցիէն, լեզուէն եւ ինքնութենէն, պատճառ դառնալով որ անչափելի թիւերով հայութեան չվերադառնան նաեւ իրենց յաջորդները։
Ըստ էութեան այս մէկն ալ խորհրդածելի նիւթ է եւ այժմէական նշանակութիւն ունի։ Այսօր, թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով կ՛որոշուէր ճանաչումէն անդին, հատուցման թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներուն անցնիլ։ Այդ ուղղութեամբ կ՛առնուէին իրաւագիտական մասնագիտական քայլեր։ Հ. Սահակ եպիսկոպոսը իր այս գրութեամբ կը յիշեցնէ որ կայ անչափելի, անգնահատելի բաժին հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մէջ։ Այդ անչափելիին համար ցեղասպան պետութեան ժառանգորդը անչափելիօրէն հատուցելիք ունի հայ ժողովուրդին։ Եւ այս առումով օգտակար են անոր կատարած ընդգծումները հատուցման թղթածրարի կազմութեան համար աշխատող մասնագիտական մարդուժին համար։
Պատմագիտական հարթութեան վրայ այսօր կը հանդիպինք որոշ բանավէճի.ոմանք ցեղասպանութիւն հասկացողութեան ժամանակահատուածը կը վերագրեն 1915_ին, երբ կը շեշտեն, որ ա. Համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքի մթնոլորտէն օգտուելով է, որ օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուները ծրագրեցին եւ իրականացուցին բնաջնջումի քաղաքականութիւնը, մինչ նախապէս եղած համիտեան ջարդերը հակազդեցութիւն էին եւ պատժիչ գործողութիւններ։Այս տեսութիւնը պաշտպանողները կ՛ուզեն կեդրոնանալ ցեղասպանութիւն յղացքին վրայ նկատի ունենալով միայն 1915-ը իբրեւ ծրագրուած,մինչ միւսը իբրեւ հակազդեցութիւն դուրս կը ձգէին ցեղասպանութիւն սահմանումէն։
Այս բանավէճէն տարիներ առաջ 1943-ին Կոգեան եպիսկոպոսը ժամանակագրական սահմանումը ճշդած էր արդէն ցեղասպանութեան
Անոր բառերով համասփիւռ ջարդն ու համաւեր եղեռնը ունէին երեք հանգրուան
1895 համիտեան ջարդեր
1909 համիտեան եւ իթիհատական ուժերու միացեալ զօրքերով ջարդեր Ատանայի եւ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ մէջ
1915 մեծ եղեռն
Ժամանակագրական այս սահմանումը ունի անշուշտ պատմաքաղաքական հիմնաւորում. Խնդիրը քաղաքական ծրագրուած նպատակ է, ամբողջ տարածշրջան մը թրքացնելու եւ այդ ծրագիրի իրականացման համար տարբեր իրերայաջորդ թրքական վարչակարգերու կողմէ ցեղային զտումներ կատարելու։
Յարգելի ներկաներ
Մենք գործ ունինք 19- դարուն աշխարհ եկած եւ 20-րդ դարուն այս աշխարհէն մեկնած մեծ մտաւորականի, Աստուածաբանական վերլուծողի, հայագիտութեան մէջ իր ուրոյւն տեղը գրաւած բայց մանաւանդ Քրիստոնէականն ու ազգայինը իրար հետ գիտական հռետորութեամբ շաղախած մեծ հոգեւորականի մը հետ։
Այս հատորը ուղեցոյց է հայ ազգային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ գործողներուն, անոնք ըլլան հոգեւորականներ, հասարակական, կրթական գործիչներ, խմբագիրներ թէ պարզապէս հայ ժողովուրդի յաւերժութեան գնացքին մէջ տեղ գրաւած ճամբորդներ։
Հ. Սահակ եպիս.Կոգեան յաւիտենականութենէն պիտի շարունակէ զգաստացնել, ուղղորդել եւ Քրիստոնէական ու ազգային ճամբաներէն ընթանալու յորդորներ տալ բոլորիս՝ մեր հաւաքական ուղեւորութեան ընթացքին։ Իսկ այս հատորը բոլոր առումներով դէպի Քրիստոնէական եւ հայկական արժէքներ առաջնորդող ճիշդ կոմնացոյցն է հայ ուղեւորին համար։
Յարգա՛նք Կոգեան եպիսկոպոսի վաստակին ու յիշատակին։ Վարձքը կատա՛ր այս կողմնացոյցը մեզի տրամադրած Հայր Մեսրոպին։
Շնորհակալութիւն։