ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 25 Օգոստոսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեան յայտնած է, որ «Հայֆիլմ» շարժապատկերի սթիւտիոն շուտով պիտի վերադարձուի պետութեան:
Անոր համաձայն՝ այդ հարցը շուտով պիտի հաստատուի կառավարութեան յառաջիկայ նիստերէն մէկուն ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ 2005ին «Հայֆիլմը» վաճառուած էր ընդամէնը 350 միլիոն դրամով (ներկայի փոխարժէքով մօտաւորապէս 725 հազար տոլար): Այժմ անիկա կ՛արժէ աւելի քան 3 միլիառ դրամ:
«Ի հարկէ ներդրողները բաւականին աշխատանք են արել, անհրաժեշտ սարքաւորումներ են գնել եւ բաւականաչափ կինոժապաւէն են թուայնացրել: Կինոստուդիայի յետագայ ճակատագիրը կը տնօրինի կառավարութիւնը յանձինս մշակոյթի նախարարութեան», աւելցուցած է Սահակեան:
Համօ Բեկնազարեանի անուան «Հայֆիլմ» սթիւտիոն հիմնադրուած է 1923ին: Առաջին ժապաւէնը նկարահանուած է 1925ին (Շիրվանզադէի «Նամուս» պատմուածքի հիման վրայ):