Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքային եւ Լիբանանի արուեստագէտներու միութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի երաժշտագէտներու սենտիքային, Լիբանանի արուեստի տօնին առիթով 25 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարներու եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացում` մասնակցութեամբ 308 մասնագէտ եւ սկսնակ արուեստագէտներու, որոնց շարքին` Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի անդամներ Մարալ Մանիս եւ Նորայր Պուտաքեան, նաեւ արուեստագէտներ Միրէյ Կոկիկեան, Կիւլէն Տէր Պօղոսեան, Շահէ Տէր Պօղոսեան, Նիկոլ Պուլտուքեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Լենա Այտընեան, Վերոնիք Այվազեան-Քոպթի, Ժագլին Օհանեան, Լիտիա Շարլաճեան, Տորին Խանամիրեան: Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր մասնակցութիւնը բերած էր մէկ արուեստի գործով:
1997-ին Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ 25 փետրուարը հռչակուեցաւ Լիբանանի արուեստի տօն, որ տարիներ շարունակ կը նշուէր դասախօսութիւններ կազմակերպելով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով նախաձեռնուած է նման հաւաքական ցուցահանդէսի մը:
Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի ատենապետ տոքթ. Նիզար Տահեր, որմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի արուեստագէտներու միութեան ատենապետ Միշէլ Ռուհանա:
Ցուցահանդէսին ընթացքին մշակոյթի նախարարութիւնը յետ մահու պատուեց հետեւեալ ութ արուեստագէտները` Յարութիւն Թորոսեան, Սամիր Ապի Ռաշէտ, Ուաժիհ Նահլէ, Ապտըլ Համիտ Պաալպաքի, Մոհամետ Ղալէպ, Իմատ Ապու Աժրամ, Մոհամետ Քատուրա եւ Իլիաս Տիպ: Յուշանուէրներ յանձնուեցան անոնց ընտանիքի անդամներուն, ներկայացուեցան անոնց արուեստի գործերը: Յայտնենք, որ պարգեւատրեալ իւրաքանչիւր արուեստագէտէ հինգ գործեր ցուցադրուած էին սրահին մէջ:
Նախքան ցուցահանդէսը, Լիբանանի Ազգային թանգարանի կից տեղի ունեցաւ Լիբանանի առաջին պետական արուեստի թանգարանի հիմնարկէքը` մասնակցութեամբ Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի եւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ընթացքին Լիբանանի երաժշտագէտներու սենտիքան երաժշտական գործերով ճոխացուց մթնոլորտը:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ հինգշաբթի, 3 մարտ` կէսօրուան ժամը 12:00-3:00: